Վարդան Առաքելեան Ելոյթ պիտի Ունենայ Ռէտինկի Նուագախումբին Հետ
Շաբաթ, Մարտ 21-ին, Ռէտինկի (Մասաչուսէց) Memorial High School-ի (62 Oakland Road, Reading, MA 01867) սրահին մէջ, երեկոյեան ժամը 8-ին, տեղւոյն համանուագային խումբին (Reading Symphony Orchestra) հետ ելոյթ պիտի ունենայ երիտասարդ դաշնակահար Վարդան Առաքելեան, որ պիտի նուագէ Սերժ Փրոքոֆիեւի դաշնակի առաջին քոնչերթոն։
Յայտագիրը, որ նաեւ կ՛ընդգրկէ ամերիկացի յօրինող Փօլ Քրեսթընի երկրորդ համանուագը (Symphony No. 2, Op. 35), պիտի սկսի սպանացի Մանուէլ Տը Ֆայայի հանրածանօթ «Ծիսական կրակի պարը» (Danza ritual del fuego) գործով։
Փայլուն աշակերտ՝ Առաքելեան դաշնամուրի ուսումը սկսած է չորս տարեկանին՝ Լիլիթ Կարապետեան-Շուղարեանի ղեկավարութեամբ, եւ մասնակցած է յաւելեալ մասնագիտական դասերու։ Ան նաեւ ուսանած է հանրահռչակ Քրիսթոֆըր Հինթըրհուպըրի մօտ միջազգային ամառնային «Մոցարթիում» երաժշտանոցին մէջ եւ Աւետիս Գույումճեանի հետ ալ յատուկ դասընթացքի հետեւած է Վիլքրոզի (Ֆրանսա) երաժշտանոցին մէջ։
Երիտասարդական YoungArts National Arts Competition-ին մասնակցելով, ան արժանացած է մրցանակի։ Առաքելեան համագործակցած է Music for Food կազմակերպութեան հետ՝ կազմակերպելով ուսանողական համերգներ՝ սովի դէմ պայքարելու։ Անցեալ տարի, ան հրաւիրուած էր ելոյթ ունենալու Արեւելեան Ա․Մ․Ն․ Առաջնորդարանի կազմակերպած տարեկան «Միւզիքըլ Արմինիա» նուագահանդէսին։
Իր խօսքերով՝ դաշնակը իրեն կը թոյլատրէ արտայայտել զգացումներ, որոնք բառերէն անդին են։ Ան կը շեշտէ, թէ երաժշտութեան մէջ մէկ ճիշդ մեկնաբանութիւն գոյութիւն չունի, եւ նոյն մեղեդիները տարբեր իմաստ կրնան ունենալ տարբեր երաժիշտներու եւ ունկնդիրներու համար։
Տոմսերը ապահովելու համար․- https://www.readingsymphonyorchestra.org/tickets/concert-experience-2-march-18-2018-c-2hfsw-m4n7a-zs4z8-2f7ht-5bsc4

