
Վերջերս, կատարուած վիճակագրութեան եւ հրապարակուած տուեալներուն համաձայն` Սուրիոյ մէջ, ներքին քաղաքացիական պատերազմի ընթացքին, ցարդ զոհուած են 11 հազարէն աւելի երեխաներ: Այս թիւը կը ներկայացնէ աւելի քան տաս առ հարիւրը: Հակամարտութեան ընթացքին զոհուածներու ընդհանուր թիւը արդէն կը գերազանցէ 100 հազարը:
Երեխաներու մեծ մասի մահուան պատճառ դարձած են տարբեր բնակավայրերու ռմբակոծութիւնները եւ հրթիռակոծութիւնները, սակայն հարիւրաւոր դեռահասներ դիպուկահար կրակոցներու զոհ դարձած են, հարիւրաւոր երեխաներու նկատմամբ ալ կիրառուած են նոյնիսկ խմբակային մահապատիժներ եւ կտտանքներ:
Միւս կողմէն, Հայկական Կարմիր խաչը` աւստրիական կառավարութեան տրամադրած միջոցներով, մեծ օգնութիւն պիտի տրամադրէ Հայաստան տեղափոխուած սուրիահայերուն:
Հայկական Կարմիր խաչի նախագահ Մխիթար Մնացականեան յայտնեց, որ իրենց կազմակերպութիւնը միշտ ալ կ՛արձագանգէ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող հասարակական-առողջապահական խնդիրներուն եւ բաւական լուրջ աշխատանք կը տանի նաեւ սուրիահայերուն օգնելու կարեւոր գործին:
“Սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող կեդրոն“ հասարակական կազմակերպութեան ղեկավար Լենա Հալաճեան նշեց, որ այս ծրագիրը հայաստանաբնակ սուրիահայերուն ուղղուած ամենախոշոր օգնութիւններէն մէկը պիտի ըլլայ: Նախապէս այդ ամենամեծ նիւթական օգնութիւնը կատարած էր Քուէյթի պետութիւնը` Սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող կեդրոնին փոխանցելով հարիւր հազար տոլար:
Աւստրիոյ կառավարութիւնը Հոկտեմբերի վերջը յայտարարած էր, որ Հայաստանի մէջ հաստատուած սուրիահայերուն 600.000 եուրոյի աջակցութիւն պիտի տրամադրէ: 270.000-ը պիտի ուղղուի Հայկական Կարմիր խաչի ընկերութեան, իսկ մնացեալը` “Հայկական Քարիթաս“ բարեսիրական հասակարական կազմակերպութեան միջոցով:
Միւս կողմէ, “Ուորլտ Ուաչ Մոնիթըր“ կայքէջը կը հաղորդէ, որ ըստ Սուրիոյ բարձրաստիճան կրօնաւորներէն մէկուն, քաղաքացիական պատերազմի սկիզբէն ի վեր, Սուրիոյ քրիստոնեաներուն մէկ երրորդը հեռացած է երկրէն:
Զեկուցումը կը նշէ, որ “Արաբական գարուն“-ը “Քրիստոնէական ձմեռ“-ի վերածուած է, որովհետեւ քրիստոնեաները այդ գարնան համար սուղ գին վճառած են:
Յոյն կաթողիկէներու Կրեկորիոս Գ Լահամ պատրիարքը յայտնած է, որ Սուրիոյ շուրջ 1.75 միլիոն քրիստոնեաներէն աւելի քան 450 հազարը հեռացած է:
Սուրիոյ պատերազմի սկիզբէն ի վեր զոհուած են 65 հայեր, որոնցմէ 46-ը Հալէպի մէջ: Վիրաւորներուն թիւը շուրջ 180 է:
Նոյեմբերի առաջին շաբաթներուն ընթացքին, արձանագրուեցան զոհեր, ներառեալ երկու մանուկներ, որոնց կեանքերու կորուստը ցնցեց տեղւոյն հայ համայնքը:
Դամասկոսի Պապ Թումա շրջանին մէջ գտնուող Ազգային Սուրբ Թարգմանչաց ճեմարանին մօտ ռմբակոծում մը, պատճառ դարձաւ որ, մահանան երկու հայ աշակերտներ` Յովհաննէս Աթոքանեան եւ Վանեսա Միխօ Պետրոս: Անոնց յուղարկաւորութիւնը տեղի ունեցաւ, դպրոցէն քանի մը քայլ հեռաւորութեան վրայ գտնուող Սուրբ Սարգիս հայկական եկեղեցւոյ մէջ, խոր սուգ պատճառելով: Իսկ, Նոյեմբեր 21-ին, երեք օրուան պրպտումներէ եւ քնութիւններէ ետք ի յայտ եկաւ, սուրիական բանակի մէջ ծառայող հայ զինուոր` Յակոբ Տէր Ղազարեանի դիակը:
Նոյեմբեր 14-ին մէկ այլ հայ մը` 47-ամեայ Գէորգ Պօղոսեանը սպաննուած էր, երբ հրասանդէ արձակուած ռումբ մը ինկած է Հալէպի կեդրոնը գտնուող փուռի մը մօտակայքը:
Նոյեմբեր 12-13-ին զինեալներ Պէյրութէն Հալէպ ճամբորդող փոխադրակառք մը Սուրիա մուտք գործելէն առաջ կանգնեցուցած են եւ կողոպտած ճամբորդները, որոնց մեծամասնութիւնը հայեր էին: