
Սուրբ Ստեփանոս Ազգային Վարժարանը յաջողութեամբ բոլորեց իր 29-րդ դպրոցական տարեշրջանը: Մանկապարտէզի ամավերջի հանդէսը տեղի ունեցաւ Յունիս 13-ին, իսկ Նախակրթարանի հանդէսը տեղի ունեցաւ Յունիս 14-ին, ներկայութեամբ մեծ թիւով ծնողներու, բարեկամներու եւ շրջանի հայ եկեղեցիներու հոգեւոր հովիւներուն: Յունիս 14-ին Նախակրթարանի Հանդէսը Գերաշնորհ Սրբազան Անուշաւան Դանիէլեանի հովանաւորութիւնը վայելեց, որ եկած էր պարգեւատրելու Վարժարանի Տնօրէնուհին Առաջնորդարանի Զապէլ Թագուհիի Շքանշանով իր ծառայութեան 25-րդ Տարեդարձին առիթով:
Երկու հանդէսներուն, տնօրէնուհին` տիկին Հուրի Պոյամեանը ծանրացաւ դպրոցի յաջողութիւններուն վրայ Եւ նշեց, որ 2013-ը կը համապատասխանէ Աւարտական Դասարանի Հայաստան Այցելութեան 10-րդ Տարեդարձին: Տնօրէնուհին շնորհակալութիւն յայտնեց Ուսուցչական Կազմին, Գրասենեակի Անձնակազմին, Ծնողական Յանձնախումբին, Դպրոցի Խնամակալութեան եւ Յանձնախումբերուն, ինչպէս նաեւ բոլոր կազմակերպութիւններուն եւ անհատներուն, որոնք կը նպաստեն դպրոցի վերելքին:
Յունիս 13-ին, Տիկին Պոյամեանը Մանկամսուրի Տնօրէնուհի, Տիկ. Մարալ Օրջանեանի հետ յուշանուէրով մը պատուեց Տիկին Արաքսի Փօլատեանը, որը մեծ նուիրումով 20 տարի ծառայած է իբրեւ Մանկամսուրի ուսուցչուհի:
Յունիս 13-ին Տիկին Մարալ Օրջանեանը ներկայացուց Փոքրերու Հանդէսի նիւթը, որը Փոքրերու Երեւակայական Աշխարհն էր: Մանկամսուրի եւ Մանկապարտէզի աշակերտները երգերով, արտասանութեամբ եւ պարերով ներկայացուցին Անջրպետը, Ծովու Յատակը, Հայկական Թագաւորական Շրջանը, եւայլն: Ապա` անոնք յատուկ պատրաստուած երգով մը եւ պաստառով մը շնորհակալութիւն յայտնեցին Տիկին Պոյամեանին իր 25 տարիներու ծառայութեան համար:
Յունիս 15-ի յայտագիրը նուիրուած էր Հայ Մօր եւ Հայաստանի, Նորին Սբ. Օծութիւն Վեհափառ Արամ Ա. Կաթողիկոսը 2013 տարին հռչակած ըլլալով “Հայ Մօր Տարի“ն: Նախակրթարանի աշակերտները ներկայացուցին հանդէսի թեման, թատերգութեամբ, արտասանութեամբ, պարով եւ երգով, որոնք համադրուած էին հմտօրէն հայերէնի դասատու` տիկին Արտեմիս Մկրտիչեանի կողմէ: Հանդէսի աւարտին շքերթով բեմ բարձրացան վերջին տաս տարիներու շրջանաւարտները, միասին երգեցին “Մեր Սարերը“, եւ կտրեցին տասերորդ Տարեդարձի Կարկանդակը: Ապա ցուցադրուեցաւ նախապէս պատրաստուած պատկերիզ մը, որը կ՛ընդգրկէր Նախակրթարարանի իւրաքանչիւր կարգի զգացական արտայայտութիւնները ուղղուած Տիկ. Պոյամեանին իր 25 ամեակի առիթով: Երկու հանդէսներուն իր փակման խօսքին մէջ, Տէր Անդրանիկ Ա. քհնյ. Պալճեանը իր գնահատանքի խօսքը ըսաւ Տնօրէնութեան եւ Ուսուցչական Կազմին իրենց տարած աշխատանքին եւ նուիրումին համար: Ան մասնաւորաբար շնորհաւորեց Վարժարանի Տնօրէնուհին Տիկ. Հուրի Պոյամեանը իր 25 տարուայ ծառայութեան համար:
“Մեր այսօրուան յայտագիրէն փոքր շեղում մը պիտի կատարենք, նշելու համար կարեւոր հանգրուան մը Սուրբ Ստեփանոս Ազգային Վարժարանի կեանքի ընթացքին մէջ: Ինծի քաղձր պարտականութիւնը տրուած է մեր համայնքի ամբողջ ժողովուրդին կողմէ շնորհաւորելու վարժարանիս տնօրէնուհի` Տիկին Հուրի Պոյամեան, 25 տարուայ իր անսակարկ, կարող եւ երիտասարդ սերունդներու հանդէպ օգտաշատ ծառայութեան համար: 25 տարիներ առաջ, Տիկին Հուրին, հազիւ չորս տարուան կեանքի կոչուած մեր այս մատղաշ դպրոցին տնօրինութեան պաշտօնը ստանձնեց ու ամբողջական եւ անսակարկ նուիրումով նետուեցաւ դաստիարակչական ու հայապահպանման բարձր առաքելութեան կոչումին հետեւելով իր հօր` հանրածանօթ դաստիարակ եւ Պէյրութի Նշան Փալանճեան Ճեմարանի երկար տարիներու ուսուցիչ եւ փոխ-տեսուչ` Պր. Գառնիկ Բանեանի շաւիղին: Այս վերջին 25 տարիներուն ընթացքին, Տիկին Հուրիին կարող եւ վարպետ ղեկավարութեամբ Սուրբ Ստեփանոս Ազգային Վարժարանը ո՛չ միայն աճեցաւ. ո՛չ միայն աշխուժացաւ. ո՛չ միայն ընդարձակուեցաւ, այլ ուղղակի ծաղկեցաւ ու դարձաւ` մեր Մեծագոյն Պոսթընի շրջանին հպարտութիւն պատճառող նոր սերունդին հայապահպանման ամրոցը` ցանկալի դարբնոցը, ուր կը կատարուի գաղութիս մէջ ապագայի ծառայող եւ գործող մարդոյժի պատրաստութիւնը:
Սիրելի Տիկին Հուրի. ընդունեցէ՛ք մեր ու Սուրբ Ստեփանոս Եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան եւ յարակից մարմիններուն, Սուրբ Ստեփանոս Ազգային Վարժարանի Տնօրէն Խորհուրդին, Ծնողական Յանձնախումբին, ուսուցչական կազմին եւ յատկապէս ամէն նոր եւ հին, անցեալի եւ ներկայի աշակերտներուն սրտազգաց եւ խոր երախտագիտութեան զգացումներ Ձեր բարի եւ ազգօգուտ ծառայութեան համար. Կը շնորհաւորենք նաեւ Ձեր ամուսինը` Աւետիսը. ինչպէս նաեւ` Ձեր զաւակներն ու յատկապէս Ձեր թոռնիկները, որոնք այսօր բոլոր միւս աշակերտներուն կողքին կը վայելեն Ձեր լուրջ եւ ծանր աշխատանքի արդիւնքին նպաստը:
Աստուած Ձեզի արդիւնաշատ երկար տարիներ պարգեւէ: Վարձքերնիդ կատար, Տիկին Հուրի եւ դարձեալ շնորհակալութիւն Ձեր ծառայութեան համար: Շա՜տ ապրիք“, ըսաւ Քհնյ. Պալճեան եւ ապա հրաւիրեց Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Թեմի Առաջնորդական Փոխանորդ` Գերաշնորհ Տէր Անուշաւան Սրբազան Եպիսկոպոս Դանիէլեանը որ Բարեջան Առաջնորդ` Տէր Օշական Սրբազան Չօլոյեանի անունով “Զապէլ Թագուհի“ շքանաշանով պարգեւատրէ Տիկին Հուրի Պոյամեանին:
Մանկապարտէզէն շրջանաւարտ եղան.- Լորի Աւագեան, Մաթիու Պապիկեան, Նայիրի Չէքիճեան, Դաւիթ Դաւիթեան, Քրիսչըն Տիազ, Քրիսթինա Տորեան, Լիանա Տորեան, Ալիսա Ֆիչիչեան, Շանթ Կէպէյեան, Ճան Տիրան Ճինկոզեան, Քրիսչըն Կէօպէլ, Տիանա Գրիգորեան, Ռայըն Կէպէնլեան, Հայկ Կիւզէլեան, Մարք Կիւզէլեան,Հրանդ Հաչիկեան, Թալին Հալէպլեան, Ալեքսան Յարութիւնեան, Նորա Յարութիւնեան, Ամիլիա Գասարճեան, Ալեքս Գէպաճեան, Զաքըրի Քէֆէյեան, Անուշ ՄըքՔարթի, Գագիկ Մինասեան, Սարին Նիկողոսեան, Նաթալի Թէնէքէճեան:
Նախակրթարանէն շրջանաւարտ եղան.- Էմին Աբրահամեան, Վիքի Պազարպաշեան, Բիայնա Չափարեան, Թալին Չափրազեան, Կրէկըրի Գորմիր, Նայիրի Էնրայթ, Անի Կանճեան, Քրիսթինա Քիւ, Սարին Մարուխեան, Փաթիլ Մահսերէճեան, Վիքթորիա Սարգիսեան, Էմմա Սուրէնեան եւ Գարլօ Ոսպիկեան:
Վկայականներու բաշխումէն յետոյ տնօրէնը բաժնեց 2012-2013 Տարեշրջանի Մրցանակները.-
1.- Հայերէն Դասընթացքներու Մրցանակներ
– Ազգային Առաջնորդարանի Մրցանակը ստացան` Էմին Աբրահամեան, Սարին Մարուխեան, Թալին Չափրազեան եւ Անի Կանճեան
– Սբ. Ստեփանոս Վարժարանի Մրցանակը ստացաւ` Կրէկըրի Գորմիր (Հայոց Պատմութեան համար)
– Հայ Օգնութեան Միութեան Մրցանակը ստացաւ` Բիայնա Չափարեան
– Հայերէնի հանդէպ իրենց ունեցած հետաքրքրութեան համար յիշուեցան Քրիսթինա Քիւ, Վիքի Պազարպաշեան, Էմմա Սուրէնեան եւ Նայիրի Էնրայթ:
2.- Նախագահական Մրցանակները ստացան
– Ուսման մէջ Գերազանցութեան` Էմին Աբրահամեան
– Ուսման մէջ Յառաջդիմութեան` Սարին Մարուխեան եւ Բիայնա Չափարեան
3.- Վարքի Մրցանակ
– Անի Կանճեան
4.- Հ.Օ.Մ.ի Շարադրական Մրցումին
– Առաջին Մրցանակ` Վիքի Պազարպաշեան
– Երկրորդ Մրցանակ` Սարին Մարուխեան
5.- Նշան եւ Արշալոյս Նաճարեան Մրցանակ
– Արուեստի մէջ` Իզապելլա Պալեան
– Երաժշտութեան մէջ` Արեգ Ատուրեան
(իւրաքանչիւրը ստացաւ 200 տոլարի կրթաթոշակ)
6.- Անահիտ Գազազեան Կրթաթոշակը
ստացան Հայերէնի մէջ փայլուն աշակերտներ
– Լորի Կանճեան եւ Պերճ Չէքիճեան
(իւրաքանչիւրը ստացաւ 100 տոլարի կրթաթոշակ)
7.- Անթերի Ներկայութեան Մրցանակ
– Մանկապարտէզ` Գագիկ Մինասեան
– Ա. դասարան` Արէն Բանեան
– Բ. դասարան` Քրիս Աշճեան եւ Վանա Գարակէօզեան
– Գ. դասարան` Թամար Չափրազեան
– Ե. դասարան` Նայիրի Էնրայթ