Սպառնացայտ Պաքուն

0 0
Read Time:1 Minute, 40 Second

ՀԱՅՐԵՆԻՔ

Խմբագրական

Թէ՛ քաղաքական եւ թէ՛ ռազմական բնագաւառներէն ներս, Պաքուն սպառնացայտ կը մնայ։ Գործելաձեւ մը, ոճ մը որ ղեկավար Իլհամ Ալիեւի իւրայատկութիւններէն է։
Քաղաքական գետնի վրայ, անոր վերջին սպառնալիքը ուղղուած էր Գերմանիոյ։ Արդարեւ, Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը մերժած էր մուտքի արտօնագիր շնորհել վարչապետ Մերքէլի պաշտօնական պատուիրակութեան անդամ, Գերմանիոյ խորհրդարանի պատգամաւոր Ալպերթ Վայլէրին (Քրիստոնեայ – Դեմոկրատական կուսակցութիւն), պարզապէս նշելով, թէ ան Արցախ այցելած ըլլալով, մաս կը կազմէ այդ ծիծաղելի սեւ ցանկին: Դեռ աւելին, Պաքու Վայլէրին մուտքի արտօնութիւն տալու իբրեւ պայման դրած էր անոր ներողութիւն խնդրելը։
Մերքէլին համար պատահածը անակնկալ մը չէր։ Հաւանաբար իր մօտիկ շրջապատն ալ տեղեակ էր, թէ Պաքուն այսպիսի պայմաններ պիտի դնէր։ Կովկասեան երեք երկիրներ՝ Վրաստան, Ատրպէյճան եւ Հայաստան այցելութիւնները աւարտելէ ետք, այս նիւթին մասին աւելի մելան պիտի հոսի մօտէն քայլ պահող Գերմանիոյ մամուլին մէջ։
Մինչ այդ, արդէն իսկ Գերմանիոյ վարչապետին պաշտօնական բանբերը ո՛չ միայն իր դժգոհութիւնը յայտնած է, այլ նաեւ մտահոգութիւն, որ նմանօրինակ կեցուածք ինքնաբերաբար բնաւ սատար պիտի չհանդիսանայ Արցախի հակառակորդ կողմերու երկխօսութեան եւ հիմնահարցի արմատական լուծման։
Գերմանիոյ մամուլը նոյնիսկ զայրոյթով կը տեղեկացնէ, թէ աւատապետ Ալիեւի վարչամեքենան սպառնացած է ձերբակալել գերմանացի պատգամաւորը, եթէ վերջինս յանդգնի Ատրպէյճան մուտք գործել:
Ընդվզած է նոյնինքն Վայլէրը, որ կը հաստատէ, թէ պատահածը հակաժողովրդավարական որոշում մըն է՝ ժողովրդավարական օրէնքներէ հեռու ղեկավարութեան մը կողմէ։ Այս որոշումներու լոյսին տակ, 2014-ին եւ 2016-ին Արցախ այցելած Վայլէր Ստեփանակերտ վերստին այցելելու հրաւէր մը ստացաւ Արցախի արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեանէն։
Պաքուի եւ Պերլինի միջեւ ստեղծուած այս առեղծուածային տագնապը հաւանական է, որ  ազդեցութիւն չունենայ երկու երկիրներու տնտեսական եւ առեւտրական համաձայնութիւններուն վրայ։
Քաղաքական բնագաւառէն հեռու, ռազմական գետնի վրայ, Օգոստոս 17-իի առաջին ժամերուն, երբ Հայաստան եւ Արցախ միասնաբար կը պատրաստուէին տօնելու Թաւշեայ յեղափոխութեան 100-րդ օրը, 15 հոգիէ կազմուած ազերի գումարտակ մը փորձած է յարձակիլ Արցախի հիւսիսային սահմանի մէկ դիրքին վրայ։ Անշուշտ այս թափանցման փորձը աւարտած է ձախողութեամբ։
Արցախի պաշտպանութեան բանակը որեւէ կորուստ չունեցաւ եւ, ընդհակառակը, առանց խուճապի մատնուելու, մնաց կացութեան տէր․․․սպառնացայտ ազերի զինուորներու դիմաց։
Այսպէս է պարագան սպառնացայտ Պաքուի, որ ռազմական գետնի վրայ շարունակ կր խախտէ զինադադարը, իսկ քաղաքական բնագաւառին մէջ իր սեւ ցանկով կը փորձէ մուտքի արտօնութիւն չտալ Արցախ այցելողներուն։
Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles