
ԵՐԵՒԱՆ, “Երկիր“ .- “Օգնի՛ր Եղբօրդ. քաղաքացիական նախաձեռնութեան միջոցով հաւաքուած սննդամթ”րքի առաջին օդանաւը Սուրիա մեկնեցաւ շաբաթասկիզբին: Տարբեր կառոյցներու, անհատներու եւ գործարարներու տրամադրած այս սննդամթերքը, ընդհանուր կշիռքով մօտ 15 թոն, արդէն քանի մը օրէ ի վեր կը ծրարուին Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Հայաստանի Երիտասարդական միութեան, “Նիկոլ Աղբալեան“ Ուսանողական Միութեան եւ Հ.Մ.Ը.Մ-Հ.Ա.Ս.Կ.-ի անդամներուն կողմէ: Ծրարումի աշխատանքն”րը կը կատարուին Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.-ի գրասենեակին մէջ:
Յառաջիկայ օր”րուն պիտի շարունակուի այս աշխատանքը եւ կը սպասուի հերթաբար սննթամթերք ուղղարկել Սուրիահայ գաղութին:
Յաւելեալ տեղեկութիւններ փոխանցելով Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ, Ազգային ժողովի Հ.Յ.Դ. խմբակցութեան պատգամաւոր Վահան Յովհաննիսեան, դիտել տուաւ, թէ ուղարկուած օգնութիւնը հայ եկեղեցւոյ եւ հայ համայնքի ազգային համակարգող մարմինի ճամբով պիտի բաժնուի Սուրիոյ բնակիչներուն, նաեւ` այլազգներուն: “Դեղօրայք, սնունդ եւ բնակիչներին անհրաժեշտ այլ պարագաներ տեղափոխող ինքնաթիռի բեռնումը “Օգնի՛ր եղբօրդ“ քաղաքացիական նախաձեռնութեան գաղափարն է: Նախաձեռնութիւնն իր շուրջը համախմբել է Հայաստանի եւ Արցախի մի շարք հասարակական կազմակերպութիւնների եւ անհատներ“, դիտել տուած է Յովհաննիսեան:
Միւս կողմէ, Արցախի կառավարութեան մամլոյ ծառայութիւնը յայտնած է, որ բաւական մեծածաւալ օգնութիւն` պահածոներ, ձաւարեղէն, բուսական իւղ, ուղարկուած է Հայաստան, որպէսզի “Օգնի՛ր եղբօրդ“ նախաձեռնութեան ծիրին մէջ տարուին Սուրիա:
Սուրիոյ ժողովուրդին իրենց օգնութիւնը տրամադրած են նաեւ տարբեր կազմակերպութիւններ եւ անհատներ, որոնց ներդումը փոխանցուած է այս նպատակով բացուած դրամատնային հաշիւին միջոցով: “Հայաստան“ համահայկական հիմնադրամի հանրային կապերու աշխատակիցը յայտնած է, որ այս նպատակով “Փեթակ“ ընկերութիւնը տրամադրած է չորս միլիոն հարիւր հազար դրամ, իսկ “Հայռուսգազարդ“ը` երկու միլիոն դրամ: