ՎԱՍՆ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ

0 0
Read Time:2 Minute, 20 Second

ՀԱՅՐԵՆԻՔ

Խմբագրական

Քու հողին մեռնեմ, անգի՛ն հայրենիք,
Ա՜խ, քիչ է, թէ որ մի կեանքով մեռնեմ,
Երնե՜կ ունենամ հազար ու մի կեանք,
Հազա՛րն էլ սրտանց քեզ մատաղ անեմ:
Աւետիք Իսահակեան
Կարելի չէ իրականութենէն խուսափիլ եւ ամբողջ էութեամբ չգիտակցիլ, թէ Հայաստանի վերանկախացումէն ի վեր պատերազմի մէջ ենք:
Ա՛յս է դաժան իրականութիւնը. ընդունի՛նք: Մայրաքաղաք Երեւանի, Գիւմրիի կամ այլ շրջաններու մասին չէ խօսքը, այլ սահմանամերձ այն շրջաններուն, ուր պատերազմական մթնոլորտը ճնշող ներկայութիւն է օր ու գիշեր, թէեւ ներքին շէներ անմասն ու անհաղորդ չեն: Մեր երկու հանրապետութիւններուն՝ թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ Արցախի՝ Ատրպէյճանի հետ սահմանային գօտիին մէջ, հազուադէպ են այն օրերը, երբ հրացանաձգութիւն տեղի չ’ունենար: Իսկ Թուրքիոյ հետ սահմանին վրայ, կը տիրէ տարբեր ճնշում մը, որ անպայման չի նշանակեր՝ «All quiet on the Western Front» (Էրիք Մարիա Ռըմարքի անմոռանալի վէպը): Հոն, տնտեսական պաշարումի՛ պատերազմն է, առանց զէնքի ու թնդանօդի…:
Արեւմտեան ճակատին մասին խօսիլը մեզ կը տանի բոլորովին այլ ոլորտի. անիկա լայնածաւալ թղթածրար մըն է, ո՛չ անկապակից՝ այժմու ռազմաճակատներուն: Կը բաւէ միայն արձանագրել, որ վերջերս նշեցինք Սեւրի դաշնագրին հարիւրամեակը:
Այսօրուան կիզակէտը արեւելեան ճակատներն են, ուր ամէն բան հանդարտ չէ, ի հակադրութիւն Ռըմարքի վերոյիշեալ վէպին: Ապրիլ 2016-ին տեղի ունեցած քառօրեայ պատերազմը կը նկատուէր վերջին տարիներու ամենասաստիկը: Յաջորդող օրերն ու տարիները չեղան նոյնքան սաստիկ ճակատումներու փուլեր, մինչեւ Յուլիս 12, երբ ազերիական նախայարձակումը կրկին անգամ ի յայտ բերաւ վայրագութեան ու հարցերը անպայման զինու ուժով լուծել փորձելու արկածախնդրական վարքագիծը:
Արդիւնքը տարբեր չեղաւ բազմաթիւ նախընթացներէն. «մերոնք»՝ հայոց բանակի աննման տղաքը կռուեցան, պաշտպանուեցան եւ ետ մղեցին նորօրեայ «գորշ գայլեր»-ը, այն ալ ինչպէ՜ս:
Դժբախտաբար, այս անգամ ալ, «մերոնք» տուին նահատակներ, որոնք միացան աւելի քան 30 տարիէ ի վեր մղուող ճակատումներուն հետեւանքով նոյն ճակատագրին ենթարկուած անմահներու եւ անվեհերներու փաղանգին:
Ինչպէս անցեալին, այս անգամ ալ ինկան վիրաւորներ, որոնց կացութիւնը իւրայատուկ է, եւ դարմանումի կարիքը՝ հրատապ:
Վերոյիշեալ անմահներուն եւ վերապրող «վէրքերով լի» քաջերուն համար, Հ.Հ. պաշտպանութեան նախարարութիւնը հիմը դրած է «Զինծառայողներու ապահովագրութեան հիմնադրամ» -ին, որուն նպատակն է ապահովագրական հատուցումներ տրամադրել մերօրեայ սրբազան քաջերուն՝ «մերոնց»: Հայրենիքի սահմանները պաշտպանելու համար, թէ՛ զոհուած եւ թէ՛ վիրաւորուած հերոսներու եւ անոնց ընտանիքներուն համար, կարիքը կայ անմիջական հատուցման: Զոհերը կը կազմեն այս մարտահրաւէրին դժուար ու անդարմանելի երեսը, մինչդեռ միւս երեսները՝ ընկերային, ապահովագրական եւ, պարզ խօսքով՝ նիւթական կարիքները դիւրութեամբ իրագործելի են, շնորհիւ այս հիմնադրամին:
Երկարաշունչ է այս գործընթացը, կը կարօտի իւրաքանչիւր հայու մեծ ու փոքր ներդրումին: Սա մէկ անգամով պարտականութիւն մը կատարելու չի նմանիր, այլ անհրաժեշտ է ամսական հերթականութեամբ եւ առանց բացառութեան՝ մեր լումաները տրամադրել, վասն հայրենիքին ու մեր քաջարի հերոսներուն՝ «մերոնց», սեղմելով՝  https://givebutter.com/withoursoldiers
Ահա ա՛յս է յիշեալ հիմնադրամի առաքելութիւնը: Խրախուսե՛նք հայրենիքը պաշտպանողը, մեր բանակին սատա՛ր կանգնինք այս օրհասական օրերուն, չմոռնանք, որ կեանքի գարունը նոր ողջունած զինուորը սահմաններ կը պաշտպանէ քարքարուտ, ցեխոտ ու տղմուտ խրամատներու ու խոռոչներուն մէջ, գիշեր ու ցերեկ, արթուն եւ զգօն:
Ի վերջոյ ազգին ու պետութեան պաշտպանութիւնը գերագոյն նպատակ է, իսկ մեր իւրաքանչիւր լուման` այդ սրբազան նպատակին իրականացման միջոց:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

One thought on “ՎԱՍՆ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles