
Յ. ՊԱԼԵԱՆ
Քուինզ, Նիւ Եորք
Հայկական սփիւռքներու գրականութիւնը բազմերես է ըստ բովանդակութեան, հեռանկարի եւ արժէքի: Անցեալ դարու շարունակութիւն, երբ սերունդը բնական կերպով հայերէնի կը տիրապետէր, անոր հունին մէջ հազուագիւտ նորեր, հայերէնի չտիրապետող ժամանակակիցներ:
Միշտ պէտք է կրկնել, որ ազգային գրականութեան անցագիրը ազգային լեզուն է: Իսկ այդ լեզուն, սփիւռքներու մէջ, տեւաբար կը նահանջէ, ոչ միայն զանգուածի մակարդակին, այլ հայերէն գիտցողներու եւ հայերէնով արտայայտուողներու. մամուլի աշխատաւորներ, գրողներ, հեռատեսիլի եւ ձայնասփիւռի խօսնակներ: Ի հարկէ կան յարգելի բացառութիւններ: Բայց որոշ պէտք է ըլլայ, որ մօտաւոր հայերէնով եւ աղճատ լեզուով գրականութիւն չի ստեղծուիր:
Լուրջ խնդիր է նաեւ այն՝ որ գրականութիւն ընելու փորձը, երբ կը բացակայի խորքը, կը դառնայ ճառախօսութիւն, կապկում, ուրիշներու փորձի նմանակում, յաճախ նոյնիսկ լեզուագարութիւն՝ գրական շնորհի բացակայութեան, բառակոյտ, բառերը չարչարելու, անոնցմով չարչարուելու տեսակ մը զուարճութիւն: Գրականութիւն ընելու ցանկութիւնը բաւարար չէ, անհրաժեշտ են խորք եւ տաղանդ:
Հայկական սփիւռքներու գրականութիւնը երբեմն յուշագրութիւն է, երբեմն մեզ եւ սրահ յուզող, ծափ սպասող հայրենասիրական զեղում, կամ վասն ինքնատպութեան եւ նորարութեան՝ պոռթկումի արտայայտութիւն, պոռչտուքի պէս, աննպատակ հայհոյութիւն կամ կոպտութիւն՝ տարբեր ըլլալու եւ ուշադրութիւն գրաւելու մարմաջով: Այլ խօսքով, համամարդկայինի նուաճումը տիրական գիծ չէ ընդհանրապէս: Աւելի ճիշդ պիտի ըլլար ըսել, որ մեր ապրած կացութիւնները յաճախ արգելք կ’ըլլան համամարդկային մակարդակ բարձրանալու: Ի հարկէ կան բացառութիւններ:
Աւելի պարզ. հայ գրողի երկը երբ հանդիպի ֆրանսացի, արաբ, հնդիկ, ամերիկացի, ճաբոնցի կամ չինացի ընթերցողին, ինչպէ՞ս կրնայ դիմաւորուիլ: Այս հարցումը պէտք է ուղղենք, երբ կը փորձենք արժեւորել մեր գրականութիւնը: Այսինքն, մեր գնահատումը, իրապաշտութեամբ ընդունելով հանդերձ մեր ինքնուրոյն կացութիւնը, ցաւերը եւ երազները, պէտք է նկատի առնէ, թէ անոնք կը հասնի՞ն մարդոց, ուր ալ բնակին անոնք, ըլլան մեզի նման թէ մեզմէ տարբեր, այսինքն մասնակիէն անդին մարդկայինի նուաճում կ’ըլլա՞յ սփիւռքի հայ գրողին երկը: Այսօր գոհունակութիւն եւ ինքնագոհութիւն պատճառող երկերը պիտի ըլլա՞ն մնայուն արժէք: Այսօր գոհունակութիւն եւ ինքնագոհութիւն պատ-ճառող երկերը պիտի ըլլա՞ն մնայուն արժէք, դար մը ետք պիտի կարդացուի՞ն որպէս գեղարուեստական երկ:
Պէտք է դադրիլ ապսպրուած, ընկեր-բարեկամի, կամ մեր դասական կողմնապաշտական գրախօսական շատախօսութիւնները համարել գրական եւ արուեստի իսկական արժէքի գնահատում: Նոյն ձեւով կը մեղանչեն հայրենի մտաւորականները, երբ սփիւռք կը հրաւիրուին, ըստ կացութեան եւ պահանջի քաջալերական կամ հաճոյախօսական գնահատումներ կ’ընեն, անուններ կը յիշեն՝ մնալով բաժակաճառի մակարդակին:
Գրականութիւնը կեանքի արտայայտութիւն է, մտերմութեան հրաւէր է գրողի միտքին, ապրումներուն եւ տեսիլքին հետ, ոչ թէ հաղորդակցութիւն, այլ՝ հաղորդութիւն (ոչ communication, այլ communion): Գրական երկը տպուած թուղթ չէ: Տպուած թուղթի դիզուած ծաւալները գրականութիւն չեն անպայման: Միսաք Մեծարենցի բանստեղծութիւններու տետրականման էջերը ծաւալ չեն, բայց ազնիւ գրականութիւն են: Ընթերցողը ինքզինք երբ կը դիտէ եւ կը տեսնէ երկին մէջ, ստեղծուած կ’ըլլայ գրականութիւնը: Երբ Աբրահամ Ալիքեանի «Բարեյուսոյ Հրուանդան»ը կը կարդաք, կը գտնէք ժողովուրդի մը հարազատօրէն ժառանգուած լեզուի բառագանձը, որ տեսիլքի ժառանգութիւն կը բերէ, որ կը միախառնուի ապրումներու եւ կը ստեղծէ ինքնատիպ համանուագ մը, եթէ ուզէք մասնակից ըլլալ բանաստեղծի խաղին: Եւ այդ խաղն է ազգի հարազատ գրականութիւնը, աւազի վրայ շինուած ամրոց չէ, որ առաջին ալիքին հետ կը հարթուի:
Սփիւռքներու գրականութիւնը եթէ գրական ճապկումներու անձնատուր յուշագրութիւններու կրկնութիւն չէ, կարգախօսներու շարան չէ, լայն առումով տեղացիական տեսարաններու պատում է ընդհանապէս, եսակեդրոն ըլլալէ չհեռացող մանաւանդ երբ նոր սերունդները աւելի կը մերուին շրջապատին, սեփականի աստիճանական բացակայութիւնը փոխարինելով շրջապատէն փոխառութիւններով, զորս ոմանք հարստացում կը համարեն, կամ ընթերցողի անտեղեակութիւնը զանոնք կը համարէ ինքնատպութիւն:
Այլ խօսքով, կապկել չի նշանակեր ինքնատիպ եւ հարազատ ստեղծագործութիւն: Երբ որպէս գրականութիւն հրամցուած էջը, արձակ կամ բանաստեղծութիւն, բանգիտական փոխադրումով կը նմանի այլ տեղ մտածուածի եւ գրուածի, նոյնիսկ երբ անմիջապէս կը տպաւորէ, վաւերականութիւն չ’ունենար: Նման գրական թափահարումներ անտաղանդ հետեւորդներ ալ կ’ունենան, փոխհիացումով փայլելու ցանկութեամբ:
Մեր հայրենակցական-հայրենասիրական, կողմնապաշտական եւ շահակցական թափառումները կը խոչնդոտեն եւ անկարելի կը դարձնեն ճշմարիտ գրական քննադատութիւնը: Գրականութեան եւ գրական քննադատութեան համար բեմեր պէտք են եւ այդ բեմերը իրապէս ազատ եւ անկախ չեն, քննադատողներն ալ իրենք իրենց կը պարտադրեն ինքնագրաքննութիւն: Հետեւաբար, գրականութեան հորիզոնը կը մնայ գորշութեան վիճակի մէջ: Սփիւռքի բանաստեղծ մը կամ գրող մը եթէ քաղաքական համարուած «էսթէպլիշմընթ»ներէն մէկուն կամ միւսին մաս չի կազմեր, հոն նեցուկներ չունի, անոր շուրջ չի դառնար, կը մնայ սպասման սենեակի մէջ:
Գրակական անսեթեւեթ քննադատութեան բացակայութեան եւ «էսթէպլիշմընթ»ի մարդորսական խափանարարութեան հետեւանքով, ստեղծագործական մթնոլորտ չի ստեղծուիր եւ գրական հրապարակը չի պայծառանար: Պարզ է: Անկախ եւ արհեստավարժ հրատարակչութիւն չունինք, տպարաններ ունինք, լրատուամիջոցները հակակշռուած են եւ անոնց պատասխանատուներու վերաբերումը կողմնապաշտական է, հակառակ երբեմն երեւցող լայնամտութիւններու:
Հայաստան գրական քննադատութիւնը աւելի բաց բեմ ունի: Թերեւս սփիւռքներու գրականութեան արժեւորումը հոն պիտի կատարուի, սպասելով որ սփիւռքները ազատագրուին «էսթէպլիշմընթ»ային եւ կողմնապաշտական վարժութիւն դարձած գնահատումներէ, որոնք կը խոչընդոտեն ազգի ժառանգութիւն կերտելու ատակ գրականութեան զարգացումը:
Գրողին կողմնորոշումները եւ հաւատարմութիւնները դատումի լծակ պէտք չէ ըլլան երկի արժեւորման: Այս չի նշանակեր, որ գրողը յանձնառու կամ կողմնորոշուած պէտք չէ ըլլայ, բայց յանձնառութիւն, կողմնորոշում եւ այլ կապեր գրական երկի արժեւորման ազդակ եւ չափանիշ պէտք չէ ըլլան:
Այս թղթածրարը պէտք է բանալ անհաճոյ ըլլալու դերը ընդունելով, որպէսզի գրական հրապարակը պայծառանայ եւ արժէքներու երեւման ու անսեթեւեթ գնահատման առջեւ ճամբան հարթուի:
Տեսակաւոր շահախնդրութիւններով, ոչ անպայման նիւթական, «կուրու»ներ ստեղծելու եւ անոնց շուքին անկարեւոր կարեւորութիւն ձեռք բերելու հիւանդութենէն պէտք է բուժուիլ:
Իրաւ գրականութիւն ունենալու եւ ինչպէս յաճախ կը տեսնուի միջազգային հրապարակ գալու ցանկութիւնը իրականացնելու համար, մասնակի չափանիշները հարկ է գերանցել արուեստի ըմբռնումով յագեցած արժեւորումով եւ քննադատութեամբ:
Յակոբ Պալեան դարձեալ մատը վէրքին վրայ դրած է:
Եւ, որքա՜ն շատ կը հանդիպինք այդ փառակոյտերուն. փա՜ռք համացանցին: