ՍՐՏՑԱՒ ԶՐՈՅՑ ՓԱԿՈՒԱԾ ԵՒ ՓԱԿՈՒԵԼՈՒ ՍՊԱՌՆԱԼԻՔԻ ԵՆԹԱԿԱՅ ՀԱՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ

0 0
Read Time:4 Minute, 52 Second

p12 balian melkonian school

Սփիւռքներու հայկական վարժարանը անհրաժեշտութի՞ւն է, եւ եթէ է, ինչո՞ւ:
Միջին Արեւելք, Եւրոպա, Ամերիկաներ, այլուր:
Փակուեցան եւ դեռ կան փակուելու սպառնալիքի ենթակայ վարժարաններ:
Ճակատագրապաշտի անտարբերութեամբ կը դիմաւորուին փակուող դպրոցները:
Նիւ Եորք, եւ Արեւելեան Միացեալ նահանգներ, կ’ըսեն, թէ կը բնակին աւելի քան 400.000 հայեր:Կան քանի մը վարժարաններ, Նիւ Եորք, Պոսթոն, Նիւ Ճըրզի: Եւ ի հարկէ, մխիթարութեան համար, կան միօրեայ կամ մէկժամեայ հայերէնի դասեր:
Նիւ Եորքի մէջ, քանի մը տարի առաջ փակուած էր հայկական վարժարան մը: Ուրիշ մը կը շարունակուի 80 աշակերտով: Նիւ Ճըրզիի գերարդիական վարժարանը կը շարունակուի, ըսին, 160 աշակերտով: Ֆրանսայի մէջ փակուած էր 150 տարուան կեանք ունեցող Մխիթարեաններու վարժարանը, ուր այսօր կը տեւէ միօրեայ վարժարան մը: Փակուեցաւ Կիպրոսի երախտաշատ Մելգոնեան վարժարանը: Լիբանանի մէջ ալ փակուեցան վարժարաններ, ինչպէս Կիլիկեանը, Էհրամճեանը:
Հարցում. ի՞նչ կը պատահի մեր ժողովուրդին, ի՞նչ կը բանին ղեկավարութիւնները:
Հոլովուած «հայապահպանման» պատուանդան համարուած եւ փակուած վարժարանները պահպանման նպատակին ծառայելու համար ինչո՞վ կը փոխարինուին:
Սփիւռքներու զանգուածները որպէս հայութիւն պահելու համար համափարկակ ծրագիր ունի՞նք: Ազգովի՛ն: Հայ դպրոցը կենսակա՞ն է այդ պահպանման համար:
Դպրոցներու բացակայութեան եւ անոնց փակման ստեղծած բացի հետեւանքները ի՞նչ կրնան ըլլալ քսան, քառասուն եւ վաթսուն տարի ետք, երբ երկու կամ երեք սերունդ փոխուած ըլլայ: Եթէ հայրենադարձութիւն չըլլայ, եւ այդ հաւանականութիւնը չնչին է, ի՞նչ պատկեր պիտի ներկայացնեն սփիւռքները:
Հայաստանի եւ Արցախի հանդէպ բազմաբնոյթ զօրակցութիւնները, օգտակար են, անոնք զգացական բաւարարութիւն տալով հանդերձ սփիւռքներու հետզհետէ տարրալուծուող հաւաքականութիւններու պահպանումին հազիւ թէ չնչին չափով պիտի նպաստեն:
Հայ դպրոցը ազգային անհրաժեշտութի՞ւն է, թէ՞ ոչ:
Հիւրընկալ երկիրներու մէջ որպէս քաղաքացի ապրելու համար հայ դպրոցի կարիք չկայ: Այդպէս է վերաբերումը անհատական գործնապաշտութեան տրամաբանութիւնը: Բայց ի՞նչ են հեռանկարները եւ տրամաբանութիւնը ազգային պիտակով ներկայացող ղեկավարութիւններուն:
Հայ դպրոցի փակումը պէտք է գնահատել առանց սեթեւեթի. հրաժարում ազգային նկարագրով, դիմագիծով եւ բովանդակութեամբ տեւելու հեռանկարէ եւ կամքէ: Այդ հեռանկարը եւ կամքը ներշնչողը եւ առաջնորդողը պիտի ըլլայ ղեկավարութիւնը: Երբ հաշուապահական եւ տնտեսական պատճառներու առջեւ ընկրկելով դպրոց կը փակուի, այդ փակման հետ հրապարակէն պէտք է հեռանան պատասխանատու ղեկավարները, գիտակից զանգուածը զանոնք պէտք է հեռացնէ:
Երբ կը դադրինք դպրոցը տեւաբար ազգային-միութենական-եկեղեցական մտահոգութեան օրակարգ եւ առարկայ դարձնել, երբ ապահայացող սերունդի ստեղծման մէջ մեր բացասական դերը պիտի ունենանք, ինչո՞ւ պիտի պահենք տպաւորիչ անուններով ժողովները եւ հանգամանքները:
Մամուլը, հանդիսութիւնները, խորանները հայ դպրոցին պիտի սպասարկեն, ըմբռնած ըլլալով, որ առանց անոր իրենց գոյութիւնը ընկոյզի կճեպ պիտի դառնայ: Իւրաքանչիւր հայ այս գիտակցութեամբ պէտք է շարժի, տեւաբար այդ գիտակցութիւնը պէտք է ներշնչել, փող-թմբուկի, քաղաքական համարուած կարգախօսներու, զբօսաշրջային-բարեսիրական հայրենասիրութենէ անդին քաջ ոստում կատարելով: Մեր բազմատեսակ եւ բազմագոյն ժողովներուն քանի՞ անգամ, ո՞ւր եւ ե՞րբ օրակարգ կ’ըլլայ հայ դպրոցը:
Այս էական հարցով զանգուածի ամբաստանուող անտարբերութեան պատասխանատու են ղեկավարութիւնները: Անոնք յաճախ միօրեայ դասընթացքները կամ մէկժամեայ դասերը դպրոց կը համարեն ինքնախաբէութեամբ, միաժամանակ կը խաբեն ազգը:
Ընկերային գիտութիւնները ցոյց կու տան, որ կացութիւնները նոյնաձեւ չեն ամենուրեք: Բայց կացութիւնները հարկ է ուսումնասիրել հանգունակութիւններ տեսնելու եւ մեր ներկան կազմակերպելու համար:
Մեր իւրայատուկ կացութեան մէջ, երբ տարտղնուած ենք մոլորակի հինգ ցամաքամասերուն վրայ, երբ մեր ժողովուրդի կէսէն աւելին իր հայրենքէն դուրս կ’ապրի, բախտաւոր պարագային ասդին անդին կազմելով համայնքներ, կամ պիտի ընդունինք, որ անվերադարձ է մեր ինքնուրոյնութեան կորուստը, կամ պիտի ծրագրենք եւ կեանքի կոչենք այն բոլոր միջոցները, որոնցմով պիտի տեւենք որպէս ազգի մը շարունակութիւն:
Պարզ հայեացք մը սփիւռքներու համայնքներուն վրայ ցոյց պիտի տայ, որ ձուլման եւ այլասերման հոսանքին դէմ երթալով հայկականութիւն կը պահուի հոն ուր կը գործեն կրթական, մշակութային, կրօնական եւ հասարակական կառոյցներ, ինչպէս որ է պարագան Իրանի, Պոլսոյ, Յունաստանի, Արժանթինի, Լիբանանի եւ մինչեւ այսօր Սուրիոյ՝ հակառակ պատերազմի աղէտին: Օրին, մեծ հրապարակագիր Հրանտ Սամուէլ ահազանգ կը հնչեցնէր, որ Ամերիկայի մէջ ձուլումը մեծ թափով կը յառաջանար: Դպրոցներ հիմնելով եւ համալսարաններու մէջ հայագիտութեան մուտքը ապահովելով, ինքնութեան գիտակցութիւն զարգացաւ: Ձուլման ընթացքը չէ խափանուած, բայց ծնունդ առած են ուժական բջիջներ, շրջանակներ:
Եթէ համայնքները բազմացնեն վարժարանները եւ անոնց հայեցի կրթութեան որակը, ինչ որ կազմակերպական եւ ներդրումային հարց է առանց հետեւելու ամբոխային տրամաբանութեան պարտադրած նահանջին, կը ստեղծուին դրական պայմաններ տոկալու եւ տեւելու ուղղութեամբ:
Այս տոկալու եւ տեւելու ընթացքի յաջողութիւնը կամ ձախողութիւնը կրնանք դատել հետեւելով ուռուցիկ անուններով խորհրդաժողովներու եւ համագումարներու: Ո՞ւր տոկալու եւ տեւելու դրսեւորումներ կրնանք տեսնել, երբ այդ խորհրդաժողովները եւ համագումարները, նոյնիսկ երբ չկան «օտարներ», տեղի կ’ունենան այլազան լեզուներով, եւ կ’ուզենք այդ ձեւով շլանալ եւ շլացնել, այսինքն մենք կը ստեղծենք մեր ինքնախաբէութեան պայմանները: Զարմանալի. անգլերէն եւ ֆրանսերէն խօսողներ կը դժգոհին երբ թրքերէն կը խօսուի: Ո՞վ պիտի բացատրէ տեսակարար տարբերութիւնը հայերէնի եւ տարբեր լեզուներու:
Պարզագոյն ողջմտութեամբ պիտի կարենա՞նք եզրակացնել, որ միայն հայ դպրոցն է այն քուրան, ուր սերունդներուն կարելի է ջամբել հայու ինքնութեան եւ անոր զարգացման համար անհրաժեշտը:
Փակագիծ մը. եթէ չըլլային Պոլսէն, Իրանէն, Հալէպէն, Լիբանանէն եկած խմբագիրները, կրօնականները, այսօր նաեւ Հայաստանէն, յարգելով իրապէս հազուագիւտ ուրախացնող բացառութիւնները, ի՞նչ կ’ըլլար դպրոցներու, եկեղեցիներու, թերթերու պատկերը:
Տարրական ազգային մտածողութեամբ քաղաքականութիւնը պիտի թելադրէր, որ հայկական միութիւնները, անոնք ըլլան կրօնական, քաղաքական կամ այլ, չզբաղէին միայն տեսակաւոր քարոզչական եւ մեզ ճանչցնելու ապակեփեղկային աղմկարարութեամբ, այլ իրենք զիրենք նուիրէին վերականգնումի գործին, որ կը սկսի սերունդներու հայացումով եւ որակով: Այդ որակը կու տան տեղական դպրոցները, իսկ մենք պիտի յաջողի՞նք, կը փորձե՞նք միաժամանակ տալ էական հայեցիութիւնը եւ որակը: Հարցը չի վերաբերիր քանի մը բացառութիւններու, զորս կը յիշենք, մատնացոյց կ’ընենք, բայց բացառութիւններով հաւաքական նկարագիր չի ստեղծուիր:
Այս տրամաբանութեամբ է որ հայկական վարժարաններու բազմապատկումը եւ անոնց որակը պիտի ըլլային համազգային նախամեծար նախաձեռնութիւններ, եւ այսօր անոնք պէտք է որ ըլլան Հայաստանի Հանրապետութեան աշխատանքի կիզակէտին, ինչ որ չենք ըսեր եւ չեն ըսեր:
Իրապէս համազգային խորհրդաժողով մը կարելի՞ չէ գումարել այս հիմնախնդրին համար, ճշդելու համար համազգային քաղաքականութիւն մը, վերկուսակցական, վերկրօնական, վերջոջական, վերկողմնապաշտական, ստանձնելով պատասխանատութիւններ:
Սկսսելու համար վերաբանանք փակուած վարժարանները, մենք մեզ յարգելու եւ վստահութիւն վերականգնելու համար:
Դպրոցը կը ստեղծուի եւ կ’ապրի մարդոցմով: Դպրոցը մասնագիտական հարց է, ինչպէս որ են բժշկութիւնը, տնտեսագիտութիւնը, ճարտարագիտութիւնները: Սփիւռքներու մէջ ոչ չինացին, ոչ գերմանացին եւ ոչ ռուսը հայկական դպրոցներ պիտի ստեղծեն, որպէսզի նորահաս սերունդները հասնին իրենց հարազատ ինքնութեամբ: Հայը պիտի ստեղծէ եւ պիտի պահէ ի՛ր դպրոցը: Եթէ այդ չընէ, պատմութիւնը անողոք կ’ըլլայ եւ հաւաքաբար կը դառնանք պատմութեան փարիաները, ընկեցիկները:
Այս ըմբռնումը եթէ չառաջնորդէ մեզ, բոլոր ճառերը եւ շռնդալից ճառերը կը դառնան բեմէն վար չիջնող աղմուկ:

Յ. Պալեան,
Քուինզ, Նիւ Եորք

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles