ՍՈՒՐԻՈՅ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ՝ ԵՐԿՈՒ ՀԱՅ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆՆԵՐ

0 0
Read Time:41 Second

VOTE SYRIA

ԴԱՄԱՍԿՈՍ.- Հինգշաբթի, Ապրիլ 14-ին Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցան խորհրդարանական ընտրութիւններ, որոնց համար առաջադրուած էին նաեւ մեծ թիւով հայ թեկնածուներ` Հալէպի եւ Դամասկոսի ընտրաշրջաններուն մէջ: Շաբաթավերջին յայտարարուեցան ընտրութիւններուն արդիւնքները: Տարիներէ ի վեր առաջին անգամ ըլլալով Սուրիոյ խորհրդարանին մէջ սուրիահայ համայնքը կը ներկայացուի երկու երեսփոխանով` համայնքի միասնական թեկնածու, Բերիոյ թեմի Ազգային առաջնորդարանի բանբեր Ժիրայր Ռէյիսեան եւ Դամասկոսի ընտրաշրջանէն առաջադրուած դոկտ. Նորա Արիսեան:
Սուրիահայութեան կեանքին մէջ իրենց որոշադրիչ ներկայութիւնը ունեցող երկու մտաւորական դէմքերուն ընտրութիւնը նաեւ հիմնական գրաւականներէն մէկն է, որ յառաջիկային սուրիահայութեան քաղաքական կշիռը բարձրանայ Սուրիոյ մէջ, հակառակ համայնքին հասած վնասներուն:
Ընտրութեան մասնակցած են քուէարկութեան իրաւունք ունեցող Սուրիոյ բնակչութեան 57,56 առ հարիւրը:
Պատերազմական վիճակի մէջ ապրող Սուրիոյ խորհրդարանին մէջ երկու հայ ներկայացուցիչ ունենալը մեծ կարեւորութիւն ունի:: Հակառակ հնգամեայ պատերազմին սուրիահայութեան հասցուցած վնասներուն, այս քաղաքական ներկայացուցչութիւնը խթան է, որ սուրիահայութիւնը վերստին վերականգնէ իր հաւատը հայութեան միջինարեւելեան մայր գաղութին նկատմամբ:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles