Գլխաւոր

Վանքուվըր․- Հ.Յ.Դ . Բիւրոյի Ներկայացուցիչ Ա․ Ռուստամեան Այցելեց Հայոց Ցեղասպանութեան Յուշարձանը

Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան, որ Գանատա կը գտնուի Հ․Յ․Դ․ 135-ամեակի տօնակատարութիւններուն առթիւ, իր այցելութեան ծիրին մէջ ժամանեց Վանքուվըր եւ հանդիպումներ ունեցաւ տեղական պատասխանատու մարմիններու հետ՝ մօտէն ծանօթանալու համայնքային գործունէութեան։ Ուրբաթ, Մարտ 6-ին, ան պիտի բանախօսէ Հ․Յ․Դ․ 135-ամեակի տօնակատարութեան ընթացքին։

Ռուստամեանի այցելութեան առաջին կանգառը եղած է Մաունթըն Վիու գերեզմանատան մէջ գտնուող Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարձանը, ուր ան ծաղիկներ զետեղած է՝ յարգանքի տուրք մատուցելով Հայոց Ցեղասպանութեան մէկուկէս միլիոն անմեղ զոհերու յիշատակին։

Այցելութեան ընկերակցած են Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի անդամ Րաֆֆի Տօնապետեան եւ Հ․Յ․Դ․ Վանքուվըրի «Սիմոն Վրացեան» կոմիտէի անդամներ։

 

Advertisement Subscribe Today

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button