ՍՓԻՒՌՔԱՀԱՅ ՄԱՄՈՒԼ … ԽՈՀԵՐ ԵՒ ԽՆԴԻՐՆԵՐ

0 0
Read Time:1 Minute, 37 Second

 

ՀԱՅՐԵՆԻՔ

Խմբագրական

Առհասարակ մամուլի մասին խօսելով, իբրեւ կիզակէտ նկատի կ՚ունենանք հաղորդակցութիւնը… կապ մը, միջոց մը, բնագաւառ մը, որ այնքան փոփոխութիւն կրած է (եւ դեռ ալ պիտի կրէ), որ իր իմաստն ու հասկացողութիւնը նոյնիսկ կորսնցուցած է:

Կարկինը քիչ մը սեղմելով, սփիւռքահայ մամուլին պարագան նոյնն է։ Ան ծնունդ առած է Ցեղասպանութենէն առաջ իսկ… տարինե՜ր առաջ, յանձին հայ մամուլի ռահվիրայ Հայր Յարութիւն Շմաւոնեանի՝ սփիւռքեան իրավիճակին եւ գոյավիճակին հաղորդակցելու սկզբնական անհրաժեշտութենէն։

Հայր Շմաւոնեանի լոյս ընծայած «Ազդարար» ամսաթերթը (Մատրաս, Հնդկաստան), որ կարճ կեանք մը ունեցաւ՝ Հոկտեմբեր 1794-էն մինչեւ Մարտ 1796 ընդամէնը 18 թիւ հրատարակելով, նպատակ ունէր կամրջել այդ օրերուն Ասիոյ մէջ բնակութիւն հաստատած հայ վաճառականները՝ ազգային եւ մշակութային լուրեր հաղորդելով: 

Ներկայ ժամանակներուն, հայ մամուլի ու Սփիւռքի առնչութիւնը կը մեկնի կապ հաստատելու եւ հաղորդակցելու սկզբնական այն կարիքԷն, զոր Հայոց Ցեղասպանութեան վերապրողները զգացին, գիտակից ըլլալով օրուան արգելքները, խոչընդոտներն ու լուռ ցաւերը հասկնալու անհրաժեշտութեան:

Ցեղասպանութեան յաջորդ սերունդը գործօն դերակատարը եղաւ սփիւռքեան գոյավիճակի տագնապին, որունհանդէպ մամուլը յատուկ գուրգուրանք ունեցաւ։ Սակայն, յստակ է, որ անոր հասկացողութիւնը, դերակատարութիւնն ու անհրաժեշտ վերասահմանումը հարցադրումի տակ կը մնան:

Այո՛… շարունակ մուտք գործող առցանցային ու ելեկտրոնային համակարգեր, սկսելով պարզ ել-նամակներէն մինչեւ Դիմատետր, Դայլայլիչ, եւայլն, միեւնոյն ժամանակ թէ՛ դիւրացուցած եւ թէ՛ դժուարացուցած են ընդհանրապէս մամուլի եւ յատկապէս սփիւռքահայ մամուլի պարտականութիւնը:

Լուրերը կայծակնային արագութեամբ կը տարածուին վերոյիշեալ կառոյցներու միջոցաւ, սակայն բազմիցս կը հանդիպինք մերթ անմակարդակ եւ մերթ կիսատ-պռատ մատուցումներու:

Աւելի՛ն. մատը վէրքին վրայ դնելով, ազգային առաքելութիւն-դերակատարութիւն  եւ լեզու-մամուլ ներդաշնակ գործօնը խաթարուած ու սայթաքած է: Դժուար է քայլ պահել գլխապտոյտ պատճառող ելեկտրոնային զարգացումներուն հետ: Այս անիշխանական մթնոլորտին մէջ, անձն ու անհատը սկսած են գերազանցել հաւաքական մտածելակերպ կոչուած երբեմնի հասկացողութիւնը: Հետեւաբար, այս կացութեան լոյսին տակ, մամուլի «չորրորդ իշխանութիւն» հասկացողութիւնը դուրս եկած է այդ դասակարգային բաժանումէն: Պատճառն այն է, թէ անոր նախորդող երեք իշխանութիւններուն (առաջին՝ կղերական, երկրորդ՝ ազնուական, եւ երրորդ՝ հասարակ քաղաքացիի) հասկացողութիւնն ալ խախտած է:

Այս մտահոգութիւններու միտք բանին, Սփիւռքի մէջ հայ մամուլի ներկայ կացութիւնը կառուցողական փակուղիի մէջ տեղադրելը չէ: Բնականաբար, փորձարկումներ եւ փորձառութիւններ կան, զորս կարելի է իրականացնել, դէմ դնելով գոյութիւն ունեցող մարտահրաւէրներուն:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

One thought on “ՍՓԻՒՌՔԱՀԱՅ ՄԱՄՈՒԼ … ԽՈՀԵՐ ԵՒ ԽՆԴԻՐՆԵՐ

  1. Այո Սփիւռքի մամուլը լրատուական պարտականութիւնի դէրը կորսնցուցած է email եւ web site երուն պատճառաւ սակայն հայկական մշակութային անցիալի եւ ներկայ իրադարձութիւնները տարծելու մեծ դէր պէտք է ունենայ:
    Տպագիր հայ մամուլը միակ ներկայ գործոնն է որ հայ տարերու մուտքը հայ ընտանիքներուն տունը կապահովէ:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles