
Հոկտեմբերի աւարտին արդէն իսկ գոյժը տարածուած էր թէ Հալէպի Նոր Գիւղի (Մէյտան) հայ Առաքելական Սուրգ Գէորգ եկեղեցին, ըստ վաւերական տուեալներու եւ ականատեսներու հաստատումներուն, դարձած է հրոյ ճարակ:
Այս նկարները աւելի կը տխրեցնեն մեր ընթերցողները, որոնք ականատես կ՛ըլլան պատմութիւն գաղութի կրած եւ դժբախտաբար, դեռ ալ կրելիք կորուստներուն:
Յետ եղեռնեան շրջանի Հալէպի առաջին եկեղեցին եղած է Սուրբ Գէորգը: Հիմնուած 1923ին, Սուլէյմանիյէ-Րամ շրջանի հայկական հիւղաւաններուն մէջ, առաջին հերթին որպէս Սուրբ Խաչ եկեղեցի: 1936ին, հիւղաւաններուն վերացումէն ետք, Նոր Գիւղ հայաւանի մէջ 1937ին կառուցուած է Ս. Գէորգ եկեղեցին` որ թերաւարտ մնացած է մինչեւ 1955: Ապա, եկեղեցին հիմնականօրէն հայկական ոճով վերակառուցուած է, եւ հանդիսաւոր օծումը տեղի ունեցած է Սեպտեմբեր 25-26-ին 1965ին,ձերամբ` օրուայ Առազնորդ Ղեւոնդ Արք.Չէպէեան:
Եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ կը գործէ Ազգային Մեսրոպեան Վարժարանը, Կիրակնօրեայ դպրոցներու բաժինը: Ամէն տարի հանդիսաւորապէս կը նշուի եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնը:
Եկեղեցին ունի երեք խորաններ, վերնատուն, զան•ակատուն եւ մկրտութեան աւազան: Զանգակատունը կառուցուած է 1985ին, բարերարութեամբ` հալէպահայ Սմբատ Էքիզեան եւ Կարպիս Կապոնեան ընտանիքներուն, մկրտութեան աւազանը` 1987ին, բարերարութեամբ` հալէպահայ Նազար Նազարեանի, 1986ին` Սուրբ Գէորգ Զօրավարի սրբանկարի խորանը, 1987ին` Սուրբ Աստուածածնի սրբանկարին խորանը, բարերարութեամբ` հալէպահայ Ժան Տանկուրեանի, 1990ին` Սուրբ Սարգիս Զօրավարի սրբանկարին խորանը, բարերարութեամբ` ամերիկաբնակ Տէր եւ Տիկ. Գէորգ Աստուրեանի:
Փետրուար 1990ին, շրջափակի արեւելակողմը իրագործուած է Մարաշի Աղէտին նուիրուած Յուշարձան-Որմնաքանդակը, բարերարութեամբ` ամերիկաբնակ Տէր եւ Տիկ. Աբրահամ Գութուճանեաններու, նախագիծ` հալէպահայ արուեստա•էտ Վիգէն Պէրթիզեանի, իրագործում` հալէպահայ ճարտարապետ Գէորգ Երամեանի:
Ապրիլ 23, 1994ին, դարձեալ շրջափակի արեւելակողմը, նախաձեռնութեամբ Զէյթունի Հայրենակցական Միութեան, իրագործուած է Զէյթունի նահատակներուն նուիրուած Յուշարձան-Որմնաքանդակը, նախագիծ եւ իրագործում` հայրենի արուեստագէտներ Մկրտչեան եղբայրներու, իսկ Մայիս 20, 1998ին, կանգնած է Զարեհ Ա. Կաթողիկոսի կիսանդրին, բարերաութեամբ` Լուսին եւ Գոհար Համալեան քոյրերու, ի յիշատակ իրենց եղբօր` Կարապետ Համալեանի: