Վարդան Սէրայտարեանի Քաղցր Յիշատակին

0 0
Read Time:1 Minute, 24 Second


Բժիշկ Օհան Թապաքեան

Յուլիս 2022 – Մոնրէալ

Մօտ երեք ամիս առաջ, կեանքին հրաժեշտ տուած է ազնուական հարիւրամեայ Վարդան Սերայտարեանը, որուն բաւական մօտէն ծանօթանալու բախտը ունեցած եմ Հալէպի մէջ։ Վարդան Սէրայտարեան ուսուցչական կողքին, Նոր Գիւղ թաղամասին մէջ գտնուող Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ դպրապետութեան պաշտօնը ստանձնած էր։
1940-ական թուականներու երկրորդ կիսուն ընթացքին. Հալէպի երեք ազգային վարժարաններու երկսեռ աշակերտութիւնը, ամէն տարի, Մայիս ամսուայ ընթացքին կը հաւաքուէր Հայկազեան վարժարանի տղոց բաժնին ընդարձակ բակին մէջ, ներկայացնելու գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը՝ երգ, նուագ եւ արտասանութիւն։ Աւարտին, սովորութիւն դարձած էր, ուսուցչական կազմին խնդրանքով բեմ հրաւիրել Վարդան Սէրայտարեանը, իր մարզուած թովիչ ձայնով երգելու, իրեն մասնագիտութիւն դարձուցած բոլորին ծանօթ՝ Կոմիտասի յօրինած “Տըլէ Եաման”-ը։
Հարկ է նշել որ “Տըլէ Եաման”-ը նախապէս նախապէս ճանչցուած էր որպէս սիրային ու կարօտի երգ. սակայն ցեղասպանութենէն եւ մեր պապենական հողերուն կորուստէն ետք, հիմնովին փոխելով իր կոչումը, իւրաքանչիւր հայու համար ան դարձաւ  խորհրդանիշը եղեռնին ու մեր պապենական հողերուն բռնագրաւման։
Ու այժմ իմ տարիներու համրիչը ետ դարձնելով, անոր հատիկներուն տժգոյն շարքերուն միջեւ, զմրուխտի հատիկներու նման կը փայփլին աշակերտական այդ հաւաքոյթները ու զանոնք պսակող “Տըլէ Եաման”-ները։
Շատեր, նոյնիսկ համբաւի տիրացած երգիչներ եւ երգչուհիներ յաջող կերպով երգած են “Տըլէ Եաման”-ը, սակայն տարբեր էր Վարդան Սէրայտարեան մեկնաբանած “Տըլէ Եաման”-ը, որովհետեւ իրեն համար երգը միջոց մըն էր պարպելու իր ներաշխարհի խորունկ ապրումները, յուզումներն ու խռովքները ու զանոնք փոխանցելու ունկնդիրներուն։ Իրեն համար երգը զգացումներու համար խուրձ մըն էր, որ կարողութիւնը ունէր թունդ հանելու ներկաներու հոգին։ Ան կ՛երգէր վերացած, խոր ապրումով բեմը շփոթելով կապուտակ ջրերով Վանայ լճին լճակին հետ…։ Ու այժմ ան հրաժեշտ տուած կեանքին կը պատկանի յաւիտենականութեան, “Տըլէ Եաման”-ին սիրոյ ու կարօտի արցունքներով լի պարունակութիւնը, յուզումներն ու խռովքները կը յանձնէ գալիք սերունդներուն, իբրեւ պատգամ, որպէսզի իրենց սրտերուն խորը պահեն զայն իբրեւ մշտավառ ակութ։

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
100 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles