ՍՈՒՐԲ ՍԱՐ­ԳԻՍ ՀԱ­ՅՈՑ ԱՌԱ­ՔԵ­ԼԱ­ԿԱՆ ԵԿԵ­ՂԵՑ­ՒՈՅ ՄԷՋ ԺԱ­ՄԵՐ­ԳՈՒ­ԹԻՒՆ ԵՒ ՄՈ­ՄԱ­ՎԱ­ՌՈՒ­ԹԻՒՆ ՍՈՒՐ­ԻՈՅ ՄԷՋ ԶՈՀ­ՈՒԱԾ ՀԱ­ՅՈՐ­ԴԻ­ՆԵ­ՐՈՒՆ ՀԱ­ՄԱՐ

0 0
Read Time:7 Minute, 6 Second


ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԳԱՐԱՏՕԼԵԱՆ

Նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ եւ կազ­մա­կեր­պու­թեամբ Տիթ­րո­թի Սուրբ Սար­գիս Հա­յոց Առա­քե­լա­կան Եկե­ղեց­ւոյ հո­գե­ւոր հո­վիւ Արժպ. Տ. Հրանդ Քհնյ. Գէ­որգ­եա­նի եւ հո­գա­բար­ձու­թեան, Ուր­բաթ երե­կոյ ժա­մը 7:00-ին. Սուրբ Սար­գիս եկե­ղեց­ւոյ մէջ, Սուր­իոյ հայ գա­ղու­թի խա­ղա­ղու­թեան հա­մար, եւ քա­ղա­քաց­ի­ա­կան պա­տե­րազ­մի ըն­թաց­քին զոհ­ուած 20 հա­յոր­դի­նե­րու յի­շա­տա­կին, ինչ­պէս նա­եւ ան­հե­տա­ցած հա­յոր­դի­նե­րու ազատ ար­ձակ­ման հա­մար հո­գե­հանգստ­եան արա­րո­ղու­թիւն մը տե­ղի ու­նե­ցաւ:

Յա­տուկ հրա­ւի­րա­գիր­ներ ուղ­ղարկ­ուած էին գա­ղու­թիս մէջ գոր­ծող յա­րան­ուա­նու­թեանց հո­գե­ւոր հայ­րե­րուն եւ իրենց հա­մայնքի զա­ւակ­նե­րուն: Ներ­կայ էր Հայ Աւե­տա­րա­նա­կան Հա­մաշ­խարհա­յին Խոր­հուր­դի ատե­նա­պետ` Տիթ­րո­յի­թի Հայ Աւե­տա­րա­նա­կան Եկե­ղեց­ւոյ պատ­ուա­կալ, եւ ներ­կա­յիս գոր­ծօն  հո­գե­ւոր հո­վիւ Վերպ. Դոկտ. Վա­հան եւ երէց­կին Թու­թիկ­եան:

Սուրբ. Վար­դան Հայ Կա­թո­ղի­կէ Եկե­ղեց­ւոյ հո­գե­ւոր հո­վիւ Գրպտ. Ան­տոն Ծ. Վրդ. Ադամ­եան քա­ղա­քէն բա­ցա­կայու­թեան պատճա­ռով ներ­կայ չի կրցաւ գտնուիլ: Ներ­կայ էին շուրջ հա­րիւր հա­ւա­տացեալ­ներ, որոնք  մաս­նակ­ցե­ցան “Սաղ­մոս­նե­րու“ եւ “Հա­ւա­տով Խո­տո­վա­նիմ“ աղօթք­նե­րու ըն­թեր­ցա­նու­թեան:

Խա­ղա­ղու­թեան ժա­մեր­գու­թեան եւ հո­գե­հանգստ­եան արա­րողու­թե­նէն ետք, եր­կու լե­զու­նե­րով օր­ուայ պատ­շա­ճը հրե­տորա­շունչ ոճով իր հայ­րա­կան պատ­գա­մը փո­խան­ցեց Վերպ. Դոկտ. Վահան Թու­թիկ­եան: Ապա, ի նպաստ Սուր­իոյ հայ հա­մայն­քի հա­մար եկե­ղեցւոյ մէջ դրա­մա­հա­ւաք տե­ղի ու­նե­ցաւ: Տէ­րու­նա­կան Աղօթ­քի եր­գե­ցո­ղու­թեամբ իր աւար­տին հա­սաւ “Խա­ղա­ղա­կան“ եւ հո­գե­հանգստ­եան արա­րո­ղու­թիւնը:

Ապա ժո­ղո­վուր­դը կա­տա­րեց մո­մա­վա­ռու­թիւն: Այ­նու­հե­տեւ ժո­ղո­վուր­դը ուղղ­ուե­ցաւ եկե­ղեց­ւոյ յա­րա­կից “Լիլի­ըն Առա­քել­եան“ սրա­հը, ուր եկե­ղեց­ւոյ հո­գա­բար­ձու­թիւնը պատ­շաճ հիւ­րա­սի­րու­թիւն մը պատ­րաս­տած էր:

Հիւ­րա­սի­րու­թե­նէ ետք, Շանթ Ժամ­կոչ­եան սա­հիկ­նե­րով ցոյց տուաւ Հա­լէ­պի հա­յա­ծոյ շրջան­նե­րու մէջ  գոր­ծող եկե­ղե­ցա­կան, ազ­գա­յին,  բա­րե­սի­րա­կան, կրթա­կան, եւ մար­զա­կան կա­ռոյց­նե­րը, ինչ­պէս նա­եւ  քա­ղա­քաց­ի­ա­կան պա­տե­րազ­մի ըն­թաց­քին  ռմբա­կոծու­թեան թի­րախ դար­ձած եւ փուլ եկած շէն­քե­րը եւ վնաս­ուած բնակա­րան­նե­րը:

Ստո­րեւ, Դոկտ. Վա­հան Թու­թիկ­եա­նի խօս­քը.-

Այս երե­կոյ հա­ւաք­ուած ենք այս­տեղ յի­շե­լու համար այն 20 հա­յոր­դի­ներ, որոնք  մե­ռան եւ իրենց կեան­քը կորսնցու­ցին Սուր­իոյ քա­ղա­քաց­ի­ա­կան պա­տե­րազ­մի ըն­թաց­քին:

18-ը ամիս, եր­կար ամիս­ներ են, մէ­կու­կէս տարիէ ի վեր մեր ժո­ղո­վուր­դը իր երկ­րորդ հայ­րե­նիք Սուր­իոյ մէջ, քա­ղա­քաց­ի­ա­կան պա­տե­րազ­մի պատ­ճա­ռով կը տա­ռա­պի: Ես քա­ղա­քա­կան իրավի­ճա­կին մա­սին ոե­ւէ ակ­նար­կու­թիւն պի­տի չկա­տա­րեմ, թէ ով է մե­ղա­ւո­րը, եւ կամ թէ ով է յաղ­թո­ղըայս պա­հուն  մեզ չեն հե­տաքրքրեր, մեզ հե­տաքրք­րո­ղը այն է որ ու­նինք բա­ւա­կան մեռ­եալ­ներ, ու ան­հե­տա­ցած­ներ որոնց ճա­կա­տա­գի­րը անո­րոշ է, անոնց շար­քին կը գտնուի Քե­սապ­ցի հայ­րե­նա­կից­նե­րէս մին, եւ ատոր պէս շա­տեր:

Քա­ղա­քաց­ի­ա­կան պա­տե­րազ­մի ստեղ­ծած անո­րո­շու­թեան պատ­ճա­ռով ստեղծ­ուած է խու­ճապ, հո­գե­բա­նա­կան խու­ճապ մը Սուր­իոյ հա­յա­շատ շրջա­ննե­րը, մայ­րա­քա­ղաք Դա­մաս­կոս, Հա­լէպ, Հա­սիր­ճէ, Գա­միշ­լի, Հա­մա, Քեսապ, եւ Լա­թա­քիա  եւ այլ շրջան­նե­րու մէջ:

Սի­րե­լի­ներ անոնք որոնք տա­ռա­պանք տե­սած են կրնան զգալ այդ հո­գե­բա­նա­կան ծան­րու­թիւնը: Մենք տա­ռա­պող ժո­ղո­վուրդ ենք, կը զգանք ու կը սգանք, որով­հե­տեւ կո­րուս­տը որ ար­ձա­նագր­ուե­ցաւ իրա­պէս մե­զի հա­մար շատ կա­րե­ւոր է: Բայց կ՛ու­զեմ ըսել, թէ­եւ կը սգանք, բայց մենք սգա­ցող ժո­ղո­վուրդ չենք, մենք գի­տենք լալ, սակայն լալ­կան ժո­ղո­վուրդ չենք, մենք գի­տենք մեր ար­ցունք­նե­րէն ծիածան­ներ շի­նել: Եւ մենք մեր փո­թոր­կա­լոյս ծո­վուն մէջ իսկ կրնանք եր­գել ու ըսել.-

 

Երբ ալե­կոծ ծո­վու վրայ

Իմ մա­կոյ­կը խո­ր­տակ­ուի,

Ես փրփրա­դէզ ալ­եաց մէ­ջը

Դեռ իմ յոյ­սը չեմ կտրի 

Մենք այս տե­սակ ժո­ղո­վուրդ ենք ու կը հա­ւա­տանք որ փո­թորկա­լից ձմեռ­նե­րէն ետք պի­տի գայ պայ­ծառ գա­րու­նը: Մութ գի­շերնե­րէն ետք ան­պայ­ման պի­տի ծա­գի ար­շա­լոյ­սը, եւ կը հա­ւա­տանք որ պի­տի գայ:

Կ՛ա­ղօ­թենք որ Աստ­ուած շու­տով խա­ղա­ղու­թիւն բե­րէ մեր սի­րե­լի երկ­րորդ Հայ­րե­նի­քին Սուր­իոյ  եւ մեր ժո­ղո­վուր­դին, ինչ­պէս նա­եւ Սուր­իոյ հիւ­րըն­կալ Արաբ ժո­ղո­վուր­դին: Երկ­րորդ հայ­րե­նիք կ՛ըսեմ որով­հե­տեւ ես Քէ­սապ­ցի եմ եւ Սուր­ի­ա­ցի, կը սի­րեմ իմ ծննդա­վայրս Սուր­ի­ան, նոյն­պէս նա­եւ Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րը իմ երկրորդ հայ­րե­նիքս:

Սի­րե­լի­ներ, Սուր­ի­ա­հայ զո­հե­րը միայն յի­շել ու ոգե­կո­չել չի բա­ւէր, մենք այ­սօր  գործ ու­նինք կա­տա­րե­լիք, որով­հե­տեւ  Սուրիոյ  տա­րած­քին ապ­րող մեր եղ­բայ­նե­րը եւ քոյ­րե­րը  տա­ռա­պան­քի մէջ են, մեզ­մէ իւ­րա­քան­չիւ­րիս պար­տա­կա­նու­թիւնն է օգ­նու­թեան ձեռք եր­կա­րել կա­րօտ­եա­լին: Կան հիւանդ­ներ որոնք պէտք ու­նին հիւան­դա­նո­ցի ու բու­ժու­մի, կան ըն­տա­նիք­ներ որոնք մնա­ցած են ան­տուն, աղ­քատ­ներ ու անօ­թի­ներ որոնց պէտք է կե­րակ­րել, կան զոհ­ուած­ներ որոնք իրենց ետին թո­ղած են սի­րե­լի­ներ, որբ եւ այ­րիներ, որ­բեր ու որ­բու­հի­ներ: Ինչ տե­սակ խիղճ պէտք է ու­նե­նայ հա­յը, եթէ իր ձեռ­քը չեր­կա­րէ իր կա­րօտ­եալ եղ­բայր­նե­րուն եւ քոյ­րե­րուն:

Այս երե­կոյ, այս մեր հա­ւա­քը մար­տահ­րա­ւէր է , “Ով որ քաջ է ինչ կը սպա­սէ“: Այ­սօր պի­տի ըսենք “Ով որ Հայ է ինչ կը սպա­սէ“:

Աստ­ուած իմաս­տու­թիւն եւ երկ­նա­յին շնորհք տայ, որ­պէս­զի կա­րե­նանք մեր սիր­տը բա­նալ, մեր գրպա­ննե­րը բա­նալ եւ մեր կա­րելին տալ մեր սի­րե­լի Սուր­իոյ հայ­րե­նա­կից­նե­րուն:

Աստ­ուած օրհ­նէ մեր սի­րե­լի հայ­րե­նի­քը որուն վե­րան­կա­խացման 21-րդ տա­րե­դաձն է այ­սօր: Աստ­ուած օրհ­նէ նա­եւ մեր երկ­րորդ հայ­րե­նի­քը Սուր­ի­ան ուր­կէ ես, եւ ձեզ­մէ ոմանք եկած են:Եւ Աստ­ուած օրհ­նէ մեր ժո­ղո­վուր­դը Հայ­րե­նիք, Ար­ցախ եւ ի Սփիւռս աշ­խար­հի…

Ամէն:

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles