Սրտի խօսք.- Խոնարհ Հ.Մ.Ը.Մ.ական՝ Անդրանիկ Յարութիւնեանի Անթառամ յիշատակին

0 0
Read Time:5 Minute, 35 Second

p15 derevatap
ԱՆՈՒՇՎԱՐԴ
23 Մարտ, 2016
Նիւ Եորք

Քառասուն օրեր առաջ Նիւ Եորքի մէջ յօժարակամ ոգիով միշտ ծառայելու տիպար ու խոնարհ հայորդի մը՝ Անդրանիկ Յարութիւնեան, չորրորդ զաւակը Ցեղասպանութենէն վերապրած Մատթէոս ու Մանիշակ Յարութիւնեաններուն, անակնկալ կերպով հրաժեշտ առաւ իր հարազատներէն ու բարեկամներէն՝ մէկ ամսուան մէջ յայտնաբերուած քաղցկեղի պատճառաւ։ Իր աչքերը աշխարհին բացած էր “Երազային Հալէպ”ի աստղազարդ երկնքին տակ: Ուսումը ստանալէ ետք Հայկազեան Վարժարանի եւ Քարէն Եփփէ Ճեմարանին մէջ, հազիւ երիտասարդ տարիքը թեւակոխած ան, իր ետին թողլով հարազատները, ափ կ՛առնէ Միացեալ Նահանգներ, 1969 թուականին։ Օտարութեան եւ անորոշութեան ովկիանոսին մէջ կեանքի իր մեծ երազը իրականացնելու համար երիտասարդ Անդրանիկը ոչինչ ունէր իր գրպանին մէջ բացի քանի մը տոլարէ, իսկ մտքին ու սրտին մէջ՝ Էրզրումցի իր ծնողքէն ժառանգած Հայու կրանիթեայ կամքը եւ չարքաշ աշխատանքով կեանքի խոչընդոտներուն յաղթահարելու ոգին։ Առ այդ կը լծուի գործի՝ ցերեկը խառնելով գիշերին։ Վերջին 35 տարիները հաւատարմաբար կը ծառայէ Honda ինքնաշարժի ընկերութեան մէջ, արժանանալով իրերայաջորդ գործատէրերու եւ պաշտօնակիցներու բարձր գնահատումին եւ հիացումին։
Հալէպի մէջ հաւատքով, մշակոյթով, մարմնակրթանքով ու ընկերային կեանքով թրծուած գանգրահեր այս երիտասարդը Ամերիկեան հեւքոտ վազքին մէջ արդար մաս եւ բաժին կը հանէ իր ժամանակէն՝ իր ինքնութեան ամենէն հարազատ յարկերուն ներքեւ գտնուելով։ Կը դառնայ անդամ Պէյսայտի (Ն.Ե.) Սուրբ Սարգիս Եկեղեցւոյ, Վուտսայտի Հ.Մ.Ը.Մ.-ի, ապա հիմնադիր անդամներէն մին Պէյսայիտի Հ.Մ.Ը.Մ.-ի, եւ աւելի ուշ՝ կը ծառայէ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Շրջանային Վարչութեան մէջ։ Նաեւ իր մասնակցութիւնը կը բերէ “Գուսան” երգչախումբին, խմբավար Գրիգոր Փիտէճեանի ճարտար ճպոտին տակ։
Կեանքի փորձառութեամբ հասունցած չափահաս Անդրանիկը ընտանեկան իր բոյնը կը կազմէ համարեայ հէքիաթային բնոյթ ունեցող պատումով: 1973-ի Ամրան կը մեկնի Լիբանան, սրտակից բարեկամի մը յանձնարարութեամբ ծանօթանալու Հալէպահայ անուանի ընտանիքի դուստր՝ Մարալ Կարապետեանին։ Ուրբաթ օր կը հանդիպին իրարու, եւ․․․ նոյն Կիրակի օրը կ՛ամուսնանան Ս.Նշան Մայր Տաճարին մէջ։ Ընտանեկան յարկը կ՛օրհնուի զոյգ դուստրերով՝ Թամար եւ Նանօր, որոնք յետագային իրենց ծնողաց զոհողութեամբ եւ առաքինի վարքով բարձրագոյն ուսման կը տիրանան, դառնալով հպարտութիւնը ո՛չ միայն իրենց հարազատներուն, այլ առ հասարակ Նիւ Եորքահայ գաղութին։ Նանօր, ամուսնանալով Ֆիլատելֆիաբնակ Հ.Մ.Ը.Մ.-ական Անդրանիկ Վարդանեանին հետ, իրենց ծնողաց գերագոյն նուէրը կ՛ընծայեն ծնունդ տալով Աննա-Մարալին։

*
***
Քառասնօրեայ յիշատակի առթիւ լուսարձակի տակ առնելով Քրիստոնեայ Հայու մը եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ականի մը կեանքը, երբ գրի կը յանձնեմ համեստ հոգիով այս հայորդիին խնկելի առաքինութիւնները, ամենայն հիացումով կ՛անդրադառնամ որ մեր ժողովուրդը կը գոյատեւէ շնորհիւ Աստուծոյ օրհնութեան, ուղղամիտ ու կորովի ղեկավարներու, բայց մանաւանդ կեանքի տարբեր ասպարէզներուն մէջ գործօն խոնարհ հերոսներու, որոնք նախանձախնդիր իրենց ինքնութեան եւ պապենական արժէքներուն, ի գին ամէն զոհողութեան զանոնք կը թարգմանեն իրենց կեանքին մէջ եւ կը փոխանցեն յաջորդ սերունդներուն։
Անդրանիկ, պարզ ու վճիտ՝ զուլալ գետի նման, բարեսէր՝ նման պտղատու ծառի, լռելեայն աշխատող՝ նման մայր հողին, պարտականութեան գիտակից, անկեղծ, պարկեշտ անձնաւորութիւն էր։ Որպէս նախանձախնդիր եւ անձնուէր ամուսին, որպէս զոհաբերուող հայր եւ որպէս անկեղծ բարեկամ, ի բնէ օժտուած էր բոլոր այն առաքինութիւններով ու յատկութիւններով որոնք արդի ընկերութեան մէջ աւա՜ղ կը խամրին։ Որպէս ամուսին՝ առտնին եւ արտատնային բոլոր պարտականութիւնները գերագոյն գիտակցութեամբ եւ ուրախութեամբ կը կատարէր։ Եւս առաւել, տենդագին կը սպասէր գարնան որպէսզի տան ետեւը գտնուող բակը բազմերանգ ծաղիկներով զարդարէր եւ բարեկամներով վայելէր Հայու օճախի բարիքները։ Կը սիրէր դասական երաժշտութիւնը, եւ կը քաջալերէր ծանօթները նոյն վայելքը ըմբոշխնելու՝ սկաւառակներու կրկնօրինակներ յայթայթելով անոնց։ Հոգատար էր ինչպէս մարդոց եւ բնութեան, նոյնպէս կենդանիներու հանդէպ: Ամէն անգամ երբ իրենց շնիկը՝ Սոֆին ամենայն հաւատարմութեամբ իր բնազդային սէրը կ՛արտայայտէր, ան չէր վարաներ իր հիացումը արտայայտել ըսելով, “Խելացի կենդանի է, ի՛նչպէս կը բաժնէ մեր ուրախ ու տխուր տրամադրութիւնները”։
Որպէս բծախնդիր հայր, իր զաւակներուն հայեցի ինքնութեամբ ու դաստիարակութեամբ մտահոգ, ամէն Շաբաթ օր Նիւ Եորք քաղաք կը տանէր իր դուստրերը Ազգային Առաջնորդարանի “Սիամանթօ” Լսարանի դասընթացքներուն մասնակցելու, եւ մինչեւ աւարտը կը սպասէր արձակման։ Երբեմն ալ մասնակի կը վայելէր Հայ մշակոյթի անկորնչելի ժառանգը պատանի սրտերուն մէջ բոցավառող Մաշտոցի անխոնջ սպասաւորներ՝ Դոկտ. Հրանդ Մարգարեանի, Տիար Յարութիւն Մսըրլեանի, Լսարանի վարիչ՝ Տիկին Հուրիկ Սահակեան Փափազեանի, ինչպէս նաեւ հիւր դասախօսներու խանդավառ դասախօսութիւններն ու զեկոյցները։
Ի խնդիր զաւակներուն ազգային ոգիի ջրդեղման, ամենայն կանոնաւորութեամբ AYF-ի ժողովներուն կը տանէր զանոնք։ Նոյն հաւատամքով ամրան ընթացքին ծնողական քաղցր լուծը կը շարունակէր՝ Նիւ Եորքէն մինչեւ Պոսթըն “Քէմբ Հայաստան” տանելով զանոնք։ Ինչ կը վերաբերի անոնց հոգեւոր դաստիարակութեան, դարձեալ Ազգային Առաջնորդարանի Ս. Գրիգոր Տաթեւացի ամառնային լսարանի գծով իր եւ այլոց զաւակներուն փոխադրութիւնը մինչեւ Փէնսիլվանիա սիրայօժար կը ստանձնէր, մասնակցելով նաեւ հոն տեղի ունեցող դաշտահանդէսներուն եւ տաղանդներու փառատօներուն։ Հայրական իր հոգածութիւնը տարածելով առհասարակ ամէնքին վրան, կը սիրէր “Սիամանթոյի”, AYF-ի եւ “Տաթեւ”ի պատանիներուն Hot Dog-ի, Pizza-յի հաճելի անակնկալներ ընել, միշտ ըսելով “երեխաները թող ուրախանան”, եւ անոնց ուրախութեամբ խոր գոհունակութիւն կը զգար։
Հ.Մ.Ը.Մ.-ի “Ջանք ճիգ թափէ դու ամէն օր գործադրելու բարիք մը նոր” նպատակակէտով օծուն անոր անհատականութիւնը միայն ու միայն բարութեամբ եւ ազնուութեամբ կը գործէր։ Մէկ մղոնի փոխարէն երկու մղոն քալելու պատրաստակամութեամբ, ակնկալուածէն աւելին կուտար միշտ։ Ինչպէս ծառին էութեան մաս կը կազմէ պտղատու ըլլալ, նմանապէս Անդրանիկին համար բարիք ընելը իր բնութեան ու հաւատամքին ամենէն բնական արտայայտութիւնն էր բոլոր մարզերէն ներս։ Երբ 1985-ի Մայիս ամսուն հրոյ ճարակ կը դառնար Պէյսայիտի մէջ կառուցուած Ս.Սարգիս եկեղեցին, Անդրանիկ չէր վարանած տեղատարափ անձրեւի տակ գաղափարի ընկերներով փութալ աղէտին վայրը եւ ըստ կարելւոյն փրկել եկեղեցւոյ սպասները։ Որեւէ առիթով երբ նուազագոյն խօսակցութիւն մը ըլլար կարիքի մը մասին համայնքին, Հայրենիքին ու այլ գաղութներու համար, Անդրանիկ՝ նուրբ զգայնութեան տէր, առանց իսկ հարցուելու, սրտաբուխ իր համեստ բաժինը կը մատուցանէր, միշտ կրկնելով՝ “երանի աւելին կարենայի տալ”։
Դարձեալ Հ.Մ.Ը.Մ.-ականի “Մի՛ պատճառեր ոչ ոքի վիշտ” սկզբունքով տոգորուած այս համեստ Արին ընտանիքէն ներս, բարեկամներու հետ կամ աշխատանքի ընթացքին երբեք չէր պատահած որ խօսքով կամ գործով ոեւէ մէկը վիրաւորած ըլլար։ Կ՛ափսոսար որ մարդիկ իրենց ժամանակը եւ ոյժը յում պէտս՝ բամբասելով, նախատելով կամ վիրաւորելով կը վատնեն։ Նոյնիսկ մահուան անկողնին մէջ, անիկա վատ կը զգար որ իր անմիջական հարազատներուն նեղութիւն կր պատճառէր, անկարող ըլլալով ինքզինքին օգնել քաղցկեղի պատճառած ահաւոր եւ մաշեցուցիչ տառապանքին պատճառաւ։
Ո՞վ չի ցաւիր նման բարի, գեղեցիկ ու առաքինի ամուսինի մը, հօր մը, հարազատի մը ու բարեկամի մը վաղաժամ մեկնման։ Ան իր ետին թողուց հարուստ աւանդ մը որով կրնան հպարտ ըլլալ ո՛չ միայն ընտանեկան պարագաները, այլեւ գաղափարի ընկերները եւ անոնք որոնք հետը գործեցին։ Ներհուն բանաստեղծ Վահան Թէքէեանի մտքի ծնունդ յաւերժական ճշմարտութիւնը՝ “Ինչ որ տուի ուրիշին, զարմանալի, այն մնաց միայն” լաւագոյնս կր ցոլացնէ Անդրանիկին կեանքի խտացումը։ Իր կարելիութեան սահմաններուն մէջ ան բաժնեց ու տրամադրեց ինչ որ ունէր եւ կրնար՝ ժամանակ, տաղանդ, նիւթական, եւ այս ամէնքր սիրայօժար եւ առանց տատամսումի։ Ան ցանեց հաճոյքով եւ առատապէս, առանց ակնկալութեան կամ յետին մանրամասնութեանց երթալու, նահատակ բանաստեղծ Դանիէլ Վարուժանի բառերով “Ծիտերն ինչ փոյթ, թէ հատիկներդ կ՚աւարեն. Տեղը Աստուած պիտի մարգրիտ սերմանէ”:
Արդարեւ, Անդրանիկի մահուան դառն իրականութեան դէմ մխիթարութիւն էր այն իրողութիւնը որ Բարերար Տէրը իր բարի Հրեշտակին յանձնելով զինք, հանդարտութեամբ անիկա աւանդեց իր հոգին, որպէսզի Ժամանակին մէջ իր ցանած բարիքներուն պտուղը վայելէ յաւիտեան։ Ան կը մնայ օրինակելի Հայ հաւատացեալ մը՝ ամրապնդելով իր բոլոր սիրեցեալները եւ զինք ճանչցողները կեանքէ Կեանք իրենց ուխտագնացութեան մէջ։
Ըստ այնմ, քառասնօրեայ յիշատակին առթիւ, իր աստուածահաճոյ կեանքին եւ ծառայական հոյակապ ոգիին առջեւ խոնարհելով, հաւատքի ամրակառոյց հիմքին վրայ հաստատուելով կ՛ըսենք․ “Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի”։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles