ՍՐԲՈՑ ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՈԳԻՈՎ ԿԱՏԱՐՈՒԵՑԱՒ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ 95-ՐԴ ԿՐԹԱԿԱՆ-ՈՒՍՈՒՄՆԱԿԱՆ ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԻ ԲԱՑՈՒՄԸ
Աւանդութեան համաձայն, Սրբոց Թարգմանչաց տօնին կը յայտարարուի բացումը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքի ուսումնական-կրթական տարեշրջանին։ Կիրակի, 12 Հոկտեմբերին, Անթիլիասի Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ, Դպրեվանքի տեսուչ Գերապատիւ Տ. Պարոյր Ծ. Վրդ. Շէրնէզեան մատուցեց Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց։ Սուրբ Պատարագի մատուցումէն ետք, հայրապետական թափօրը, ներկաներուն ընկերակցութեամբ, բարձրացաւ վեհարանի դահլիճ, ուր գեղարուեստական պատշաճ յայտագիրով պաշտօնապէս ընթացք առաւ Դպրեվանքի 2025-2026՝ 95-րդ տարեշրջանը։ Ձեռնարկի աւարտին Վեհափառ Հայրապետը յղեց իր հայրապետական պատգամը։
Սուրբ Պատարագէն անմիջապէս ետք, հայրապետական թափօրը ներկաները առաջնորդեց դէպի վեհարանի դահլիճ, ուր դպրեվանեցիները հրամցուցին փունջ մը շարականներ, բանաստեղծութիւն եւ Աւետարանէն ընթերցանութիւն։
Տեսուչ հայր սուրբը ընթերցեց տեսչական ուղերձը։ Ան ըսաւ. «Սուրբ եւ Անմահ Պատարագով, Դպրեվանքի վերամուտի ղօղանջը անգամ մը եւս կը հնչէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Սուրբ Աթոռին նստավայրէն։ 95-րդ անգամ ըլլալով, Դպրեվանքի վերամուտը կ՚արձագանգէ Անթիլիասէն Պիքֆայա, Պիքֆայայէն Հայաստան եւ Սփիւռս աշխարհի, աւետելով մեր ժողովուրդի զաւակներուն, որ մարդակերտումի ու հայակերտ մարդուժի պատարաստութեան այս կրթօճախը կը շարունակէ իր առաքելութիւնը՝ վերանորոգ հաւատքով եւ վառ յոյսերով։ Փառք կու տանք օրհանառատ Աստուծոյ, որուն շնորհիւ այս ղօղանջը դարձեալ կը հնչէ եւ մեզ անգամ մը եւս կը համախմբէ համազգային տարողութեամբ բարիքներ բաշխող այս սուրբ օրրանին շուրջ»։ Ուղերձը նաեւ խոստում էր շարունակելու ու տարածելու հայ եկեղեցւոյ առաքելութիւնը՝ հաւատարիմ թարգմանիչ սուրբ հայրերուն եւ Դպրեվանքը կանգուն պահած նախորդ սերունդներուն։ Հայր սուրբ իր ուղերձով վերահաստատեց նաեւ Բիւզանդ Եղիայեանի վկայութիւնը՝ «Դպրեվանքը իր սաները կը պատրաստէ ժողովուրդի՛ն համար։ Ան չի՛ բաժներ զանոնք ժողովուրդի կեանքէն ու հարցերէն» եւ ըսաւ, որ հոն կ՚ամփոփուի Դպրեվանքին իւրայատուկ առաքելութիւնը՝ պատրաստել հոգեւորական թէ աշխարհական այնպիսի մշակներ, որոնք կը հասնին մեր ժողովուրդի հոգեմտաւոր կարիքներուն։
Հայր Պարոյր նաեւ ուրախութեամբ յայտարարեց, որ այս վերամուտին առթիւ, 6 տարուան ակամայ ընդմիջումէ ետք, Դպրեվանքի 90_ամեակի «Գլաձոր» տարեգիրքը կը հրամցուի հանրութեան, խմբագրութեամբ Հոգեշնորհ Տ. Գէորգ Վրդ. Գարակէօզեանի եւ Հոգեշնորհ Տ. Աբրահամ Աբղ. Ճուլֆայեանի։ ««Գլաձոր»ը շօշափելի պատկերն է Դպրեվանքի ուսանողներուն գրական ու գեղարուեստական տաղանդին, ինչպէս նաեւ ուսուցիչներուն անսպառ ճիգին»։ Վերջապէս, ան հրաւիրեց Նորին Սրբութիւնը, որպէսզի անոր պատգամով, յորդորներով ու օրհնութեամբ բացուած յայտարարուի Դպրեվանքի 95-րդ կրթական-ուսումնական տարեշրջանը։
Հայրապետական պատգամին մէջ, Վեհափառը յայտնեց. «Մեր եկեղեցւոյ ու ժողովուրդի հաւաքական կեանքին մէջ, Դպրեվանքը ես կը նմանցնեմ Թաբոր լերան» հաստատումով՝ Հայրապետը յայտնեց, որ Քրիստոս Իր աշակերտներէն խումբ մը առնելով՝ բարձրացաւ Թաբոր լեռ՝ Աստուծոյ ներկայութեան ըլլալու ու պայծառակերպուելու եւ ապա, Աստուծոյ շունչով վերանորոգուած՝ իջաւ լեռնէն, անցաւ առաքելութեան ու աշակերտները ղրկեց աշխարհ՝ քարոզելու եւ վկայելու երկնային ճշմարտութեանց ու արժէքներուն մասին։ Նորին Սրբութիւնը նշեց, որ սրբոց թարգմանչաց սերունդին տօնը մեզի յիշեցում է, որպէսզի շարունակութիւնը դառնանք մեր մեծ հայրապետներու ու սուրբ վարդապետներու գործին եւ նո՛յն ոգիով, պայծառակերպուած՝ Աստուծոյ ներկայութիւնը ապրելով մեր կեանքին մէջ՝ զԻնք մեր ժողովուրդին մօտեցնենք։ Ահաւասիկ Դպրեվանքը, որպէս նոր իմն Թաբոր լեռ մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ, կոչուած է նո՛յն առաքելութեան։ Մենք եւս կոչուած ենք մեր թարգմանիչները ապրելու եւ անոնց ոգիի ու հաւատքի հաւատարմութիւնը ապրեցնելու մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ։ Այո՛, Դպրեվանքը Թաբոր լեռ է եւ այս կոչումին գիտակցութեամբ պէտք է գործէ ու ծառայէ։ Լեռ մը, որ կոչուած է Աստուծոյ ներկայութիւնը եւ երկնային ճշմարտութիւններն ու արժէքները տանելու մեր ժողովուրդին, ինչպէս թարգմանչաց սերունդը կատարեց. այլապէս մեր կեանքի անդաստանը պիտի մնայ խոպան։ Մեր պատմութեան ընթացքին մենք եղանք հաւատարիմ Աստուածային ճշմարտութիւններուն ու երկնային արժէքներուն՝ մեր եկեղեցւոյ հայրերուն ճամբով։ Այսօր, Դպրեվանքը նոյն ոգիով պիտի կատարէ ու ստանձնած է այդ առաքելութիւնը, որպէսզի պայծառակերպուած երթայ մեր ժողովուրդին՝ այս օրերուն մանաւանդ, երբ աշխարհի խաւարին դիմաց մենք կարիքը ունինք Աստուածային լոյսին։ Ահաւասիկ Դպրեվանքին առաքելութիւնը»:
Ապա, Վեհափառ Հայրապետը իր խօսքը ուղղելով դպրեվանեցիներուն՝ յորդորեց, որ այս ոգիով Դպրեվանքին մէջ պէտք է կերտուիլ։ Դպրեվանքը միայն դաս սորվելու վայր չէ, այլ սրբավայր մըն է, ուր հոգեմտաւոր կազմաւորում ու կերտում տեղի կ՚ունենայ։ Դպրեվանեցիք առաքելութիւն ունեցող մարդիկ են, որոնք կոչուած են դառնալու նոր օրերու թարգմանիչներ ու Աստուծոյ լոյսը տարածող վկաներ՝ հոգեւոր, բարոյական ու ազգային արժէքները կենսագործողներ։
Իր պատգամի աւարտին, Արամ Ա. Կաթողիկոս ողջունեց Դպրեվանքի տեսչութիւնը, ուսուցչական կազմը եւ անոր նիւթաբարոյական նեցուկ կանգնող բոլոր ազգայինները՝ դիտել տալով ու ընդգծելով, որ հոգեւորական ըլլալը չէ որ միայն կոչում կը պահանջէ, այլ նոյնքան եւ աւելի՝ ուսուցիչ ըլլալը, որովհետեւ մեր ուսուցիչներուն, հոգեւորական թէ աշխահական, շնորհիւ է, որ Դպրեվանքը կ՚իրագործէ մարդուժ մատակարարելու սրբազան առաքելութիւնը։
Ձեռնարկի աւարտին, Հայրապետը «Պահպանիչ» աղօթքով օրհնեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը, Դպրեվանքը եւ ներկաները։

