
ՎԱՏԻԿԱՆ.- “Վաթիքըն Ինսայտըր“, Օգոստոս 15-ի իր թիւին մէջ հաղորդած է, որ սահմռկեցուցիչ վկայութիւններ պիտի հրատարակուին գիրքի մը մէջ: Այս լուրը հրապարակուած է “Լիւքս Արքանա“ ցուցահանդէսի ներկայացման ընթացքին. վերջինս աշխարհի ամէնէն հին արխիւներէն մէկուն գանձերը պիտի ցուցադրէ:
Օրաթերթը կը նշէ, որ Վատիկանի գաղտնի արխիւներուն մէջ պահուած են փաստաթուղթեր, որոնք կը պատմեն Համաշխարհային Ա. պատերազմի ընթացքին Օսմանեան կայսրութեան կողմէ հայերուն դէմ գործուած “աննախադէպ եւ ցնցիչ ցեղասպանութեան“ մասին: Փաստաթուղթերը մօտ օրէն պիտի հրապարակուին Վատիկանի արխիւներու բաժանմունքին կողմէ խմբագրուած գիրքի մը մէջ: Յառաջիկայ Փետրուարին նախատեսուած “Լիւքս Արքանա“ ցուցահանդէսին ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով հանրութեան պիտի ներկայացուին աշխարհի ամէնէն հին եւ համապարփակ արխիւներէն մէկուն գանձերը:
Գաղտնի արխիւներու պատասխանատու Սերճիօ եպս. Փականօ յայտնեց, որ վկայութիւնները “մանրամասն“ կերպով կը ներկայացնեն “հայերուն դէմ թուրքերուն օգտագործած չարչարանքները“: Ան իբրեւ օրինակ նշեց, որ օսմանցի զինուորները գրաւ կը դնէին “յղի կիներու արգանդին մէջ եղած մանուկներուն սեռին վրայ` նախքան արգանդը բանալն ու նոյն դանակով մանուկները սպաննելը“:
Ան կը նշէ, որ այդ դրուագները “զիս մարդ ըլլալուս համար ամօթով կը ձգեն, եւ եթէ հաւատքը չըլլար, միայն խաւար պիտի տեսնէի“:
Օրաթերթը կը գրէ, որ այդ փաստաթուղթերուն հրապարակումը Վատիկանի եւ Թուրքիոյ միջեւ լարուածութիւնը պիտի վերահրահրէ, մանաւանդ որ Յունիս 3, 2013-ին Անատոլուի առաքելական առաջնորդ Լուիճի եպս. Փատովեզի սպանութեան յիշողութիւնը տակաւին թարմ է: