
Փետրուար 12-14, Պոսթընի համալսարանէն ներս տեղի ունեցաւ Հայոց Սփիւռքի մասին նուիրուած միջազգային համագումար մը, որուն զուգընթաց, նաեւ կատարուեցաւ աշակերտական մակարդակի հանդիպում-կլոր սեղան: Այս հանդիպում-հաւաքներուն ընթացքին, քննարկուեցան զանազան բնագաւառներ եւ հարցեր: Յայտագիրը կազմակերպուած էր Պոսթըն Համալսարանի Հայ Արդի Պատմութեան եւ Գրականութեան՝ »Չարլզ եւ Էլիզապէթ Քենոսեան« ամպիոնին կողմէ, որուն վարիչ-պատասխանատուն է փրոֆ. Սիմոն Փայասլեան:
Յայտագրին մասնակցեցան քառասունէն աւելի մտաւորականներ, որոնք իրենց ուսումնասիրութիւնները ներկայացուցին ներկաներուն: Նիւթերու կարգին էին.- Սփիւռքեան գաղութներու եւ ինքնութեան կերտումն ու մշակումը, սփիւռքեան գաղութներու դերն ու աշխատանքը իրենց հիւրընկալող երկիրներէն ներս, եւ սփիւռքեան մշակոյթներու զարգացումը՝ զուգընթաց զանազան ժողովրդական շարժումներու, ինչպիսին են ազգայնասիրականութիւնը, միջազգայնականութիւնը եւ փափուկ սեռի՝ կնոջական շարժումները:
Ուրբաթ, Փետրուար 12-ին, տեղի ունեցաւ աշակերտական հանդիպում-կլոր սեղանը: Յայտագիրը երաշխաւորեցին Հայ Արդի Պատմութեան եւ Գրականութեան “Չարլզ եւ Էլիզապէթ Քենոսեան” ամպիոնը եւ Զօրեան Ինսթիթիւթի Սփիւռքեան Ուսումնասիրութիւններու Միջազգային Հիմնարկը: Ներկայացուած նիւթերն ու մասնակիցներն էին.- “Սփիւռքեան Ինքնութիւններ եւ Գաղութակերտում”, որուն նախագահն ու վարիչն էր Սիմոն Փայասլեանը (Պոսթըն Համալսարան), իսկ մասնակիցներն էին Սինթիա Օլիֆանթ (Քալիֆորնիոյ Պետական Համալսարան, Ֆրէզնօ), Աննա Յարութիւնեան (Պերլինի Ֆրէյ Համալսարան), եւ Հաքեմ Րասթոմ (Լոնտոնի Տնտեսական Համալսարան). “Սփիւռքն ու Մշակութային Զարգացումը”, նախագահութեամբ Պետրոս Տէր Մաթոսեանի (Էմ. Այ. Թի.), այս սեղանը վարեց Գէորգ Պարտագճեանը (Միշիկըն Համալսարան, Անն Արպըր) եւ մասնակցութեամբ Լիլիթ Քէշիշեանի (Եու. Սի. Էլ. Էյ.), Մարի Պլանշ-Ֆուրսատի (Մոնրէալի Համալսարան), եւ Սթեֆանի Սթոքտէյլի (Թանտըրպըրտ Սքուլ օֆ Կլոպըլ Մէնըճմընթ). “Միջազգայնականութիւն, Ազգայնականութիւն, ու Խոչընդոտ (Transnationalism, Nationalism, and Conflict), նախագահութեամբ Ռիչըրտ Կ. Յովհաննէսեանի (Իւ. Սի. Էլ. Էյ.) այս կլոր-սեղանը վարեց Ասպետ Գոչիկեանը (Պենթլի Համալսարան), մասնակցութեամբ Ստեփան Ստեփանեանի Թաֆթց Համալսարանի Օրինագիտութեան եւ Քաղաքականութեան Ֆլեչըր հիմնարկ), Անուշ Պէզհանեան (Հարաւային Քալիֆորնիոյ Համալսարան), Քաթրին Քէյսի (Շիքակոյի Համալսարան), եւ Լորանտ Փուս (Պոլյեայ Համալսարան):
Յատուկ մասնագիտական համագումարը, որ շարունակուեցաւ Շաբաթ եւ Կիրակի, անգամ մը եւս երաշխաւորուած էր Հայ Արդի Պատմութեան եւ Գրականութեան “Չարլզ եւ Էլիզապէթ Քենոսեան” ամպիոնի, Զօրեան Ինսթիթիւթի Սփիւռքեան Ուսումնասիրութիւններու Միջազգային Հիմնարկի, եւ Հայկական Ուսումնասիրական Կեդրոնի (NAASR, Պելմոնթ, Մասաչուսէց) կողմէ:
Շաբաթ օրուայ յայտագրի ընթացքին հետեւեալ նիւթերը ներկայացուեցան.-
“Սփիւռքեան Ինքնութիւն, Մարդկային Իրաւունքներ, եւ Ցեղասպանութիւն”, նախագահութեամբ` Սիմոն Փայասլեանի (Պոսթըն Համալսարան) եւ մասնակցութեամբ` Նանոր Գեպրանեանի (Գոլոմպիա Համալսարան), Ճոյս Ափսելի (Նիւ Եորքի Համալսարան), եւ Ռուպինա Փիրումեանի (Իւ. Սի. Էլ. Էյ.): Այս վիճաբանական հանդիպումին զրուցավարն էր Ճորճ Շիրինեան (Զօրեան Հիմնարկ),
“Սփիւռքեան Պատկանելիութեան եւ Վերաշխուժացման Պատմագրութիւն” նիւթին զրոյցը վարեց Խաչիկ Թէօլէօլեան (Ուեսլիյըն Համալսարան): Մարք Մամիկոնեանի նախագահութեամբ (NAASR) այս կլոր սեղանին մասնակցեցան Սիւզըն Փաթիի (Լոնտընի Համալսարան), Սեպուհ Ասլանեան (Քորնել Համալսարան), եւ Սօնա Յարութիւնեան (Վենետիկի Քա Ֆոսքարի Համալսարան):
“Հայկական Ներգաղթ 1946-1949.- Պայմաններ, Փորձառութիւններ, Արդիւնք” հետաքրքրական նիւթը արծարծուեցաւ Սիւզըն Փաթիի նախագահութեամբ եւ մասնակցութեամբ` Սեւան Եուսեֆեանի (Իւ. Սի. Էլ. Էյ.), Աստղիկ Ատամեանի (Ինալքօ, Փարիզ), եւ Գարի Նիլիի (Միջին Թէնըսիի Պետական Համալսարան):
“Արուեստի արժեւորումն ու վերարժեւորումը՝ Սփիւռքէն ներս” նախագահութեամբ Հրայր Անմահունիի (Լա Քրեսենթա, Քալիֆորնիա): Նախագահութեամբ, Տէյվիտ Գազանճեանի (Փենսիլվանիոյ Համալսարան), այս նիւթին իրենց մասնակցութիւնը բերին Հելին Անահիտ (Լոնտընի Միտըլսէքս Համալսարան), Էմըլի Արթինեան (Չելսի Արուեստի Քոլեճ, Լոնտըն), Քրիսթոֆըր Ատամեան (Նիւ Եորք), Չարլզ Կարոյեան (Փեն. Սթէյթի Տեսողական Արուեստի Դպրոց), Նիրի Մելքոնեան (Նիւ Եորք), եւ Ապելինա Գալուստեան (Քալիֆորնիոյ Համալսարան, Սանթա Պարպարա):
Կիրակի օր, շարունակուեցաւ այս Սփիւռքի զանազան հարցեր քննարկող գիտաժողովը:
“Սփիւռքեան Գաղութներէն Ներս Մշակոյթն ու Տնտեսութիւնը” նիւթը քննուեցաւ նախագահութեամբ, Ճորճ Շիրինեանի եւ ղեկավարութեամբ՝ Մարք Մամիկոնեանի: Մասնակիցներն էին` Այտա Պուճիքանեան (Մոնրէալ), Կրեկըրի Աֆթանտիլեան (Ուաշինկթըն), Ֆիլիփփէ Վիտելիէ (Գիտական Ուսումնասիրու թիւններու Ազգային Կեդրոն, Լիոն), եւ Մաթիաս Ֆրից (Լեզուաբանութեան Վ. Պրուսով Պետական Համալսարան, Երեւան):
“Սփիւռքեան Ուսումնասիրութիւններու Միջմասնագիտականութիւնը” նիւթին զրուցաբերն էր Խաչիկ Թէօլէօլեան, մասնակցութեամբ` Տէնյըլ Տակլըսի եւ Անի Պագալեանի (CUNY), Քարել Պերթրամի (Սան Ֆրանսիսքօ Պետական Համալսարան) եւ Նիկոլ Մարգարեանի (Երեւանի Պետական Համալսարան):
“Սփիւռքեան Ազգայնականութիւն եւ Միջազգայնականութիւն” նիւթին նախագահն էր Ասպետ Գոչիկեան, իսկ զրուցավարը՝ Պետրոս Տէր Մաթոսեան, մասնակցութեամբ` Արա Սանճեանի (Միշիկընի Համալսարան, Տիրպորն), եւ Վարդան Մաթէոսեանի (Յովնանեան Դպրոց, Նիւ Ճըրզի):