ՎԱՏԻԿԱՆ – ԹՈՒՐՔԻԱ՝ «ՓՐՈԹՈՔՈԼԱՅԻՆ» ՁԻՒՆՀԱԼ

0 0
Read Time:2 Minute, 1 Second

khemp new

ՀԱՅՐԵՆԻՔ
Խմբագրական
Փետրուար 9, 2016

Դեսպան մը ետ կանչելն ու քայլ մը աւելի անդին երթալով դեսպանատուն փակելն ու յարաբերութիւններ խզելը, ազդեցիկ միջոցներ են քաղաքականութեան մէջ, որեւէ երկրի պարագային դժգոհութիւն, մտահոգութիւն եւ զայրոյթ արտայայտելու:
Թրքական արտաքին գործոց նախարարութիւնը, բազմիցս դիմած է դեսպաններ ետ կանչելու միջոցին, յաւելեալ ճնշում բանեցնելու համար իր դէմ յանդիման գտնուող պետութեանց դէմ: Ընդհանրապէս, քրտական հարցին եւ յատկապէս Հայոց Ցեղասպանութեան առնչութեամբ է, որ տասնեակ տարիներէ ի վեր Անգարա ետ կը կանչէ իր դեսպանները, կարճ ժամանակաշրջանի համար:
Յիշատակելի եւ իւրայատուկ էր Վատիկանի մօտ, Թուրքիոյ դեսպան Մեհմետ Փաչաճիի հրաժեշտը… Ապրիլ 12, 2015-ին:
Անակնկալ չէր որոշումը, մանաւա՛նդ երբ այդ օր, բիւրաւոր ներկաներու եւ հեռատեսիլէն հետեւողներու ներկայութեամբ, Փրանկիսկոս Պապը առանց որեւէ երկմտանքի եւ ամենայն յանդգնութեամբ յայտնած էր թէ Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակը յիշելը պարտաւորութիւն է եւ աւելին այդ յանցանքը ծածկելը, կը նշանակէ ձգել, որ վէրքը արիւնահոսի:
Այդ օրուան բաւական մը հայախօս եւ հայախոծ, սակայն յատկապէս հայածէս Վատիկանը բաւարար էր որ, Անգարա մոռնայ տարի մը առաջ, Պապին` Թուրքիա կատարած բարեկամական այցելութիւնն ու անոր բաւական մը գնահատական յայտարարութիւնները եւ «տուն կանչէ» իր ներկայացուցիչը:
Անակնկալը այն է որ այս կացութիւնը տեւեց գրեթէ տաս ամիս, բան մը գրեթէ չէ պատահած Թուրքիոյ արտաքին յարաբերութիւններու եւ յատկապէս Հայոց Ցեղասպանութեան հարցերով առնչուած բնագաւառէն ներս:
Փետրուար 3ին է որ, արտաքին գործոց նախարար՝ Մեվլիւթ Չաւուշօղլուի հրամանագրով դեսպան Փաչաճին վերադարձաւ Վատիկան:
Պատճա՞ռ: Ըստ թրքական քարոզչական մեքենային, Վատիկան յետքայլ կատարած է Հայոց Ցեղասպանութեան գծով կատարուած յայտարարութիւններու առնչութեամբ: Նոյնիսկ ծայրայեղ ազգայնամոլ խմբակցութիւններու թերթեր, ամենայն ինքնավստահութեամբ կը հաստատեն թէ շնորհիւ Անգարայի արտաքին գործոց նախարարութեան ճկունութեան եւ հեղինակութեան, կարելի եղած է «յաղթական» դուրս գալ:
Սակայն, խորքին մէջ պատահածը, պարզ եղելութիւն մըն է, որ դուռ բացած է Անգարային, տարբեր ձեւով վերլուծելու եւ առիթ մը ստեղծելու, որ դեսպանը վերադառնայ իր գործին…:
Արդարեւ, Տարտանէլի մասին գիրքի մը ներկայացման եւ արխիւները՝ պատմաբաններու տրամադրութեան տակ դնելու որոշման առթիւ, Փրանկիսկոս Պապը յայտնած է հետեւեալը, թէ հակառակ անցեալի դառն յիշողութիւններուն, անհրաժեշտ կը դառնայ որ գործակցութեան գծով գիտական ուսումնասիրութիւն մը կատարուի, հասարակաց ու ընդունելի ճշմարտութիւն մը գտնելու նպատակով: «Այս ուղղութեամբ Վատիկան ողջունելի նկատած է պատմաբաններու առջեւ իր բոլոր արխիւները բանալու Թուրքիոյ որոշումը», շեշտած է Փրանկիսկոս Պապը: Յայտարարութիւն մը… արտայայտութիւն մը որ երբեք չխախտէր անցեալ Ապրիլ 12-ի իր հաստատումները:
Ընդհակառակը, պարզ «փրոթոքոլային» արտայայտութիւն մըն է անոր կատարածը, որ բոլորովին տարբեր ակնոցով՝ ձիւնհալով մը դիտուեցաւ Անգարայի ղեկավարութեան կողմէ:
Ի վերջոյ երկար էր տաս ամսուայ բացակայութիւնն ու դեսպան Փաչաճիին արձակուրդը: Իսկ թէ մօտիկ ապագային ի՞նչ կարելի է սպասել: Ցայսօր հաւանական է որ, Ապրիլ 24, 2016-ին, Հայոց Ցեղասպանութեան 101-ամեակին առթիւ, Փրանկիսկոս Պապը այցելէ Երեւան եւ…Ծիծեռնակաբերդ:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles