ՍՓԻՒՌՔ(ՆԵՐ)Ի ՀԱՅ ԴՊՐՈՑԻ ՀԱՅԵՑԻ ԿՐԹՈՒԹԻՒՆԸ, «ԶԳԱՑՈՒՄ»Ի ՓՈԽԱՆՑՈՒՄԸ ԵՒ «ԿԵԱՆՔԻ ՀԱՅԵՐԷՆ»Ը

0 0
Read Time:8 Minute, 26 Second

 

 

 Յ. Պալեան

ՍՓԻՒՌՔ(ՆԵՐ)Ի ՀԱՅ ԴՊՐՈՑ

 

            Սփիւռք(ներ)ի հայկական վարժարանները կամ կը շարունակեն գործել իրենց «հայեցի կրթութեան» անյաղթահարելի դժուարութիւններով, կամ կը վերածուին պարզապէս տեղական վարժարանի, կամ ալ պարզապէս կը փակուին:

            Հայ դպրոցին մէջ եթէ աշակերտին կարելի պիտի չըլլայ հայեցի կրթութեան առանցքը հանդիսացող «կեանքի հայերէն»ը ուսուցանել, ան աստիճանաբար կը հեռանայ իր նպատակէն: Յաճախ պէտք է խօսիլ «կեանքի հայերէն»ի մասին, որ կը նշանակէ ազգային լեզուի իւրացում, անով տիրացում սեփական ժողովուրդը յատկանշող  բազմադարեան մշակոյթին, որուն հետ թրծուած է հայու ինքնութիւնը, իր իւրայատուկ լեզուամտածողութեամբ: «Կեանքի հայերէն»ը սոսկ բառապաշար եւ քերականութիւն չէ, այլ առօրեան հայերէնով ապրիլ է, առօրեան՝ խոհանոց, զբօս, առտնին հարցեր, անմիջական ճարտարագիտական միջոցներ՝ որոնցմով շրջապատուած ենք, քաղաքականութիւն, արհեստ եւ արուեստ:

            «Կեանքի հայերէն»ի բացակայութեան կամ պղտորութեան վիճակին մէջ, բախտաւոր պարագային կը փոխանցուի «ծագումով հայ» կամ «զգացումով հայ» ըլլալու գիտակցութիւն մը, ապրուող կեանքի լուսանցքին վրայ: Այս կացութեան ամենէն յատկանշական պատկերը կը պարզուի, երբ հայկական վարժարան յաճախող կամ աւարտած տղոց ու աղջիկներու բնական յարաբերութիւնը կ’ըլլայ տեղական լեզուով: Նոյնիսկ տան մէջ, քոյր եւ եղբայր երբ կը խաղան կամ կը վիճին հայերէնը կ’անհետանայ: Երբեմն պէտք է կանգ առնել եւ հարց տալ, թէ ինչո՞ւ այդպէս է, ի՞նչ պէտք է ընել եւ չենք ըրած, կամ չենք կրնար ընել:

            Ինքնախաբէութեամբ պէտք չէ օրօրել եւ օրօրուիլ, չթաքնուիլ բացառութիւններու ետին: Կան մարդիկ, որոնք առանց հայկական վարժարան յաճախած ըլլալու հայերէնի տիրապետած են, հայագէտ դարձած են: Խօսքը կը վերաբերի հայ դպրոցի հարիւր կամ քանի մը հարիւր աշակերտներուն: Վեց, ութը, տասը տարի հայկական դպրոցի մէջ մնալէ ետք, եթէ ուսուցուած հայերէնը չի դառնար աշակերտին համար «կեանքի լեզու», պէտք է հարցը քննել առանց բառային ծեքծեքումի, խուսանաւումներու, արդարացումներու, տեղական, քաղաքակրթական, շրջապատի ճնշումները որպէս արգելք յիշեցնելու: Անոնք ծանօթ են եւ կը կրկնուին սփիւռք(ներ)ի մէջ, ուր հայ դպրոց կայ: Եւ միամիտ պէտք չէ ըլլալ եւ չբաւարարուիլ բացառութիւններով, կամ բան չնշանակող այն փաստարկով՝ որ «ասկէ աւելին չենք կրնար ընել»…

 

ՀԱՅԵՐԷՆԸ ԵՒ ՈՒՍՈՒՑՉԱԿԱՆ ԱՍՊԱՐԷԶԸ

 

            Հայ դպրոցին մէջ եթէ պիտի յաջողինք հայերէնը «կեանքի լեզու» դարձնել, ի՞նչ պէտք է եզրակացնել եւ ի՞նչ ընելու համար:

             Նախ պէտք է կրկնել ծանօթ այն ճշմարտութիւնը, որ ուսուցչութիւնը ընդհանրապէս արհեստ-ասպարէզ է: Կազմակերպուած պետութիւնները, նաեւ նուազ կազմակերպուածները, պատահական անձեր չեն թխեր դպրոցներու մէջ: Ուսուցիչները կը պատրաստուին մանկավարժական հաստատութիւններու մէջ, օրէնքով նախատեսուած հսկողութեամբ եւ քննութիւններով, վկայականներով եւ աստիճաններով: Այս կոչումներէ եւ զոհողութիւններէ տարբեր որակ է:

            Յանպատրաստից ճառի պէս (improvisé) յանկարծ ուսուցչական ասպարէզի մէջ գտնուածներուն վիճակագրական պատկերը կազմելու քաջութիւնը ունեցա՞ծ ենք երբեւիցէ: Խօսքը միշտ սփիւռք(ներ)ի մասին է:

            Յաճախ կ’անգիտանանք պարզ իրողութիւն մը. մանկապարտէզի, նախակրթարանի, երկրորդականի եւ համալսարանի աշակերտը դատողութիւն ունի, կը գնահատէ ուսուցիչը, կ’ընդունի կամ կը մերժէ: Մանաւանդ սփիւռք(ներ)ի դպրոցներու պարագային երեւոյթ մը կայ, զոր զանազան հաշիւներով, տնտեսական եւ այլ, կը շրջանցենք. պետական քննութիւններու առարկաներու ուսուցիչները պատրաստուած կ’ըլլան, վկայականներով զինուած, իսկ հայերէնի ուսուցիչները, չեմ ըսեր հայերէնով աւանդուած առարկաներու,- քանի որ լեզուէ եւ պատմութենէ զատ հայերէնով ուսուցուող առարկայ չկայ այլեւս,- ճնշող մեծամասնութեամբ երկրորդական ուսման մակարդակէն անդին անցած չեն ըլլար: Կան յարգելի  բացառութիւններ, որոնք Հայաստան ուսանած են, հայագիտութիւն կամ աւարտած են բանասիրականը:

            Հետեւաբար, հայկական վարժարանները նախ հայերէնի պատրաստուած ուսուցիչներու հարց ունին, անոնք իրենց համար ընտրուած դասագիրքին ուսուցիչներն են յաճախ, պատրաստութեան բացակայութեան:

            Կայ նաեւ աւելի հիմնականը. Սփիւռք(ներ)ի մէջ հայերէն սորվեցնելու եւ սորվելու փիլիսոփայութեան եւ մեթոտ-մանկավարժութեան հարցը:

            Այս հարցը զանազան բնոյթի վարչութիւններու եւ հոգաբարձութիւններու առօրեական մտահոգութիւններէն տարբեր մակարդակ է:

             Սփիւռքի առաջին գաղթականական շրջանին այս հարցը չէր դրուեր, քանի որ այս կամ այն ձեւով հայկական հաւաքականութիւնները փակ շրջանակներ էին, իրենք իրենցմով կ’ապրէին, կացութիւնը ժամանակաւոր կը համարուէր: Հայերէնը այդ ընկերութիւններու «կեանքի լեզուն» էր, տունը, գործատեղին, եկեղեցին, դպրոցը, խոհանոցը, կարդացուող թերթը, հրատարակուող գրականութիւնը: Բաղդատուինք այսօրուան, առանց ինքնահաճոյակատարութեան եւ այլ «մեղմացուցիչ դէպք յանցանաց» փնտռելու: Պարզ է, որ սփիւռք(ներ)ի ընկերութեան մշակութական-քաղաքակրթական հոլովոյթին չկրցան հետեւիլ հայ դպրոցի նպատակին յատուկ մանկավարժական փիլիսոփայութիւնը, անկէ բխելիք մանկավարժութիւնը, կազմակերպութիւնը, անձնակազմի պատրաստութիւնը, մեթոտները (որոնք կ’ենթադրեն կացութիւնը նկատի ունեցող դասագիրքերը եւ յարակից աշխատանքները):

            Այս բարդ կացութեամբ հետաքրքրուողներ կան, Հայաստան՝ ուր կաճառներ կան, նաեւ՝ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Բաժնի շրջանակէն ներս, բայց լուծումներ առաջարկելէ առաջ ոչ-սիրողական ընկերաբանական ուսումնասիրութիւններ չկան, վիճակագրական իրական տուեալներ չկան, ազգային-հայաստանեան-սփիւռքեան տեսիլք մը չկայ մեր ժողովուրդի կէսէն աւելին ազգին մէջ մերուած պահելու, երբ բացորոշ է, որ անմիջական շրջապատին մերուելու ընթացքը հզօր է եւ անխուսափելի, ընկերատնտեսական, քաղաքական եւ մշակութային ազդակներու անշրջանցելի ճնշումով:

 

ԿՐԹԱԿԱՆ ԾՐԱԳՐՈՒՄ ԵՒ «ԼԱՒ ԴՊՐՈՑ»

 

            Այս հաստատումները չեն միտիր «ղեկավարութիւն»ը պատին առջեւ կանգնեցնելու: Անմիտ պէտք է ըլլալ չտեսնելու համար խոչնդոտները: Ընդհակառակն. անոնք պէտք է մղեն ոչ շրջանային, ոչ կողմնապաշտական եւ ոչ մասնակի ծրագիր մշակելու: Ծրագրի մշակման իրաւունքը պէտք չէ բանտարկել քաղաքական, կրօնական, իշխանութեան, տնտեսական լծակները հակակշռող բջիջներու ակումբին մէջ, որոնք յաճախ ազգային-մշակութային-մանկավարժական լայնածիր փիլիսոփայութիւն չունին: Այս հաստատումը քննադատութիւն չէ, մարդոց մեղքը չէ, անոնց կարելի չէ անբարեացակամութիւն վերագրել:

            Փաստը այն է, որ առանց տեսիլքի, հեռանկարային ծրագրումի եւ մասնագիտական աշխատանքի լաւագոյն բարի կամեցողութիւններն անգամ անբաւարար են: Արդիւնքը այն է, որ դպրոցներ կը փակուին, գեղակառոյց դպրոցներու շէնքեր կը բարձրացուին, առանց կանխաւ գիտնալու, թէ ի՞նչ բանի պիտի ծառայեն անոնք, ո՞ր մանկավարժական ծրագրով պիտի առաջնորդուին: Հայ դպրոցը յիսուն տարի առաջուան դպրոցը չէ, չի կրնար ըլլալ: Պէտք է հասկնալ, որ բնական պայմաններու մէջ չգտնուող ազգային հաւաքականութեան դպրոցը ոչ Հայաստանի դպրոց է եւ ոչ թաղի տեղական դպրոց: Ան Հայաստանի դպրոց պիտի չըլլայ, չի կրնար ըլլալ, իրատեսութեան ճնշման տակ ան աւելի դիւրին կ’ըլլայ թաղի տեղական դպրոց:

            Հետեւաբար հարցը կը ներկայանայ պարզութեամբ. ի՞նչ պէտք է ընել որ հայ դպրոցը չըլլայ կեթթօ, եւ ի՞նչ պէտք է ընել որ ան ըլլայ հայ դպրոց:

            Նախ դժուար իրականանալի խնդրի մը առջեւ կանգնած ենք: Ընկերաբանական  լուրջ տուեալներ պէտք է կազմել, գիտնալու համար, թէ ո՞ւր հայեր կան, ի՞նչ է անոնց թիւը, աշխարհագրական ցրուածութեան պատկերը, դպրոցական տարիքի հայածնունդներու համրանքը եւ տարիքային պատկերը: Օրինակ, ի՞նչ է թիւը Նիու Ճըրզիի հայերու թիւը, ի՞նչ է այդ տարածութեան վրայ անոնց տարտղնումը, ի՞նչ են հեռաւորութիւնները, նոյն հարցումներով կրնանք առաջնորդուիլ Լոնտոնի, Սթոքհոլմի, Մելպուռնի, կամ այլ տեղի պարագային: Այս տուեալները թիւեր են եւ ոչ ենթակայական գնահատումներ: Այսօր հազուադէպ են այն վայրերը, ուր կարելի է հայկական համախումբ կեանքի հանդիպիլ, ինչպէս էր պարագան Լիբանանի անցեալի հայաշատ Պուրճ-Համուտին, կամ է այսօրուան Այնճար գիւղաքաղաքին:

            Սփիւռք(ներ)ի հայ տղան եւ աղջիկը իրենց բնակած երկրին մէջ որպէս օրինաւոր եւ յաջողած քաղաքացի պէտք է որ կարենան ապրիլ: Այդ ընելու համար կրթութիւնը բնական եւ անշրջանցելի ճամբան է, մինչեւ այն ատեն, որ համոզումով եւ յանձնառութեամբ անոնք չեն վերադառնար հայրենիք, չեն վերադարձուիր հայրենիք՝ շարունակութիւն ըլլալու համար: Մինչ այդ, որ կրնայ կեանք մը եւ կեանքեր տեւել, հայկական դպրոցը տոկալու եւ տեւելու անշրջանցելի միջոց է: Ան ոչ աւելի եւ ոչ պակաս շրջապատի դպրոցին պէս պիտի ըլլայ: Այդ կը պահանջէ օրէնքը, զոր պէտք է գործադրել օրինակելի կերպով: Այս մասին երկու կարծիք չի կրնար գոյութիւն ունենալ: Այդ օրինակելիութիւնը նաեւ հրաւէր է ուղղուած ընդհանրապէս մտայնութեամբ քաղքենիացած ծնողներուն, իրենց զաւակները յանձնելու համար հայ դպրոցին:

            Հայ դպրոցը նախ լաւ դպրոց պէտք է ըլլայ, որուն վրայ պէտք է պատուաստուի հայեցի կրթութիւնը՝ իր բոլոր ստորոգելիներով: Այս ծիրէն ներս, հայերէնի ուսուցումը ի միջի այլոց նիւթ պիտի չըլլայ, պիտի ըլլայ նպատակային, պիտի ունենայ ազգակերտ-ապագայակերտ որակ: Դպրոցներու մէջ կ’ուսուցուին, տեղական առաջին լեզուին կողքին, նաեւ երկրորդական լեզուներ, օրինակ, Ֆրանսայի մէջ, որպէս երկրորդ, երրորդ լեզու կ’ուսուցուին անգլերէնը, գերմաներէնը, ռուսերէնը, այսօր նաեւ չինարէնը, կամ այլ լեզուներ, Լիբանան, արաբերէնէն ետք, բարձր որակով անգլերէն, ֆրանսերէն, այդ լեզուներով համալսարան մտնելու համար:

            Հայերէնի ուսուցումը երկրորդ լեզուէն աւելի բարձր որակով պէտք  է ուսուցուի, ուսուցուէր, նոյնիսկ աւելի, քանի որ անով պիտի ժառանգուի ինքնութիւն, պատմութիւն, մշակոյթ: Այսինքն հայերէնի ուսուցումը պարզ հաղորդակցութեան միջոցէ մը աւելին պիտի ըլլայ: Պիտի ըլլայ արժէքներու եւ մտածողութեան կրող:

 

ՆՊԱՏԱԿԻՆ ՀԱՍՆԵԼՈՒ ՄԻՏՈՂ ՄԱՆԿԱՎԱՐԺՈՒԹԻՒՆ

 

            Այս նպատակի իրագործման համար անհրաժեշտ են գիտական-մանկավարժական մօտեցում, պատրաստութիւն, մեթոտ եւ որակ:

            Յաճախ արտայայտութեան շփոթներու առջեւ կը գտնենք մենք մեզ: Կ’ըսենք, որ հայ դպրոցին մէջ կը տրուի երկլեզուանի ուսում: Եւ կը հասկնանք, որ տեղական լեզուին կողքին, առաւել կամ նուազ լրջութեամբ, կը սորվեցնեն  հայերէն: Այս «սորվեցնել»ը երկլեզուանի ուսում չէ:

            Հարց կու տա՞նք, թէ ինչո՞ւ հայ դպրոցին մէջ աշակերտները հայերէնի չեն տիրապետեր, մինչ անոնք հայերէնի կը տիրապետէին քէմբերու դպրոցներուն մէջ: Գաղթականութեան առաջին շրջանին հայերէնը «կեանքի լեզու» էր, թուաբանութիւն, աշխարհագրութիւն, պատմութիւն, իրագիտութիւն, երաժշտութիւն, մարզանք, հայերէնով կ’աւանդուէին: Ուսման այդ մարզերը հայերէնի աւանդման ծրագրին մէջ չեն, այդ առարկաները «կեանք» էին: Անոնց բացակայութեան հայերէնը կը դառնայ կծկուած լեզու մը, գրեթէ գրաբարի, հին յունարէնի կամ լատիներէնի պէս:

            Հայ տղուն եւ աղջկան աշխարհաճանաչողութիւնը կը կատարուի տեղական լեզուով կամ կեանքի մէջ յաջողելու պայման համարուած լեզուով: Այսինքն հայերէնը անգործնական լեզու մըն է, ինչպէս օր մը, բարձրամակարդակ հանդիպումներ կազմակերպող անձ մը ամենայն անկեղծութեամբ ըսաւ, որ «հայերէնը ռոմանդիկ լեզու է բիզնեսի լեզու չէ», ինչ որ լաւապէս կը բնորոշէ սփիւռք(ներ)ի ջախջախիչ մեծամասնութեան սահմանափակում չունեցող քաղքենիական եւ ազգային տեսիլքէ զուրկ գործնապաշտութիւնը, արդինք՝ հետզհետէ աւելի ընդհանրացող ամբոխային տրամաբանութեան:

            Երկլեզուանի իրաւ մանկավարժութեան յաջողութեան համար, իտէալական է, որ բոլոր միւս լեզուներով աւանդուող առարկաներու ուսուցիչները կարենան, հնարաւորութեան սահմաններուն մէջ, մասնակցիլ այդ մանկավարժութեան գործադրութեան, որպէսզի աշակերտին համար հայերէնը կարելի ըլլայ դարձնել «կեանքի լեզու», սկսելով պարզ բաներէ, օրինակ երգէ, մարզանքէ, որպէսզի բառեր ժառանգուին, անոնք բնական կեանքին մաս կազմեն: Այսինքն հայերէնը աշակերտի առօրեային մաս պէտք է կազմէ, չըլլայ համակարգին վրայ «թուքով կպցրած» բան մը, հայկական հաւաքականութիւններու զգացականութիւններուն բաւարարութիւն տուող:

            Այս ընելու համար փափաքելի պիտի ըլլար, որ հայ դպրոցի ուսուցիչները ըլլային պատրաստուած անձեր եւ հնարաւորութեան սահմաններուն մէջ հայեր: Թուաբանութեան ուսուցիչը, օրինակ, երբ երկրաչափութիւն կը բացատրէ, օտար բառին ընկերացնելով հայերէն բառը, diagonale-ին կողքին դնելով հատանողը, ճիշդ հունի վրայ կը դնէ երկլեզուանի ուսուցումը, որ ինչպէս յաճախ ըսած եմ, երկու լեզու սորվեցնել չէ, այլ երկու լեզուով աշխարհը ճանչնալ: Նոյնը պէտք է ընել ճաշերու համար, զբօսանքին: Եթէ վարժութիւն ըլլայ հայերէնով ճաշել, գործածելով պտուղներու, բանջարեղէններու, ճաշատեսակներու հայերէն բառերը, կը նուաճուի «կեանքի լեզուն»:

            Յիսուն տարի առաջուան հայերէնի դասագիրքերը չեն կրնար ծառայել երկլեզուանի ուսուցման, իրենց ընտրած այլապէս հետաքրքրական գրական էջերով: Երկլեզուանի ուսուցման հայերէնի գիրքերը հիմնովին պէտք է վերանայուին, աւելի ճիշդ պատրաստուին նոր հիմերով նոր գիրքերը, անոնց մէջ պէտք է ներառնուի այն բոլոր հայերէնով չուսուցուուող այն բոլոր առարկաներու բառամթերքը,- իրագիտութիւն, թուաբանութիւն, աշխարհագրութիւն, ընդհանուր ազգաց պատմութիւն, երգ-երաժշտութիւն, երաժշտութիւն, խմբագրուած էջերով, ի հարկին լսատեսողական եւ համակարգչային օժանդակութեամբ:

            Անհրաժեշտ է նաեւ նախապասրաստական աշխատանքը, ճշդելու համար, ըստ տարիքի, գործածելի բառերու ցանկը, ինչպէս այդ կ’ընեն ուրիշ լեզուներու պարագային: Ի հարկէ, միշտ ընդգծելով, որ պէտք է հրաժարիլ նախասիրութիւններով եւ ենթակայական ազդակներով գործելու ձեւերէն, որդեգրելով գիտական երկարաշունչ մօտեցում, եւ անխուսափելիօրէն, տրամադրել նիւթական միջոցներ, չմսխուելու համար սիրողականի ժամանակավրէպ ընթացքին մէջ:

 

ԵԶՐԱԿԱՑՆԵ՞Լ՝ ԻՆՉՊԷ՞Ս

 

            Դպրոցական տարեվերջ է: Պատահաբար գտնուեցայ հայկական վարժարանի մը մէջ, զրուցեցի տնօրէնուհիին հետ, այլապէս հաւատաւոր, բայց ինք ալ կը գտնուի անցեալի շարունակուող հունին մէջ:

            Յիշել ֆրանսական առածը, որ ցուլը զգետնելու համար զայն պէտք բռնել իր կոտօշներէն, այսինքն՝ կիսամիջոցները զուր գոհունակութիւններ են:

            Մտածել նորահաս սերունդին մասին եւ յումպէտս չվատնել ներդրումները եւ չվատնուիլ:

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles