ՍՏԱՑԱՆՔ․- ՎԵՀԱՆՈՅՇ ԹԵՔԵԱՆԻ «ԿԻՆ՝ ԱՏԵԱՆ ԵՒ ՄԱՏԵԱՆ»-Ը

0 0
Read Time:3 Minute, 13 Second

Վերջերս, «Հայրենիք»-ի խմբագրութիւնը ստացաւ սփիւռքահայ անուանի արձակագիր եւ բանաստեղծ՝ Վեհանոյշ Թեքեանի վերջին հատորը՝ «Կին՝ ատեան եւ մատեան», հովանաւորութեամբ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի եւ խմբագրութեամբ՝ Յարութիւն Պէրպէրեանի: Հատորը լոյս տեսած է Երեւանի «Զանգակ» հրատարակչատունէն։
Թեքեան գիրքը նուիրած է իր մեծ մօր՝ Թագու նէնէին եւ աղջկան՝ Նայիրիին: Կողքի գեղարուեստական գործը կը պատկանի Նշան Գազազեանին, իսկ նոյնինքն՝ կողքը ձեւաւորած է Նշան Գուլեան: Բովանդակութիւնը կ՛ընդգրկէ յօդուածներ եւ բանաստեղծութիւններ։
Ծնած Պէյրութ՝ 1948-ին, ան դուտրն է Սարգիս եւ Մարի Թեքեաններու։ Հայ Աւետարանական Գոլէճէն շրջանաւարտ ըլլալէ ետք, Թէքեան յաճախած է «Հայկազեան» համալսարան, ապա՝ Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարան, ուր մասնագիտացած է փիլիսոփայութեան եւ անգլերէն գրականութեան մէջ։
1979-էն ի վեր հաստատուած Նիւ Ճըրզի, ան հեղինակած է աւելի քան տասնեակ մը գիրքեր։ Իր յօդուածներն ու բանաստեղծութիւնները բազմիցս հրատարակուած են Սփիւռքի եւ Հայաստանի գրական մամուլին մէջ։
1992-էն ի վեր անդամ է Հայաստանի Գրողների Միութեան։ Թեքեան նաեւ տաղանդաւոր ասմունքող է։ 1995-ին Աբեղեանի անուան գրականութեան հիմնարկին մէջ պաշտպանած է իր տոքթորականի աւարտաճառը։ Իր առաջին գիրքին նախաբանը գրած է Գուրգէն Մահարին։ Գրական մրցանակներու կողքին՝ 2012-ին պարգեւատրուած է Մովսէս Խորենացի շքանշանով։
Թեքեանի գործերուն մէջ շարունակ տեղ կը գրաւեն աւելի քան կէս դարու ժամանակաշրջանին ապրուած հայ անհատի ու հաւաքականութեան իրականութեան առնչուող փոփոխութիւնները` կապուած կեանքին եւ յատկապէս դիտուած սփիւռքահայուհիին ակնոցով։
Սփիւռքահայ արձակագիր եւ բանաստեղծ՝ Յարութ Պէրպէրեան, կը շեշտէ, թէ բանաստեղծութեան թէ արձակի մէջ բնականաբար միշտ ալ սփիւռքեան փորձառութիւնը եղած է կիզակէտը Վեհանուշ Թեքեանի գրականութեան, որ աւելի քան հինգ տասնամեակի վրայ կ՛երկարի: «Քաղաքական թէ տնտեսական պատճառներով սփիւռքահայութեան կացութիւնը փոխուեցաւ նշեալ կէս դարու ժամանակաշրջանին, եւ արեւելեան սփիւռքի հայախօս աշխուժ գաղութները սկսան նօսրանալ, եւ մեծածաւալ նոր գաղթականութեան շարժում մը սկսաւ դէպի Արեւմուտք, յա՛տկապէս` Հիւսիսային Ամերիկա, ուր գաղութները աճեցան, սակայն` տարբեր ընկերային պայմաններու մէջ: Այս բոլորին արձագանգը, հակազդեցութիւնն ու առթած ապրումները կը գտնենք Թեքեանի աւելի քան տասը հատորներուն մէջ։․․․ Իր արձակն ու քերթողութիւնը մեծ մասամբ անձնական փորձառութեան մեկնակէտը ունին, գրութիւնները ԵՍ-է մը կը մեկնին, եւ ինք չի թաքցներ զայն, ու կ՛ամբողջացնեն զիրար», կը յայտնէ Պէրպէրեան շեշտելով, թէ Թեքեան հայ գրականութեան մէջ գլխաւորաբար իբրեւ բանաստեղծուհի պիտի ճանչցուի։
Ստորեւ, «Կին՝ ատեան եւ մատեան» հատորէն «Թէյ» բանաստեղծութիւնը,-

ԹԷՅ

Ամբողջ եղածը քախքէ եւ թէյ էր
Քախքէն կը մկրտուէր տարչին թէյին մէջ,
Ամենայն փութով՝ փափկացած մասին
Կը քսէինք կարագ, վրան՝ մեղրագոյն թուզի անուշ էր.
Աշխարհի ամենէն համով պատառն էր։
Երկար սեղան էր, երկար նստարան,
Խոհանոցը մութ էր, մէկ պատուհան միայն,
Բայց ամեն անկիւն արեւ կար ոսկի
Եւ ոսկի խօսքեր, տաք թէյէն կարօտի
Դեռ ումպ մը չառած մեր նէնէն կ՚ըսէր նայելով մեզի
«Եախըշըընը սէվսիւն նէնէսի»։
Ինչպէ՜ս քաղցրացած սէրը չյորդէր,
Գուրգուրոտ թեւերով նէնէն չգրկէր։
Հինգ-թոռնիկ ունէր,
Իսկ կեանքը համեղ քախքէ եւ թէյ էր։

Անկիւնէն աստիճան մը կ՚ուղղուէր պզտիկ սենեակ
Սենեակէն աստիճան մը տանիք կը հանէր,
Տանիքին վրայ թրթռուն կ՚ապրէին
Փարթամ որթատունկ, թրթուռ ու թռչուն։
Որթատունկէն վեր՝ կաս-կապոյտ երկինք
Որ ամեն գիշեր փաս-փայլուն արծաթ աստղերով կ՚օծուէր։
Պզտիկ սենեակը աշխարհ մր ունէր գունեղ հեքիաթի,
Երբ Պելճիքայէն Տիգրան տայտայը գար
Մեզ գիրկը առած, գիրքերը բացած կը պատմէր ինչե՜ր,
Բարին կը կռուէր Չար ոյժերուն դէմ, բայց ընդմիշտ կ՚ապրէր։
Այն ատեն կեանքը արդար էր, մինչեւ…
Այդ տո՛ւնն ալ փլաւ։ Օրօրոց, ծիծաղ,
Ձուկի աւազան, ծառերու խնճոյք,
Հաւնոց ու վանդակ. պահուըտուք, քէթէ,
Մածունով քէօֆթէ եւ սթիք պուզա։
Օր նոր՝ զեփիւռ նոր, դարաւոր թոնիր,
Գունազարդ գիրքեր, անթառամ ձայներ.
Իսկ ինչո՞ւ հիմա թզենին հսկայ՝ մինակը կու լայ։
Գիտէ՜ք ինչ եղաւ։ Պատերա՛զմ եղաւ.
Հրէշ մը ելաւ, շատերուն եւ մեր շէնշող տուները
Կլլեց մթագնեց,
Ցնծուն Փիւնիկէն մոխիրով պատեց։
Ելանք մեր վայրէն
Ամեն մէկուս հասաւ պատմութիւն տարբեր։

Հիմա նստեր եմ, նորէն քախքէ ու թէյ,
Կարագ անուշը շուկայէն բերուած.
Նստարանը կ՚երեւա՜յ, բայց արեւը չկայ,
Նէնէն բացակայ է, կարօտս՝ ներկայ,
Ծնողքս չկայ, տագնապը միշտ կայ,
Քոյր եղբայր՝ անդին, զաւակներս՝ հեռու.
Յաճախ անհաշտ եմ, երբեմն հլու։
Օր մը պակսեցա՛ւ ամեն բան կեանքէս
Միայն գիրքերս եռանդով շատցան։
Բայց պատանեկան երկար սեղանէն
Մնաց բոյրը ձայնին
Մնաց սէրը լուսածիր
Եւ անմահական համը ընտանիքի։
Եօթանասունը անց՝ պատմելու եմ հարկաւ
Երիտասարդութեան այդ սեղանը փայտէ
Թաքուն, մարմարեայ յուշարձան դարձաւ։

ՎԵՀԱՆՈՅՇ ԹԵՔԵԱՆ
Նիւ Ճըրզի
Յունիս 2021

 

Happy
Happy
100 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles