
ՊՈԼԻՍ, “Մարմարա“, “Ակօս“.- Դեկտեմբեր 28ին, ծայրայեղ կրօնամոլներով բնակուած, Պոլսոյ “Ֆեթիհ“ թաղամասին մէջ, դաժանաբար սպաննուած, հայ մամիկին` 85ամեայ Մարիցա Քիւչուքի թաղումը տեղի ունեցաւ քանի մը օր ետք:
Առանձին ապրող տարեց կինը դաշոյնահարուած էր իր բնակարանին մէջ: Այս մէկը Դեկտեմբեր ամսուան մէջ տարեց հայ կիներու դէմ ուղղուած երկրորդ յարձակումն էր: Կեսարիացի Մարիցա Քիւչուք, Պոլիս տեղափոխուելէ ետք, երկար տարիներ նպարավաճառութիւն ըրած էր, այդ պատճառաւ ալ ծանօթ էր “Պախալ Մարիցա“ անունով: Տիկնոջ մարմինը առաջին գտնողը իր որդին` Զատիկը, եղած էր: Ան մերկ վիճակի մէջ էր, եւ կուրծքին վրայ խաչաձեւ նշան մը կար:
Դիակի կանխահաս քննութենէն յայտնի դարձած է, թէ տարեց կինը նախքան դաշոյնահարուիլը բռունցքի հարուածներ ստացած է աչքի խոռոչին շուրջ եւ կզակին: Գողցուած են նաեւ գոհարեղէնները: Այժմ ոստիկանութիւնը կ՛աշխատի դէպքի հեղինակները յայտնաբերել:
Անցեալ տարուան Դեկտեմբերի սկիզբը 87ամեայ կին մըն ալ նման յարձակումի մը ենթարկուած էր եւ գողցուած էին անոր զարդեղէնները:
Հայազգի կնոջ սպանութիւնը դատապարտեց մարդկային իրաւանց պաշտպան Միջազգային ներում (Amnesty International) կազմակերպութիւնը:
“Յունուար 6ին, Սուրբ Ծնունդը նշող Պոլսոյ հայ համայնքը շուքի տակ էր“, կը նշուի կազմակերպութեան կայքին վրայ զետեղուած յայտարարութեան մէջ: Կազմակերպութիւնը նաեւ կոչ ուղղեց Թուրքիոյ իշխանութիւններուն, որ լրջութեամբ մօտենան նման դէպքերու հետաքննութեան եւ պատասխանատուութեան կանչեն մեղաւորները` միաժամանակ դիմելով անհրաժեշտ քայլերու, որպէսզի ժողովուրդը անհանդուրժողականութեան մշակոյթէն եւ ռազմատենչ ազգայնամոլութենէն հրաժարի: Միւս կողմէ ցեղապաշտութեան ու ազգայնամոլութեան դէմ պայքարող կազմակերպութիւններ կը պատրաստուին յատուկ հաւաքներով ոգեկոչելու յիշատակը Հրանդ Տինքին` անոր սպանութեան վեցերորդ տարելիցին առիթով:
Այսօր իսկ, Թաքսիմի “Հիլ“ պանդոկին մէջ ոգեկոչման մասնաւոր ձեռնարկ մը պիտի սարքուի: Կազմակերպութեան անունով Ճենկիզ Ալկան յայտնեց, թէ սոյն հանդիսութիւններուն ընթացքին պիտի բացատրուի, թէ Հրանդ ի՞նչ պատմել ուզած էր Թուրքիոյ: Ան գանգատեցաւ այն բանէն, թէ այս սպանութեան բուն հեղինակները տակաւին երեւան հանուած չեն: Ալկան աւելցուց թէ Տինք մեկնեցաւ եւ դեռ բուն ոճրագործները ո՛չ միայն երեւան չհանուեցան, այլ այս խնդիրին հետ կապ ունեցող պաշտօնեաները վարձատրութիւններ ստացան, պաշտօնի բարձրացումներ ունեցան:
“Պետութիւնը իր ո՛չ մէկ պաշտօնեան զոհեց այս խնդիրին համար“, եզրակացուց Ալկան: Յունուարի 19ին, Շիշլի թաղամասէն մինչեւ Տինքի հիմնած “Ակօս“ շաբաթաթերթի խմբագրատուն պիտի կատարուի քայլարշաւ մը:
Տինքի ընկերները նաեւ պատրաստած են յատուկ տեսանիւթ մը, որ ընկերային ցանցերու վրայ լայն արձագանգ գտած է: