ՎԱ­ՀԱՆ ՅՈՎ­ՀԱՆ­ՆԻՍ­ԵԱ­ՆԻ “ՄՈՆ­ԴԻԼԻ­Ո­ՆԸ“ ՎԷ­ՊԸ

0 0
Read Time:5 Minute, 34 Second

p12 bis Vahani-girq  Վեր­ջերս, Երե­ւա­նի մէջ, տե­ղի ու­նե­ցաւ Հ.Յ.Դ. Բիւ­րո­յի ան­դամ, Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի Հ.Յ.Դ. խմբակ­ցու­թեան պատ­գա­մա­ւոր, քա­ղա­քա­կան գոր­ծիչ Վա­հան Յով­հան­նիս­եա­նի, ռու­սե­րէ­նով տպագր­ուած “Ման­դիլի­ո­նը“ գիր­քին շնոր­հա­հան­դէ­սը:

Լրագ­րող­նե­րուն հետ ու­նե­ցած զրոյ­ցին ըն­թաց­քին Յով­հան­նիս­եան նշեց, որ ինք իր ըսե­լի­քը գե­ղար­ուես­տա­կան ոճով ներ­կա­յաց­նե­լու տար­բե­րա­կը ընտ­րած է այն պատ­ճա­ռով, որ վէ­պին մէջ ար­տա­յայտ­ուած գա­ղա­փար­նե­րը այլ` քա­ղա­քա­գի­տա­կան, հա­սա­րա­կա­կան ոճով ներ­կա­յաց­նե­լը ժա­մա­նա­կավ­րէպ կը դարձ­նէ գիր­քը: “Մարդ­կանց ու­ղեղ­նե­րի հա­մար պէտք է պայ­քա­րել աւե­լի պարզ եւ գրա­ւիչ ձե­ւե­րով, քան պար­զա­պէս քա­րոզ­չու­թեամբ“, ընդգ­ծեց հե­ղի­նա­կը: Անոր հա­մա­ձայն, “Ման­դիլի­ո­նը“ հա­յե­րէ­նով կը նշա­նա­կէ “Ան­ձե­ռա­գործ դաս­տա­րակ“` քրիս­տո­նէ­ա­կան մա­սունք, որ կապ­ուած է վաղ ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նի հայ­կա­կան պատ­մու­թեան հետ: Գիր­քին մէջ գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը կ՛ըն­թա­նան պատ­մա­կան հեն­քին վրայ` տար­բեր դա­րաշր­ջան­նե­րու ընդ­մէ­ջէն:

Բա­ցատ­րե­լով գիր­քի նա­խա­ձեռ­նու­թեան առի­թը` ան պատ­մեց, որ ժա­մա­նա­կին նկա­տած է, թէ շատ փայ­լուն, գե­ղե­ցիկ ձե­ւա­ւոր­ուած վէ­պեր կը հրա­տա­րակ­ուին մի­ջազ­գա­յին բնա­գա­ւա­ռին մէջ, ուր քրիս­տո­նէ­ու­թեան աղա­ւա­ղու­մը կը կա­տար­ուի շատ ճկուն եւ ճար­պիկ կեր­պով, ինչ որ պատ­ճառ կը դառ­նայ ար­ժէ­քա­յին հա­մա­կար­գի ոչն­չաց­ման, մաս­նա­ւո­րա­բար երի­տա­սարդ­նե­րու շրջա­նա­կին մէջ:

Շնոր­հա­հան­դէ­սին սկիզ­բը` շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նե­լով ներ­կա­նե­րուն, Յով­հան­նիս­եան կա­տա­կեց, որ եթէ հան­դիպ­ման առի­թը ցոյց ըլ­լար, ապա ան­պայ­ման ներ­կա­նե­րուն կէ­սէն աւե­լին չէր գար: Հե­ղի­նա­կը խոս­տո­վա­նե­ցաւ, թէ դժուար է խօ­սիլ գիր­քի մը մա­սին, զոր հա­ւա­նա­բար ճնշող մե­ծա­մաս­նու­թիւնը չէ կար­դա­ցած, սա­կայն յոյս յայտ­նեց, որ ապա­գա­յին շա­տե­րը կ՛ըն­թեր­ցեն վէ­պը եւ որոշ ժա­մա­նակ ետք քննար­կում կը կազ­մա­կերպ­ուի:

“Ես վստահ եմ, որ կը լի­նեն նա­եւ ան­հա­մա­ձայն մար­դիկ, մար­դիկ, ով­քեր գրքում ար­տա­յայտ­ուած գա­ղա­փար­նե­րը կամ մտքե­րը կը հա­մա­րեն սխալ: Եթէ բո­լո­րը հա­մա­րէ­ին ճիշդ, ու­րեմն, այդ գիր­քը ոչ մի բան չար­ժէ:…Յա­ճախ գրքե­րում կա­տար­ւում է մի շատ հին աղան­դի գա­ղա­փար­նե­րի վե­րա­դարձ, որ­տեղ խօս­ւում է այն մա­սին, որ Յի­սուս Քրիս­տո­սը շատ լաւ մարդ է եղել, սուրբ, բա­րի, ջերմ, բայց մարդ է եղել, նոյ­նիսկ ըն­տա­նիք է ու­նե­ցել, եւ այդ ըն­տա­նի­քի շա­ռա­ւիղ­նե­րը ինչ որ տեղ ապ­րում են:… Մեզ բո­լո­րիս մի­ա­ւո­րում է այն միտ­քը, որ մեր ժո­ղո­վուր­դը բա­ւա­կա­նա­չափ ներ­կա­յաց­ուած չէ հա­մաշ­խար­հա­յին աս­պա­րէ­զում, եւ մենք աւելիի ենք ար­ժա­նի քա­ղա­քա­կիրթ աշ­խար­հում: Սա­կայն դրան հաս­նե­լու հա­մար նախ անհ­րա­ժեշտ է, որ­պէս­զի հայ ժո­ղո­վուր­դը հա­ւա­տայ իր ու­ժե­րին, հար­կա­ւոր է ժո­ղովր­դին ներ­կա­յաց­նել իր սկզբնաղ­բիւր­նե­րը: Նա­եւ անհ­րա­ժեշտ է, որ­պէս­զի միւս­ներն էլ դա իմա­նան, ուս­տի գիր­քը լոյս է տե­սել ռու­սե­րէ­նով: Մենք պէտք է աշ­խար­հին ներ­կա­յաց­նենք մեր տե­ղը քա­ղա­քակր­թու­թեան մէջ: Պէտք է սկսել բա­ցատ­րել մեր ժո­ղովր­դին եւ ու­րիշ­նե­րին, թէ ին­չու գրքի առա­ջին հրա­տա­րա­կու­թիւնը ռու­սե­րէն է: Ուղ­ղա­կի հի­մա դա արդ­ի­ա­կան է, վստահ եմ, որ կը լի­նեն նա­եւ թարգ­մա­նու­թիւն­ներ: Մենք պէտք է նո­րից աշ­խար­հին ցոյց տանք մեր տե­ղը քա­ղա­քակր­թու­թեան մէջ, մեր ար­հես­տա­կա­նօ­րէն խեղ­ճա­ցած վի­ճա­կից պէտք է դուրս գանք նա­եւ գրա­կա­նու­թեամբ“, յայտ­նեց Յով­հան­նիս­եան, հար­ցադ­րե­լով, թէ ի՛նչ ըրած ենք եւ ի՛նչ կրնանք ընել:p12 bis vv

“Զան­գակ“ հրա­տա­րա­կա­տան մէջ կա­տար­ուած ձեռ­նար­կին առա­ջին գնորդ­նե­րը հե­ղի­նա­կին ըն­կեր­ներն ու գոր­ծըն­կեր­ներն էին, հա­սա­րա­կա­կան, քա­ղա­քա­կան, մշա­կու­թա­յին գոր­ծիչ­նե­րը, որոնք կա­րե­լիու­թիւն ու­նե­ցան գիր­քը ստա­նա­լու հե­ղի­նա­կին մա­կագ­րու­թեամբ:

Լի­լիթ Գալստ­եան ի հա­մա­ձայն, յատ­կան­շա­կան է այն, որ գիր­քը դաստ­ի­ա­րակ­չա­կան բնոյթ կը կրէ, անոր ընդ­մէ­ջէն հա­սա­րա­կա­կան-քա­ղա­քա­կան գոր­ծիչ հե­ղի­նա­կը կը ներ­կա­յաց­նէ իր աշ­խար­հայ­եաց­քը: Ան յայտ­նեց, որ իրեն հա­մար անակն­կալ էր Յով­հան­նիս­եա­նի գրո­ղա­կան հո­տա­ռու­թիւնը:  Յ. Թու­ման­եա­նի ան­ուան տիկ­նի­կա­յին թատ­րո­նի տնօ­րէն եւ գե­ղար­ուես­տա­կան ղե­կա­վար Ռու­բէն Բա­բայ­եա­նի հա­մա­ձայն, “Ման­դիլի­ո­նը“ գիր­քին մէջ ար­ծարծ­ուած են շատ կա­րե­ւոր հար­ցեր այն մա­սին, թէ ով ենք մենք, ուր­կէ կու գանք եւ ուր կ՛եր­թանք այս աշ­խար­հին մէջ:

Յով­հան­նիս­եան յայտ­նեց, որ պի­տի շա­րու­նա­կէ իր գրա­կան գոր­ծու­նէ­ու­թիւնը:

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles