
ԵՐԵՒԱՆ.- Նոյեմբեր 30-ին, Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան մասնակցեցաւ Մ.Ա.Կ.-ի «Կլիմայի փոփոխութեան մասին» շրջանակային ուխտին թեր պետութիւններու 21-րդ համաժողովին, որուն նախագահութիւնը ստանձնած է Ֆրանսան: Համաշխարհային այդ համաժողովին մասնակցեցան 150 պետութիւններու եւ կառավարութիւններու ղեկավարներ, հազարաւոր պատուիրակներ:
Աննախադէպ մասնակցութեամբ բարձր մակարդակի փարիզեան համաժողովի պատուիրակութիւնները յոտընկայս յարգեցին յիշատակը Փարիզի ահաբեկչական գործողութիւններու զոհերուն` դիտել տալով, որ այդ դէպքերէն ետք փարիզեան համաժողովին աշխարհի բազմաթիւ երկիրներու եւ կառավարութիւններու ղեկավարներու ներկայութիւնը փաստ է, որ քաղաքակրթութիւնը եւ համերաշխութիւնը` համայն մարդկութեան դէմ ցցուած մարտահրաւէրները դիմակայելու առումով, բարբարոսութենէն ուժեղ են:
Այս առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ Հայաստանի նախագահը կլիմայի փոփոխութիւնը համաշխարհային մարտահրաւէր նկատելով հաստատած է, որ անիկա հաւասարապէս կը սպառնայ բոլոր պետութիւններուն` անկախ անոնց չափէն եւ զարգացման աստիճանէն: Անոր համաձայն, թէեւ համամոլորակային արտանետումներուն մէջ Հայաստանի բաժինը մեծ չէ, բայց եւ այնպէս Հայաստանը` իբրեւ զարգացող երկիր, յանձնառու է իր ներդրումը ունենալ համամոլորակային ջանքերուն մէջ:
Նախագահ Սարգսեան յայտնեց թէ. «Կլիմայի փոփոխութեան մարտահրաւէրը, ինչպէս նաեւ վերջին շրջանին բոլորը անհանգստացնող արդի համաշխարհային սպառնալիքները ո՛չ ազգային սահմաններ, ո՛չ միջազգային իրաւունք, ո՛չ քաղաքակրթութեան չափանիշներ կը ճանչնան: Այսօրուան փոխկապակցուած եւ համաշխարհայնացուած աշխարհին մէջ մէկ երկրի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրը հաւաքական առումով բոլորին մարտահրաւէրն է: Հետեւաբար` լուծումները պէտք է ըլլան համապարփակ, համաձայնեցուած եւ համադրուած»: