Սուրբ Ստեփանոս Ազգային Վարժարանի 2021-2022 Տարեշրջանի Ամավերջի Հանդէսներ

0 0
Read Time:1 Minute, 48 Second

ՈՒԱԹԸՐԹԱՈՒՆ (Մասաչուսէց) .- Յունիս 2022-ին, Սուրբ Ստեփանոս Ազգային Վարժարանը յաջողութեամբ բոլորեց իր 38-րդ ուսումնական տարեշրջանը, շնորհիւ  որակաւոր եւ նուիրուած ուսուցիչներուն, արդիական ուսումնական ծրագրին եւ ուսումնական ծրագիրը ճոխացնող արտադասարանային դասընթացքներուն: Ամավերջի Հանդէսները տեղի ունեցան Յունիս 16-ին (Մանկապարտէզ) եւ Յունիս 17-ին (Նախակրթարան), ներկայութեամբ խանդավառ ծնողներու եւ շրջանի Հայ եկեղեցիներու հովիւներուն:

Նախակրթարանի Հանդէսը նուիրուած էր Արցախ-Հայաստան-Սփիւռք Միասնութեան թեմային, որ ներկայացուեցաւ երգերով, արտասանութիւններով եւ պարով: Իր խօսքին մէջ, տնօրէնուհի Հուրի Պոյամեան յայտնեց, որ Համաճարակը արգելք չկրցաւ հանդիսանալ, որ դպրոցը տօնէ կամ ոգեկոչէ մեր տօները, ինչպէս Մշակոյթի Օր, Վարդանանց, Ապրիլ 24 եւ Մայիս 28: Երկու տարուան ընդմիջումէ ետք, դպրոցը կրցաւ նաեւ կազմակերպել աւարտական դասարանի Հայաստան Այցելոթիւնը թէ՛ 2022-ի եւ թէ՛ 2021-ի աւարտականներուն համար: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց ուսուցչական եւ վարչական կազմերուն, ծնողական մարմնին, դպրոցի խնամակալութեան եւ յանձնախումբերուն, Սուրբ Ստեփանոս Եկեղեցւոյ Հովիւ Տէր Անդրանիք Աւագ Քհնյ Պալճեանին եւ հոգաբարձութեան, ինչպէս նաև բոլոր այն անհատներուն և կազմակերպութիւններուն որոնք կը նպաստեն դպրոցի վերելքին:

Յունիս 16-ին տիկին Պոյամեանը Տէր Անդրանիկ Աւագ Քհնյ. Պալճեանին հետ միասին պատուեցին Նորա Հաքէթը իր 21 տարիներու անձնուէր ծառայութեան համար, իբրեւ գանձապահ, իրեն յանձնելով Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ,Արքեպիսկոպոս Անուշաւան Դանիէլեանի Գնահատագիրը:

Բոլոր կարգերու ելոյթէն ետք, Տէր Անդրանիկ Պալճեան իր գնահատանքը յայտնեց ուսուցիչներուն եւ տնօրէնութեան իրենց արդիւնաբեր աշխատանքին համար, իսկ աշակերտներուն իրենց գեղեցիկ ելոյթին համար:

Տնօրէնը և Եկեղեցւոյ Հովիւը կատարեցին վկայականներու բաշխումը

Յունիս 16-ին, Մանկապարտէզէն վկայական ստացան, Խորէն Տէնիկըն, Սեւակ Գարակէօզեան, Տանթէ Գարպունարի, Էնտրու Մանկիքեան, Լեւոն Լուարասի, Էմմա Օրջանեան, Լուսինէ Զուրապեան, Նիքըլըս Տանիոս, Ալեքսանտր Գրիգորեան, Անի Քէշիշեան, Սանահին Արզումանեան Շուարց, Էւա Կիրակոսեան, Արեգ Պապ Միքայէլեան, Դիանա Օհաննէսեան, Արեւ Յակոբեան, Սիլվի Սայիտ, Արէն Էքմէքճի, Պրէյտըն Տուխանեան, Տալիթա Պէլ, եւ Անյա Սավօ:

Յունիս 17-ին, Նախակրթարանէն վկայական ստացան` Սիրան Առաքելեան, Իւա Խալարեան, Օլիւիա Տիմոբուլոս, Արտա Մահսէրէճեան, Ճիզէլ Թարապուլսի, Ալին Միքայէլեան, Լիանա Իսկէնտէրեան, Ճոզէֆին Քէօմիւրեան եւ Լոռի Կարապետեան:

2022 –ի Մրցանակներ

Հայերէնի Դասընթացքներու Մրցանակներ․- Ե. Դասարան
-Ազգային Առաջնորդարանի Մրցանակ՝ Սիրան Առաքելեան, Այգի Արզումանեան, Ալին Միքայէլեան, Իւա Խալարեան, Լիանա Իսկէնտէրեան։
-Հայ Օգնութեան Միութեան Մրցանակ՝ Հայերէն Սահուն Արտայայտութեան համար, Լոռի Կարապետեան։
-Դպրոցի Կրթական Մարմնի Մրցանակ ՝ Ջանասէրութեան համար․- Օլիւիա Տիմոփուլոս, Արտա Մահսէրէճեան, Ճեզէլ Թարապլսի։
Նախագահական Մրցանակներ․- Ե. Դասարան
-Գերազանցութեան Մրցանակ՝ (կը վերաբերի բոլոր նիւթերու)
Սիրան Առաքելեան եւ Այգի Արզումանեան։
-Ուշագրաւ Յառաջդիմութեան Մրցանակ՝ (կը վերաբերի բոլոր նիւթերու)․-
Ալին Միքայէլեան, Իւա Խալարեան, եւ Լիանա Իսկէնտէրեան։

Happy
Happy
100 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles