
ԼԱԹԱՔԻԱ.- Սուրիական բանակը ազատագրած է շրջանի շարք մը գիւղեր, որոնց կարգին հայաբնակ Ղնեմիէ գիւղը, որուն բնակչութինը հեռացած էր գիւղէն չորս տարի է ի վեր՝ զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներու ներխուժման պատճառով։
Ղնեմիէն եղած է հայաբնակ գիւղ, եւ 1875-ին հոն կառուցուած է Հայ Առաքելական Սուրբ Գէորգ եկեղեցին։ Տեղացիներ կը վկայեն թէ այդ թուականը նորոգութեան թուական կը համարուի: Եկեղեցին մօտաւորապէս երեք հարիւր տարուայ պատմութիւն ունի։ 1959-ին, օրուայ Առաջնորդ Ղեւոնդ Արք․Չէպէեանի նախաձեռնութեամբ ծրագրուած է կիսաքանդ եկեղեցւոյ հիմնական կառուցումը։ Պաշտօնական հիմնարկէքը կատարուած է Օգոստոս 9, 1959-ին, իսկ նորաշէն եկեղեցւոյ օծումը՝ Յուլիս 31, 1960-ին, ձեռամբ Ղեւոնդ Արք․ Չէպէեանի։ 1991-ին շրջափակին մէջ կառուցուած է Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ սրահը։
1997-ին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգ․Առաջնորդութեան կողմէ վերանորոգուած է գմբէթը։