
Շուրջ չորս հարիւր ներկաներ ժամանած էին Պելմոնթի “Chenery Middle School “ի սրահը, Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 4-ին, ըմբոշխնելու համար մենախօս Վահէ Պէրպէրեանի “Եթէ“ն:
Կազմակերպութեամբ, Մեծն Պոսթընի “Շուշի“ մասնաճիւղին, այս ձեռնարկը մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծեց: Բացման խօսքով, ելոյթ ունեցաւ մասնաճիւղի ներկայացուցիչ Հէտըր Գրաֆեան, որ կարճ զեկուցում մը փոխանցեց Հ.Օ.Մ.-ի կատարած աշխատանքներուն մասին, յատկապէս վերջերս Սուրիահայութեան գծով կատարուած օժանդակութիւններուն առնչութեամբ:
Ապա, բեմ հրաւիրուեցաւ մենախօսը:
Գրեթէ հինգ տարի անցած է Վահէի առաջին մենախօսութնէն` “Սակայն“ին վրայէն եւ Պէրպէրեան խանդավառ է իր նոր գործով:
“Եթէ“ն Պէրպէրեանի հինգերորդ մենախօսութիւնն է: Ան իր նախկին մենախօսութիւնները` “Եւայլն“ը, “Նաեւ“ը, “Տակաւին“ը եւ… “Սակայն“ը, ներկայացուցած է բազմաթիւ քաղաքներու մէջ, որոնց կարգին` Երեւան, Պէյրութ, Հալէպ, Պոլիս, Փարիզ, Կիպրոս, Ժընեւ, Սիտնի եւ անշուշտ Գալիֆորնիա:
“Եթէ“ի թեմային մասին խօսելով` Պէրպէրեան կ՛ըսէ, թէ այս անգամուան նիւթը անձկութեան (anxiety) մասին է, եւ ինչպէս միշտ, ան կը փորձէ սրամտութիւն տեսնել անձնական, ընկերային, հասարակական եւ ազգային հարցերու մէջ` բոլորը անուղղակիօրէն իրարու կապելով:
“Նկարչութիւնը, գրելը եւ թատրոնը շատ կը սիրեմ, բայց առանձին բեմ բարձրանալուն մէջ բոլորովին տարբեր զգացում մը կայ: Տարօրինակ զօրութիւն մը կը զգամ, որովետեւ չես կրնար երեւակայել որքա՛ն դժուար բան է մինակդ բեմ ելլելն ու մէկուկէս ժամէն աւելի մարդ խնդացնելը: Եթէ ձախողեցար, ուրիշ մէկը չես կրնար այպանել, պատասխանատուն դուն ես, իսկ եթէ յաջողեցար` հոյակապ կը զգաս“, կը բացատրէ Պէրպէրեան, աւելցնելով, որ իրեն համար մենախօսութիւն գրելը նոր թատերախաղ գրելէն աւելի դժուար է:
Նշենք թէ ձեռնարկի աւարտին, Ուաթըրթաունի “Բաբգէն Սիւնի“ ակումբին մէջ, տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն-ընթրիք` Վահէ Պէրպէրեանի հետ եւ գոյացած գումարը տրամադրուեցաւ Սուրիահայութեան օժանդակութեան հիմնադրամին: