
Մտածել ինքնիրմով, այդ կ’ենթադրէ նախ ինքզինք հարցապնդել: Սովորութիւն դարձնենք մեր խօսքերու վերջաւորութեան հարցման նշան դնել, միշտ բաց ձգելու համար խորհրդածութիւնը եւ անոր ընծայել վերստին ոստում կատարելու հնարաւորութիւնը:
Միշէլ Թոզզի, 1996
ՀԱՐՑԱԴՐՈՒՄՆԵՐ
Կարգախօսները եւ «վարդապետն ասաց»ը (magister dixit) երբեք օգտակար չեն եղած անհատներու եւ հաւաքականութիւններու գիտակցութիւնը զարգացնելու, յանձնառութիւններուն խորք տալու եւ յառաջդիմելու համար:
Սփիւռքը ազգային հիմնահարց է: Այս ըսած եւ կրկնած եմ: Ինքնանպատա՞կ, թէ՞ նպատակային՝ ազգին եւ հայրենիքին յարաբերաբար: Ինքնանպատակ կը դառնայ հայրենադարձութեան բացակայութեան: Դադրած ենք հարցերը ճիշդ սահմանելէ: Եթէ ինքնանպատակ՝ ի՞նչ ընելու եւ ո՞ւր հասնելու համար:
Թերեւս օր մըն ալ պէտք է խօսիլ սփիւռքներու ինքնանպատակ դառնալու պատճառներու եւ զանոնք այդպէս դարձնողներու ապազգային վերաբերումի մասին: Այսինքն՝ ղեկավարումի տեղայնացման:
Սփիւռք(ներ)ը գոյութիւն ունի՞ որպէս ազգային-մշակութային ամբողջութիւն, թէ՞ հրապարակի վրայ գտնուող փոքրամասնութիւններ այդպէս կը խորհին կամ կ’ուզեն հաւատացնել, այդպէս կը հաւատա՞ն Հայաստանի իշխանութիւնները: Այդ ամբողջութեան տոկալու եւ տեւելու պայքարը ի՞նչ բանի հանգրուան է. անհետացմա՞ն, թէ՞ վերադարձի: Հարցերը ճիշդ պէտք է սահմանել:
Սփիւռքները զանազան դիմագիծերով «հայասէր» հաւաքականութիւննե՞ր են, թէ՞ ազգի լիիրաւ հատուած:
Սփիւռքներու մասին ընկերաբանական ուսումնասիրութիւններ եղած են, ծագման, մշակոյթի, բարքերու, իրենց նոր միջավայրի հետ մերուելու, առանց իրաւ ինքնութեան եւ ազգի մը շարունակութիւն ըլլալու հարցերը քննելու: Կարծէք այդ ուսումնասիրութիւնները եղած են շրջապատին մէջ ինքնահաստատման բացատրութիւններ տալու համար, կամ պարզապէս ցոյց տալու, որ «ծագումով հայկական համայնքները» օրինակելի կերպով պատշաճած են իրենց նոր քաղաքացիութեան: Այդ «օրինակելի»ն յաճախ որպէս հպարտութիւն եւ ընդունելիութեան անցագիր կը ներկայացուի:
Տոկալ եւ տեւել ինքնաբերաբար չեն իրականանար, ճառային են եթէ չեն կենսագործուիր նախապայմանները: Այդ նախապայմանները, երբ հայրենիքի մէջ չենք, կ’ամփոփուին «հոգեւոր հայրենիք» տարազին մէջ, որ յօդուած եւ տեսակ-տեսակ ժողովներու յայտարարութիւններու զարդ կ’ըլլայ, եթէ չպարզաբանուի: Սփիւռքները, բացի զուարճութեան երեկոներէ եւ ասպարէզ որոնելէ, իրապէս «հոգեւոր հայրենիք»ը կ’ապրի՞ն, կ’ուզե՞ն ապրիլ, հասա՞ծ են հոն՝ ուր այլեւս չեն կրնար ապրիլ: Ճկոյթի ետին թաքնուիլ ազգի առաջնորդութիւն չէ:
Նաեւ, գաղափարախօսական յստակ պատասախան պէտք է տալ էական հարցման. ինչո՞ւ տոկալ եւ տեւել: Ինչո՞ւ հայութիւն պահել սփիւռքի մէջ, այդ «պահել»ու ճիգը ո՞ւր պիտի առաջնորդէ: Մինչեւ ե՞րբ կրնայ տեւել այդ ճիգը: Համրանքի տեսակէտէ այդ ճիգը ո՞ր տոկոսով կը յաջողի: Մէկ դարեայ սփիւռքի հայկական պահպանութեան տոկոսային գնահատումը կը փորձե՞նք ընել ըստ «հոգեւոր հայրենիք»ի ներկայութեան անհատներու եւ հաւաքականութիւններու մէջ, թիւերով:
Ձուկը ջուրին մէջ խեղդելու ճապկումներով, քաղաքական համարուած քարոզչութեամբ, կամ բարեսիրութեամբ եւ զբօսաշրջութեամբ կարելի չէ իրաւութեամբ պատասխանել հարցման: Մանաւանդ մինչեւ ե՞րբ կը դիմանայ այդ տոկալու եւ տեւելու կամքը, նկատի ունենալով շրջապատի հարթող ազդեցութիւնները, անոնք ըլլան քաղաքական, տնտեսական թէ մշակութային:
Ինչ ալ ըսենք եւ ընենք «ծագման» մը հաւատարիմ մնալու եւ յոյս ապրեցնելու համար, հարկ է նախ հասկնալ, որ սփիւռք(ներ)ը արդիւնք է պարտադրուած կամ ընդունուած պատմաքաղաքական արկածի եւ ներկայիս քաղաքական-տնտեսական նորատեսակ արկածի՝ սեփական իշխանութեան ներքեւ եւ անկախացած հայրենիքի մէջ: Այս արկածներու եզրայանգումը ի՞նչ կրնայ ըլլալ, մեր ազգային-քաղաքական մտածողութիւնը այդ լուծումը առաջնորդելու ծրագրում ունի՞, դիրքորոշում ունի՞, նախաձեռնութիւններ ունի՞, թէ՞ կը գործենք օրը օրին ապրելու ընթացքով, սպասելով որ…:
Սպասումները ո՞ւր կրնան առաջնորդել:
Երբ կը բացակայի հիմնական գաղափարախօսութիւնը, բնական կը դառնայ օրը օրին ապրելու իրարանցումը, որ կը վարագուրէ հիմնահարցերը, կ’ընթանանք «կեանքը ցոյց կու տայ»ի բան չնշանակող (չ)իմաստութեամբ:
ԻՆՉՈ՞Ւ Կ’ԸՍԵՄ ՍՓԻՒՌՔ(ՆԵՐ)
Այս սփիւռքները չեն սահմանուիր միայն «երկրէն» բերուած պատմական պատկերով, որոնք կը գծուէին «հայրենակացական միութիւններով», որոնք հին եւ նոր ձեւերով կը շարունակուին, եւ այսօր մեր տարտղնումին հետեւանք մոլորակային «աշխարհագրութեամբ», աղէտ-արտագաղթով եւ անցեալին քաղաքական պատուանդան համարուող հայրենամերձ գօտիներէ հեռացումով: Այս սփիւռքները կը սահմանուին, այսօր մանաւանդ, «հոգեւոր հայրենիք»ի իրենց մէջ ներկայութեամբ, բացակայութեամբ, անոր կորուստով: «Հոգեւոր հայրենիք»ը հետզհետէ կը մանրուի, կը վերածուի տօնակատարութեան աղմուկ-յիշողութեան եւ ճաշկերոյթի:
Իրաւութեամբ պէտք է գնահատել կացութիւնները: Հայրենահանուածներու սփիւռքը, երրորդ կամ չորրորդ սերունդ, ստուար մեծամասնութեամբ, առաջինի «հոգեւոր հայրենիք»էն հեռացած է: Բացառութիւններ կան, բայց ինչպէս կ’ըսէ առածը, «ծառը պէտք չէ ծածկէ անտառը»: Եթէ կարելի ըլլար վիճակագրութիւն մը կազմել, գիտնալու համար, թէ սփիւռքի մարդոց ո՞ր տոկոսը ամիսը տասը էջ հայերէն կը կարդայ, կը լուսաբանուէինք: Հայրենահանուածները «հոգեւոր հայրենիք» ունէին, կորսուած հայրենիքի ցաւի կողքին: Անոնք գրականութիւն կը կարդային, գրաճանաչ չեղող մամիկներ իրենց բարձին տակ «Նարեկ» ունէին, գիտէին ուխտի երթալ (որ դաշտահանդէսէ տարբեր խորք ունի), աւանդութիւններ կը յարգէին եւ այդ ձեւով շարունակութիւն էին:
Սփիւռքի համար տրուած թիւերը չենք փորձուիր ըստ «հոգեւոր հայրենիք»ի առկայութեան սահմանել եւ ճշդել մեր համրանքը: Սփիւռքները «հող-հայրենի»ի վրայ չեն, բնական կերպով ազգ եւ ազգի մաս ըլլալու համար: Իսկ կը պահե՞ն, պահա՞ծ են, կրնա՞ն պահել «հոգեւոր հայրենիք»ը, որպէսզի հարազատութիւն ունենան: «Լաւ քաղաքացի» ըլլալու ճանապարհին «հոգեւոր հայրենիքը» կը դառնայ յիշատակ, ընտանիքի յուշագրութիւն եւ կը սեղմուի օղակը: Չենք խօսիր չվհատելու եւ չվհատեցնելու համար:
Միշտ կը յիշեմ մեծն Սոկրատը, որ կ’ըսէր, թէ հարցումները աւելի կարեւոր են քան անոնց տրուած պատասխանները: Եթէ կարենայինք սփիւռքեան կացութիւնը ըմբռնելու փորձ ընել հարցականներով, փոխանակ կարգախօսներու մէջ խեղդուելու, հաւանօրէն ազգային ապագայի աւելի առողջ ուղղութեան մը մէջ կ’ընդգրկուէինք, փոխանակ բաւաւարուելու կրկնութիւններով եւ կարկտաններով, որոնք կը ծառայեն «էսթէպլիշմընթ»ները տեւականացնելու, նոր «նոմանքլաթուրա» ստեղծելու, ջոջական եւ վարձու ինքնատպութեան ու բառակոյտի մտաւորականութեան, որոնք կը յայտնուին համագումարներու, խորհրդաժողովներու եւ անգիր իւրացուած իրենք զիրենք կրկնող ճառերու աղմկարարութեամբ:
Ինչո՞ւ «սփիւռքներ»:
Ժամանակակից իմաստասէր մը, Միշէլ Թոզզի կ’ըսէ. «Մտածել ինքնիրմով, այդ կ’ենթադրէ նախ ինքզինք հարցապնդել: Սովորութիւն դարձնենք մեր խօսքերու վերջաւորութեան հարցման նշան դնել, միշտ բաց ձգելու համար խորհրդածութիւնը եւ անոր ընծայել վերստին ոստում կատարելու հնարաւորութիւնը»: Պարզ չէ՞, որ մեր գիտցածը սառած չէ, տեւաբար կը փոխուի, եթէ գիտնանք հարցման նշան դնել մեր գիտցածներուն վրայ:
Ի՞նչ գիտենք սփիւռքներու մասին: Գիտնա՞լ կը նշանակեն մօտաւոր եւ ենթակայական գնահատումները՝ ինչ կը վերաբերի համրանքի եւ ընդհանուր ձեւով՝ «հոգեկան հայրենիք»ի, որոնք յաճախ կը ներշնչուին զգացականութենէ եւ կողմնապաշտական շահախնդրութիւններէ, եւ չեն կրնար առաջնորդել ճիշդ դատումներու, որպէսզի իմաստաւորեն նախաձեռնութիւնները, եւ անմիջական տեսողութեամբ նաւավարութիւն չընենք: Ֆրանսերէն կ’ըսեն՝ pilotage à vue:
Ուսումնասիրութիւններ եղած են պատկերացնելու համար սփիւռքներու այս կամ այն համայնքը (Այտա Պուճիգանեան կամ Մարթին Յովհաննէսեան), բայց անոնք առաւելաբար տուած են տրուած կացութեան մը շողանկարը (radioscopie): Ուսումնասիրողին պարտականութիւնը չէ ուղղութիւն ճշդել, հեռանկար տալ, անխարդախ ազգային մտաւորականութիւնը եւ անոր հունով ղեկավարութիւնները պիտի տան, պիտի տային հեռանկարը: Եթէ տուած ըլլային, «հոգեկան հայրենիք» կը պահէինք, նահանջները արդարացնելու լեզուագարութիւններ չէինք ըներ:
Հայրենահանուածներու սփիւռքը կը մերուի, հետզհետէ աւելի մեծ թափով, եւ այդ թափը կը տանի ձուլման: Հրաշքի նմանող նախաձեռնութիւններ կան, նոր դպրոցներ կը ստեղծուին, բայց միաժամանակ դպրոցներ կը փակուին: Հայկական թերթեր կը փակուին կամ կը դառնան օտարալեզու՝ մարդորսական նպատակներով, որ երգով կամ առանց երգի նահանջի ինքզինք բազմապատկող պատկեր է:
«ՀՈԳԵՒՈՐ ՀԱՅՐԵՆԻՔ»Ի ՄԱՍԻՆ՝ ԱՌԱՆՑ ՃԱՊԿՈՒՄՆԵՐՈՒ
Հայկական սփիւռք(ներ)ը համապարփակ ուսումնասիրութեան առարկայ չէ եղած: Թերեւս չենք ալ կրնար այդ իրականացնել, գոհանալով մասնակի, համայնքային կամ «յուզիչ» երեւոյթներ լուսարձակի տակ առնելով:
Նման ուսումնասիրութեան մը կամ խորհրդածութեան մը համար անհրաժեշտ է ունենալ արժէքային եւ գաղափարական առանցք մը: Հող-հայրենին կենսական է, առանց որուն զանգուածները կը վերածուին տարաշխարհիկ երեւոյթներու (exotique), ֆրանսացի, ամերիկացի, արաբ, սպանացի եւ այլ քաղաքացիութիւններով, որոնք վաղ թէ ուշ նոր ինքնութիւններու ծնունդ կու տան, աստիճանաբար հեռանալէ ետք արմատներէ, պատմական-սեփականէ տարբեր, մարդկային եւ մշակութային խառնածին վիճակներու ստեղծումով: Քաղաքական-գաղափարախօսական միամտութիւն է խորհիլ, որ «հող-հայրենի»էն հեռու, ազգային ինքնութիւն կարելի է յաւերժացնել: «Հոգեւոր-հայրենիք»ը եւ «հող-հայրենի»ն մէկութիւն են: Առանց «հոգեւոր-հայրենիք»ի հողը կը դառնայ սոսկ աշխարհագրական տարածութիւն: Սփիւռքները, առանց «հոգեւոր հայրենիք»ի կը դադրին ազգի հատուած ըլլալէ: «Հոգեւոր հայրենիք» պահելու ճիգերով անգամ, անհող սփիւռքները դատապարտուած են այլասերման, քանի որ նոյն «հոգեւոր հայրենիք»ը կ’աճի եւ կը զարգանայ սեփական հողի վրայ: Բնութեան կարգ է: Կենդանական աշխարհը կը վկայէ այն մասին, որ անասունները իրենց գոյութիւնը ապահովելու համար կը ճշդեն իրենց սահմանները, տիրութիւն կ’ընեն իրենց տարածքին:
Դեռ ժամանակ մըն ալ «հոգեւոր հայրենիք»ը սփիւռքները կրնայ պահել ազգի հատուածի վիճակի մէջ: Բայց ո՞ւր գտնել եւ ինչպէ՞ս պահել «հոգեւոր հայրենիք»ը կազերու պէս տարածուող եւ նօսրացող սփիւռքներու մէջ:
Ի՞նչ բան է «հոգեւոր հայրենիք»ը, որ ֆրանսացին կ’ընէ ֆրանսացի, ճաբոնցին կ’ընէ ճաբոնցի: Ան բազմաշերտ մշակոյթի եւ տեսիլքներու համատեղ ներկայութիւնն է անհատի եւ իր տարբերութիւնը ընդունող հաւաքականութեան կեանքին մէջ: Առանց կարեւորութեան եւ նախընտրութեան ազդակներով կը սահմանուի. լեզու, գիր, գրականութիւն, երգ, պար, գաղափարական գիտակցութիւն առանց տեսական մարզանքներու, ընտանիք, աւանդութիւններ, կրօնք, եւայլն: Բոլորով կը կազմուի ինքնութեան շէնքը, որ փուլ կու գայ եթէ յաջորդական տեղատուութիւններով անտեսուի մէկ կամ միւս ազդակը: Սփիւռքեան կացութեան մէջ մէկ տեղատուութիւն իր ետւեէն կը քաշէ յաջորդը:
Սփիւռքները, հակառակ «քաջալերական» եւ «ինքնագոհական» ճառերու, քարի-քարասիրական շինարարութիւներու, կարգախօսային աղմուկի եթէ քննենք, կը տեսնենք, որ «հոգեկան հայրենիք»ը տեւաբար նուազուրդի կ’ենթարկուի: Երբ սեփական լեզուն կը դադրի հաղորդակցական միջոց ըլլալէ, լրատուամիջոցներով, ժողովներու ընթացքին, եկեղեցիի խորանէն եւ բեմերէն, ինչպէ՞ս կը շնչէ «հոգեւոր հայրենիք»ը: Երբ «հայրենատիրութիւն»ը կը դառնայ սոսկ ճառ, բարեսիրութիւն եւ զբօսաշրջութիւն, սփիւռքները բանտարկելով սեփականէ տարբեր աշխարհագրական սահմաններու մէջ, «հոգեւոր հայրենիք»ը կը վերածուի ցուցական, քարոզչական եւ յուշագրական աղմուկի, շատ յաճախ օտարաբարբառ եւ ուղղուած այսպէս կոչուած՝ օտարին, որուն շատ ալ հոգը չէ թէ ինչ կ’ըսենք եւ կ’ընենք:
Հայրենահանուածներու սփիւռքը, նոյնիսկ երրորդ եւ չորրորդ սերունդի, հոգեբանական բացասական ազդեցութեան ենթակայ է: «Հայրենակցական» զգացումները Հայաստանէն արտագաղթողներու նկատմամբ չեն կրնար թաքցնել բացասական լուռ կամ բացայայտ տպաւորութիւնը, որ տեղի կ’ունենայ հայրենալքում, հետեւաբար կը յառաջանայ այն միտքը, թէ ի՞նչ բանի պիտի ծառայէ «հագեւոր հայրենիք»ը, քանի որ մենք մեզ կը դատապարտենք անհայրենիք ապրելու վիճակի:
«Հոգեւոր հայրենիք»ը կարեւոր է տոկալու եւ տեւելու համար, բայց եթէ ան նաւ մըն է որ նաւահանգիստ չունի, ուր կարենայ խարիսխ նետել, կը պարպուի իր էութենէն: Հետեւաբար, սփիւռքներու պարագային, «հոգեւոր հայրենիք»ը կրնայ իմաստաւորուիլ միայն հայրենադարձութեան մնայուն եւ իրագործուող առաջադրութեամբ, որ քարոզչութենէ, բարեսիրութենէ եւ զբօսաշրջութենէ տարբեր որակ է: Այս կացութեան ճիշդ գնահատումը պէտք է ընէ Հայաստանը, առանց տուրքեր տալու եսերու, զանոնք շոյելու, կորսուող ջաղացքին չախչախը փրկելու «դիւանագիտութեամբ»:
Հայաստանը ոչ միայն հեռատեսիլային հաղորդումներով եւ այցելութիւններով, այլ ծրագրուած ներդրումով, սփիւռքներու մէջ «հոգեւոր հայրենիք»ի զարգացման իր նպաստը պէտք է բերէ, հայրենահանուածներու պահած կամ կորսնցուցած «հոգեւոր հայրենիք»ի ենթահողին վրայ: Օրինակ, առանց խաթարելու արեւմտահայերէնի հէնքը, միաժամանակ զարգացնելով հայրենադարձութեան քաղաքականութիւնը: Աւելին. զարգացնելով հայրենատիրութեան գիտակցութիւնը, ոչ միայն Հանրապետութեան նկատմամբ, այլ նաեւ բռնագրաւեալ Հայաստանի:
Հայ ժողովուրդի կէսէն աւելիին ապագան ի՞նչ կրնայ ըլլալ առանց «հոգեւոր հայրենիք»ի եւ առանց «հայրենադարձութեան» իրագործումի:
Ինչո՞ւ այս հարցերը իրենց պարզութեամբ եւ իրաւութեամբ չեն քննուիր եւ չենք յանգիր ապաքաղքենիական եզրակացութիւններու:
Օր մը ստիպուած պիտի ըլլան մեր յաջորդները հարցնելու, եթէ հարցնողներ ալ մնան, թէ ի՞նչ բանի ծառայեցին «ճանաչումներ»ը, «ցոյց»երը, գեղակերտ շէնքերը եւ տօնախմբութիւնները, «ծագումով հայեր»ու մեծ կամ փոքր յաջողութիւնները: