
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Յուլիս 6-ին, Սպիտակ Տան մամլոյ խօսնակ Քէյլի ՄըքԻնանի՝ մամլոյ հետ իր ամէնօրեայ հանդիպումներու ընթացքին, վերջին շաբաթներուն, Միացեալ Նահանգներու տարածքին, պատմական յուշարձաններ պղծելու արարքներու երեւոյթին անդրադառնալով ըսաւ.. «Ըստ երեւոյթին գոյութիւն ունի պատմութեան ճանաչողութեան պակաս, երբ Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարձանը, որ կը յիշատակէ մարդկութեան դէմ կատարուած ոճիրներու զոհերը եւ գերիները՝ պղծումի կ՛ենթարկուի»:
Նշենք, որ վերջերս, երկրին տարածքին տեղի ունեցած ցոյցերուն ըմթացքին, խուլիկաններ ներկերով պղծած էին Քոլորատոյի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարձանը:
Այս մասին կատարած ակնարկութեան անդրադառնալով՝ Ամերիկայի Հայ Դատի կեդրոնական գրասենեակի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան ըսաւ. «Հաւանական է, որ այս իւրայատուկ հաստատումին ընդմէջէն ականատես կ՛ըլլանք Ամերիկայի ամբողջ կառավարութեան կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման առաջին քայլերուն: Ասիկա յստակօրէն հետեւանքն է անցեալ տարի Ներկայացուցիչներու տան թիւ 296 եւ Ծերակոյտին թիւ 150 բանաձեւերուն գրեթէ միաձայնութեամբ ընդունման»: