
Կիրակի օր եկեղեցի գացինք: Կեդրոնականցիին հետ մայթին դրուած սեղանին շուրջ սուրճ ապսպրեցինք: Եկեղեցասէրները բազմութիւն չէին:
Կը սպասէի որ խօսի համայնագիտարանը: Սուրճը բերին, դիմակները հանեցինք, այլ կերպ ինչպէ՞ս սուրճ խմել:
Արմենակ ցոյց տուաւ իր թաղեցի Ժիւլը, մեծ-հօր անունը Մեսրոպ, որ ընտանեօք եկեղեցի կու գար:
– Այս ժիւլը եւ իր կրտսեր Վազգէնը, վիճեր են, հիմա իրարու հետ չեն խօսիր: Ինք նիկոլական է, Վազգէնը՝ հակա:
– Լաւ է, Հայաստանը հայու տան մէջ, կը տագնապին:
– Իրենց հայրը կը տառապի: Վազգէն եղբօր տունը չ’երթար: Երբ Ժիւլ, իր կնոջ եւ զաւակներով, իր հօր տունը կու գայ, ուրախացնելու համար հայրիկ Յովսէփը եւ մայրիկ Օսանը, Վազգէնը կը բացակայի: Յովսէփ ըսաւ, որ հեռու Հայաստանի պառակտումները հասած են իր տունը:
– Արմենա՛կ, երկու եղբայր քաղաքական համոզում ունի՞ն, կուսակցական ե՞ն:
– Հայերէն թերթ չեն կարդար, Հայաստան չեն գացած: Բայց հայ են, եւ հայը կողմ է: Յովսէփ խնդրեց, որ օր մը միասին ընթրենք, եւ ինք ձեւը կը գտնէ որ եղբայրներն ալ ալ գան, որ զիրենք լուսաբանեմ: Ըսաւ. «Դուն լաւատեղեակ անձ ես, եկո՛ւր եւ վերջ տուր խռովութեան»:
Էլպիսին հետ գացինք ընթրիքի: Ներկայ էին զաւակները: Հայաստանի մասին սրտցաւ խօսքեր ըսինք: Երբ հարցը հասաւ Նիկոլի, երէցը կիրքով ըսաւ. «Երկիրը պէտք է մաքրել, կողոպտողներէն, թալանչիներէն: Նիկոլը նոր օրերու խաչակիր է»: Կրտսերը լուռ լսեց: Թերեւս չխօսէր ալ, եթէ իր կարծիքը չհարցնէի: Ըսաւ. «Պարոն Արմենակ, ամբոխի ծնած իշխանը կ’ըլլայ մենատէր: Անփորձ է եւ շրջապատն ալ: Ներդրումներ կը սպասուէին, որ գործեր բացուէին: Չեղան: Շրջանին մէջ մեր միակ պաշտպան ռուսին հետ յարաբերութիւնները վատացած են: Նիկոլը, ընտանիքով, կին, եղբայր, աներձագ, աւատապետութիւն հաստատած են»:
– Յետո՞յ:
– Հարցուցի, թէ ուրկէ՞ տեղեակ կ’ըլլային: Ժիւլ ըսաւ. «Սրճարանը կը հանդիպիմ արտագաղթածի մը, որ հոս գալէն ետք տուներու տէր է, հարուստ է, ամէն բանէ տեղեակ է»: Վազգէն ըսաւ. «Երբեմն տեղական թերթերուն մէջ գրութիւններ կ’ըլլան»:
– Դուն ի՞նչ ըսիր:
– Ի՞նչ ըսէի: Ըսի, որ Նիկոլը ժողովուրդին յոյս ներշնչեց, քիչ մըն ալ վրէժ, որպէս դարման, բայց յոյսով երկիր չի կառավարուիր: Ղեկավարը, եթէ կ’ուզէ վերականգնել երկիրը, պէտք է գտնէ համերաշխութեան եւ գործակցութեան ճամբան: Լուռ լսեցին:
– Լաւ է որ լսեր են, ուրիշներ չեն ալ լսեր:
– Ըսի, հետեւեցէ՛ք Հայաստանի լրատուամիջոցներուն: Թեր կամ դէմ չեղած պէտք է տեղեկանալ:
Վազգէն ըսաւ, որ իր գիտցած հայերէնով համացանցով պիտի կարդայ թերթերը, ինչ որ հետաքրքրական գտնէ, տպէ եւ եղբօրը տայ:
– Ըսի. «Ապրի՛ս, եւ Ժի՛ւլ, դուն ալ պիտի կարդա՞ս»: Ժիւլ շամբանեի շիշ մը բացաւ եւ ինք լեցուց Վազգէնի բաժակը: Պառակտումը խեղդուեցաւ պղպջակներու մէջ:
Արմենակ եզրակացուց.
– Եղաւ հաշտութիւն: Քանի մը հազար շիշ շամբանեը տանինք եւ Հայաստանը խաղաղեցնենք: Հոն կը սիրեն շամբանսքին: Ըսէ՛, ո՞ր հիմնադրամին դիմեմ:
Մակար ի Գաղիա, 23 յունիս 2020