Լրահոս
Ստեփանակերտի Մէջ Ռազմական Սարքերու եւ Սպառազինութեան Ցուցահանդէս
«Սեփական արտադրութեան նոր զինանմուշները պիտի յագեցնեն առաջնագիծը եւ պիտի բարձրացնեն զօրքի կենսունակութիւնը: Սպառազինութեան որոշ տեսակներ արդէն փորձարկուած են, որոշներն ալ դեռ փորձարկման մէջ են: Մեր սպաներն ու զինուորները գոհ են այն տեսակներէն, որոնք գործնականօրէն կը կիրառուին: Վստահ ենք, որ յառաջիկային մեր բանակը պիտի համալրուի արդիականացուած սպառազինութեամբ եւ նոր զէնքերով»,- յայտնեց Աբրահամեան: Նաեւ, “Վերածնունդ” հրապարակին վրայ բացուած է նաեւ դաշտային խոհանոց` համերկրացիներուն եւ հիւրերուն հնարաւորութիւն տալով համտեսելու զինուորական ճաշ:





