
Յ. Պալեան
Սփիւռք(ներ)ը հիմնահարց է հայ ազգին համար, ոչ համայնքին, ոչ անհատներուն: Բայց ինչո՞ւ:
Ան կը դադրի հիմնահարց ըլլալէ շատերուն համար, երբ տարիները կ’անցնին, համարկումը կը շարունակուի եւ կ’ընթանայ դէպի տեղական-քաղաքացիական վիճակի հետ հաշտութիւնը, նուազեցնելով պատկանելիութեան հաւատարմութիւնը եւ յանձնառութիւնը, գործնպաշտութիւնը մոխիր կը ցանէ դեռ երէկ կարեւոր եւ հիմնական համարուած արժէքներու վրայ:
Թիւրիմացութիւն պէտք չէ ըլլայ: Սփիւռք(ներ)ի հզօրացումը առաջադրանք է: Բայց նպատակ չէ: Ան այս կամ այն համայնքի կամ գաղութի յաւերժացման պիտի չձգտի: Տարրական ողջախոհութիւնը կը յուշէ, որ այդ յաւերժացումը անկարելի է, առաւել կամ նուազ կարճաժամկէտ է:
Մարդկային իրաւունքներու եւ յարգանքի դէմ է սփիւռք ըլլալու եւ ակամայ ընդունուած այդ կացութիւնը, հետեւաբար նաեւ այդ վերջնական համարելու գաղափարը:
Սփիւռքը պէտք է հզօրացնել, պահել իր ազգային ինքնատիպ նկարագրով, այդ հայկական հաւաքականութիւնները վերադարձնելու համար ազգային բնական գոյութեան, որ կարելի է միայն սեփական հայրենիքի մէջ, ուր կայ մշակոյթ, ուր կը հիւսուի ազգի պատմութիւնը, ուր կարելի է շարունակութիւն ըլլալ:
Սփիւռքի հզօրացման նպատակը ինքնապաշտպանութիւն է, ազգին վերդառնալու արմատական միտքով:
Աւելի պարզ. Սփիւռքի հզօրացումը եւ ազգային նկարագրով պահպանումը նպատակ չեն, պիտի չըլլային, այլ՝ նախապատրաստութիւն Վերադարձի եւ Միացման:
Սփիւռքի հզօրացումը պիտի ըլլայ Վերադարձի հեռանկարով եւ Հայրենատիրութեան անխարդախ գիտակցութեամբ, առանց շերտերու վերածուելու:
Կամ մենք վերջ պիտի տանք սփիւռք(ներ)ին, կամ ժամանակը եւ մեր կրած ազդեցութիւնները վերջ պիտի տան անոր, անցնելով ծագումով հայերու միջանկեալ կացութենէն: Այս է իրատեսական թելադրութիւնը, նոյնիսկ եթէ ան կը խանգարէ մեր զանազան երեւելիութիւնները եւ քաղքենիացման հետեւանք մեր պատշաճեցման, չխանգարուելու բարքերը եւ ինքնագոհութիւնը:
Աւանդութիւն է. սփիւռք(ներ)ի կառոյցները կը գործեն այնպէս, որ կարծէք հայութիւնը հոս կամ հոն պիտի յաւերժանայ, ազգը քարտէսի այս կամ այն կէտին վրայ պիտի մնայ եւ պիտի տեւէ, որպէս «տեսակ մը ազգ», բախտաւոր պարագային, ինչպէս կ’ըսէ բանաստեղծը՝ «անրջելով Հայաստան» (Արտեմ Յարութիւնեան): Այսինքն պիտի ըլլանք Նոր Զելանտայի հայ ազգ, Չինաստանի հայ ազգ, ժամանակ մըն ալ պահելով բանաստեղծի ըսած անուրջը… Այս ըմբռնումը իմաստասիրական, բարոյական եւ հասարակագիտական միտքի խանգարում ստեղծած է, համայնք եւ գաղթականութիւն շփոթուած են ազգի հետ, մտայնութիւն՝ որ կը շարունակուի այսօր ալ, երբ պատասխանատու մարդիկ կը յայտարարեն, որ հայութիւնը համաշխարհային ազգ է: Նոյն ինքնախաբէութեան հունով, ըսողներ եղան, որ իրենք հարիւր տոկոսվ հայ են եւ հարիւր տոկոսով ֆրանսացի, նոյն տրմաբանութեամբ կրնանք ըսել՝ անգլիացի, ամերիկացի, չինացի, ինչո՞ւ ոչ՝ թուրք…
Երբեմն ալ կը խօսուի այս կամ այն գաղութ-համայնքի ապագայի մասին եւ կը յայտնուին չնարաշխարկիկ կարծիքներ, ինչպէս յիշուած համաշխարհային ազգը:
Սփիւռք(ներ)ը ինչպէ՞ս եւ ազգի մը գոյացման ո՞ր ստորոգելիներով կրնայ ազգ կոչուիլ: Ճիշդ է, մարդիկ կրնան խմբուիլ կարգ մը գաղափարներու շուրջ, ստեղծել համապատասխան ընկերային, մշակութային, կրօնական, կրթական եւ այլ կառոյցներ, դիմակայելու համար շրջապատի ուղղակի-անուղղակի ազդեցութիւնները, ուրոյն ինքնութիւն պահելու եւ շարունակութիւն ըլլալու միտումով: Բայց ամէն օր որ կ’անցնի, այդ ինքնութիւնը բնական կերպով կ’ենթարկուի ուղղակի եւ անուղղակի նախայարձակումներու, որպէս ընդհանուր օրէնք եւ կացութիւն, ընդդէմ ուրոյն ինքնութեան եւ շարունակութեան: Բացառութիւններու ծխածակոյթը կը համոզէ համոզուածներու հետզհետէ կծկուող շրջանակները:
Կամաւոր կուրութիւն է, անհատին եւ ղեկավարին համար, չտեսնել ծառի ետին գտնուող անտառը…
Պէտք է հարց տալ, օրինակ, թէ ի՞նչ նպատակ կրնայ ունենալ հայ դպրոցը, հայ եկեղեցին, հայկական թատերասրահը, ակումբը, կուսակցութիւնը, բարեսիրական միութիւնը եւ այլ միութիւնները, եթէ իրենց արժէքներու տախտակին վրայ արձանագրած չըլլան Վերադարձը եւ Միացումը: Սփիւռք(ներ)ը կրնա՞յ հայ ազգ մնալ կորսնցնելով ազգը բնորոշող յատկանիշները, որոնք կը ստացուին որպէս ժառանգութիւն եւ կը կտակուին:
Այլ խօսքով, այն պահէն սկսեալ երբ սփիւռք(ներ)ը կը դադրի հաւաքաբար եւ անհատաբար Վերադարձը եւ Միացումը մնայուն օրակարգ ունենալէ, կ’ընդունի եւ կը հաշտուի, որ եթէ ոչ այսօր, այլ վաղը պիտի խորթանայ իր արմատներէն, եթէ ոչ ինք՝ իր յաջորդները, աստիճանաբար կը հեռանայ, դուրս կը մնայ ազգային հաւաքականութենէն: Ազգ ըլլալու համար շարունակութիւն պէտք է, այդ կ’ըլլայ ինքնութիւն պահող սերունդով եւ կենսական հայրենատիրութեամբ, որ կ’իրականանայ հայրենադարձութեամբ: Առանց այս զոյգին, լոյսի պէտք չկայ տեսնելու համար, թէ ո՞ւր պիտի յանգի սփիւռք(ներ)ի համրանքը, որ այլապէս կարեւոր է ազգի հզօրացման համար:
Երբ սփիւռք(ներ)ի պահպանութեան համար կարծիքներ եւ տեսակէտներ կը յայտնուին, անկեղծ պէտք է ըլլալ եւ հաշուեկշիռը ընել մաշումներու եւ ըստ այնմ նախատեսութիւններ ընել: Զբօսաշրջային հայասիրութիւն-հայրենասիրութիւնը օգտակար է Հայաստանի, ան ժամանակ մըն ալ դեռ կրնայ օգտակար կրնայ ըլլալ սփիւռք(ներ)ի մէջ պահելու ազգային գիտակցութիւնը, բայց անհեռանկար է: Մինչեւ ե՞րբ:
Սփիւռք(ներ)ը հիմնահարց է ոչ այս կամ այն գաղութին փառքեր հիւսելու համար,- հարուստներ, մեծանուն մտաւորականներ, արուեստագէտներ, քաղաքական դէմքեր,- այլ զայն պատրաստելու համար հայրենատիրութեան, միացման եւ վերադարձի: Ազգը կը տեւէ, պիտի տեւէ այն տարածութեան վրայ, այն սահմաններուն մէջ, որ հայրենիք է, այն մշակոյթով եւ լեզուով որ իրեն յատուկ է: Ուրիշի երկրին մէջ եւ ուրիշի մշակոյթով տուեալ հաւաքականութիւնը կը դառնայ ուրիշ: Կ’ունենայ նոր հարազատութիւն, որ նախկինի շարունակութիւնը չ’ըլլար, պիտի չըլլայ:
Սփիւռք(ներ)ը հիմնահարց է սփիւռքեան եւ Հայաստանի ղեկավարութեան համար, որպէսզի ան մնայ հայկական հաւաքականութիւն, պահելով ազգի առհաւական առաքինութիւնները եւ ստորոգելիները, որոնք համագումար՝ կը կազմեն ազգային դիմագիծը, պահելով ազգին մաս կազմող համրանքը, որուն ան պէտք ունի ուժ ըլլալու եւ տեւելու համար:
Հետեւաբար, սփիւռք(ներ)ը գոյացնող այս կամ հայկական համայնքի հզօրացումը, տեւելու եւ տոկալու ուղղութեամբ ջանքերը գաղափարի մը պէտք է հետեւին, վախճանական նպատակ (finalité) պէտք է ունենան: Այլապէս անոնք աստիճանաբար կը հեռանան հասարակաց կոճղէն, եւ ինչպէս արդէն ըսելաձեւ դարձած է, կը դառնան ծագումով հայեր, որոնք կրնան ըլլալ արժէքաւոր եւ յաջողած անձեր, կրնան նոյնիսկ ըլլալ հայասէր եւ տուրիստ, բայց օր կու գայ որ այլեւս չհոսին հայկական աւազանի մէջ:
Պարզ ճշմարտութիւններ կան, զորս փակագիծի մէջ կը դնենք, մարդորսութիւն (prosélytisme) կը խաղանք, ինչպէս մայրենիէն հեռացումը: Հանդիսաւոր բեմէ Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան այս մասին ըսաւ սփիւռք(ներ)է եկած պատուիրակութիւններու առջեւ, գրեց. «Լեզուն ազգային ինքնութեան պահպանման հիմքն է, իսկ լեզուի մոռացութիւնն ազգային ինքնութեան կորստի ուղիղ ճանապարհ է»: Այս մտահոգութիւնը այնքա՜ն կրկնուած է, որ այլեւս հնաբանութիւն կը համարուի եւ լսող չի գտներ:
Երբեմն հարց պէտք է տանք, թէ առանց լեզուի ի՞նչ կը ժառանգեն եւ ի՞նչ կը կտակեն զանգուածները, առանց որպէս դրօշ պարզելու բացառութիւնները, եզակիները, որոնց շարքին կրնանք գտնել նաեւ ոչ-հայեր, եւ արդարանալ ու մխիթարուիլ:
Սփիւռք(ներ)ը կը յաղթահարէ՞ սոսկ որպէս համայնք ապրելու սովորութիւնը: Կը դադրի՞ կիսամիջոցները եւ տեղական-տեղայնական պատշաճեցումները եւ անհատական եսի շահախնդրութիւնները նպատակ համարելէ, առանց բաւարարուելու «դուք հոս մենք հոս»ի պարտուածի գործնապաշտութեամբ:
Սփիւռք(ներ)ը ինքզինք կը սահմանէ՞ հիմնական եւ իրաւ անշպար առաջադրանքի. «ինչպէ՞ս վերադառնալ ազգին»:
Առանց կիսամիջոցներով մարդորսութիւն ընելով խաբելու եւ խաբուելու:
Վերադարձ՝ հողին, մէկ ազգ մէկ մշակոյթին, եւ միացեալ համրանքին: