Լրահոս
Ստեփականերտի Մէջ Գիտաժողով՝ «Հայաստան-Արցախ Ռազմավարական Դաշինք»
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ․- Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան նախաձեռնութեամբ, Մայիս 7-ին, Արցախի մայրաքաղաքի Ազգային Ժողովի նիստերու դահլիճին մէջ, տեղի պիտի ունենայ «Հայաստան-Արցախ ռազմավարական դաշինք» գիտաժողովը՝ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի Հանրապետութեան իրաւապայմանագրային յարաբերութիւնները նոր մակարդակի բարձրացնելու օրակարգով։
Իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի քաղաքական, ռազմական, փորձագիտական, հանրային շրջանակները ներկայացնող տասնեակ մը մասնագէտներ։
Այս գիտաժողովը պիտի առաջացնէ հռչակագիր, կեանքի պիտի կոչէ կազմկոմիտէ, որ պիտի օժանդակէ Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչման գործընթացին եւ կազմակերպէ համահայկական ստորագրահաւաք՝ ի պաշտպանութիւն Հայաստան-Արցախ ռազմավարական դաշինքի։

