ՍՈՒՐԲ ՍԱՐ­ԳԻՍ ՀԱ­ՅՈՑ ԱՌԱ­ՔԵ­ԼԱ­ԿԱՆ ԵԿԵ­ՂԵՑ­ՒՈՅ ՀԻՄ­ՆԱԴ­ՐՈՒ­ԹԵԱՆ ՏՕ­ՆԱ­ԿԱ­ՏԱ­ՐՈՒ­ԹԻՒՆ

0 0
Read Time:9 Minute, 39 Second

p11 dtt5  Տա­րի­նե­րու ըն­կալ­եալ սո­վո­րու­թեան հա­մա­ձայն, այս տա­րի եւս Սուրբ Սար­գիս Հա­յոց Առա­քե­լա­կան Եկե­ղեց­ւոյ հիմ­նադ­րու­թեան 51-ամ­եա­կի տօ­նա­կա­տա­րու­թեան առ­թիւ, Տիթ­րոյթ ժա­մա­նած էր Թե­մի Բա­րե­ջան Առաջ­նորդ Տ. Օշա­կան Արք. Չօ­լոյ­եան: Կի­րա­կի, առա­ւօտ­եան ժա­մը 10:30ին, Բարձ­րաշ­նորհ Սրբա­զան Հայ­րը, ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ Արժպ. Տէր Հրանդ Քհնյ. Գէ­որգ­եա­նի եւ սար­կա­ւագ­նե­րու, ուղղ­ուե­ցաւ խո­րան:

Սրբա­զան Հայ­րը իր օր­ուայ քա­րո­զին, ըսաւ.- “Այ­սօր­ուայ խօսքս պի­տի կեդ­րո­նաց­նեմ եր­կու գլխա­ւոր կէ­տե­րու վրայ: Առա­ջին` յստակ նա­խա­դա­սու­թիւնը որ կ՛ըսէ, Ինք ձեր Աստ­ուա­ծը պի­տի ըլ­լայ, եւ դուք իր ժո­ղո­վուր­դը: Այս նա­խա­դա­սու­թեան մէջ պի­տի զգաք որ Աս­տու­ծոյ զօ­րու­թիւնը որ մե­զի հետ է: Երբ Աս­տու­ծոյ զօ­րու­թիւնը ու­նե­նաք մեր հետ, կը զ­գան ապա­հով երբ մենք իր ժո­ղո­վուր­դը ըլ­լանք եւ կ՛առ­նենք այդ իք­նու­թիւնը որ մեր սրտին մէջ գրուած է: Աշ­խար­հի ժո­ղո­վուր­դը մեզ Քրիս­տոն­եայ կը կո­չեն: Իք­նու­թիւնը որ Քրիս­տոն­եայ անուն է, եւ այդ ինք­նու­թիւնը մե­զի չի պատկա­նիր որ­պէս ան­հատ, ըն­տա­նիք եւ ազ­գու­թիւն, որ տրուած է Աս­տու­ծոյ կող­մէ Աս­տու­ծոյ հա­մար: Շատ կա­րե­ւոր է գի­տակ­ցիլ այդ ապա­հո­վու­թեան: Ապա, Սրբա­զան Հայ­րը իր խօս­քը ուղ­ղե­լով Կի­րակ­նօր­եայ վար­ժա­րա­նի աշա­կերտնե­րուն ըսաւ.- Ու­րախ եմ որ հոս էք, ապա­հով չէք զգար որ ձեր ծնո­ղաց հետ էք: Այո, աւե­լի ապա­հով չէք զգար որ Աս­տու­ծոյ ձեռ­քե­րուն մէջ էք: Աստ­ուած, Քրիս­տոս աշ­խարհ եկաւ, մեր եղ­բայ­րը եղաւ, եւ այդ սի­րով խոս­տա­ցաւ մեզ պաշտ­պա­նել ամէն տե­սակ փո­ր­ձու­թիւն­նե­րէն եւ դժուա­րու­թիւ­ննե­րէն, այս է օրհ­նու­թիւնը Աս­տու­ծոյ որ մեր սրտե­րուն մէջ  է: Սի­րե­լի եղ­բայր­ներ եւ քոյ­րեր, երբ կը խօ­սինք Աս­տու­ծոյ ապա­հո­վու­թեան մա­սին, ձեր մեծ ծնող­նե­րը, ծնող­նե­րը զգա­ցին այդ ապա­հո­վու­թիւնը եւ կա­ռու­ցեցին այս Եկե­ղե­ցին ապա­գայ սե­րուն­դի ապա­հո­վութեան հա­մար: Եկե­ղե­ցին միայն աղօթքի վայր մը չէ, եւ ոչ ալ կա­ռոյց մը, որ ժո­ղո­վուր­դը կու գայ եւ կ՛ա­ղօ­թէ, Եկե­ղե­ցին մեր տունն է, եւ այս ժո­ղո­վուր­դը գիտ­ցաւ Աս­տու­ծոյ տան կա­րե­ւո­րու­թեան: 120 տա­րի­ներ առաջ ձեր մեծ  մեծ ծնողք­նե­րը եկան այս եր­կի­րը, շատ դժուար եւ տագնա­պա­լից ժա­մեր էին, հա­լած­ուած մեր հայ­րե­նի­քին մէջ, եկան այս օրհն­եալ եր­կի­րը մեծ յոյ­սով: Եւ գի­տէք որ շատ դժուար պայ­ման­ներ ու­նե­ցան, բնա­կա­րան չու­նէ­ին, գաղ­թա­կա­ններ էին, եր­բեմն մէկ տան մէջ 6-8, հո­գի կ՛ապ­րէ­ին  մէկ սեն­եա­կի մէջ, բայց ու­նէ­ին տե­սիլք մը, եւ պատմու­թեան ամե­նէն գե­ղե­ցիկ փոր­ձա­ռու­թիւնը: Նախ­քան իրենց տու­նե­րը շի­նե­լը, մի­աս­նա­բար կառու­ցեցին Աս­տու­ծոյ տու­նը: Ին­չու, գիտ­ցան որ եթէ Աս­տու­ծոյ տու­նը չշի­նեն, իրենց ապա­գան կը կորսնց­նեն, հա­մայնք պի­տի չու­նե­նա­յին եւ ոչ ալ ազ­գու­թիւն: Ահա­ւա­սիկ դուք էք ժա­ռան­գոր­դը այդ տե­սիլք ու­նե­ցող ժո­ղո­վուր­դին:

Պա­տա­րա­գի աւար­տէն ետք, Եկե­ղեց­ւոյ յա­րա­կից “Լիլի­ըն Առա­քել­եան“ սրա­հին  մէջ, տե­ղի ու­նե­ցաւ Եկե­ղեց­ւոյ հիմ­նադ­րու­թեան 51րդ տա­րե­դար­ձի ճաշ­կե­րոյ­թը հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ Առաջ­նոր­դին: Ներ­կայ էին Հայ Կա­թո­ղի­կէ Ս. Վար­դան, եւ Հայ Աւե­տա­րա­նա­կան եկե­ղե­ցի­նե­րու հո­գե­ւոր հայ­րե­րը, Գերպ. Տ. Ան­տոն Ծ. Վրդ. Ադամ­եան, Պատ­ուա­կալ հո­վիւ Վերպ. Դոկտ. Վա­հան Թու­թիկ­եան եւ Պատ­ուե­լի Շանթ Պար­սում­եան, Կի­լիկ­եան Իշ­խան Տէր եւ Տիկ. Ճան եւ Ռոզ Մա­նուկ­եան, իշ­խա­նու­հի Տիկ. Էմ­մա  Սո­ղոյ­եան, թե­միս Ազ­գա­յին վար­չու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Պրն. Րաֆ­ֆի Ուրլ­եան, եկե­ղեց­ւոյ հո­գա­բար­ձու­թեան ան­դամ­ներ, Հ.Յ.Դաշ­նակ­ցու­թեան “Ազա­տա­մարտ“ կո­մի­տէ­ու­թեան, եւ քոյր միու­թիւն­նե­րու ան­դամ­ներ, շուրջ 225 հո­գի: Ձեռ­նար­կը հան­դի­սա­վա­րեց հո­գա­բար­ձու­թեան ան­դամ Սե­պուհ Սար­գիս­եան, ան բեմ հրա­ւի­րեց տիկ. Անն Մով­սէս­եա­նը որ դաշ­նա­կի ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ եր­գեց Ամե­րի­կա­յի եւ Հա­յաս­տա­նի օրհ­ներգ­նե­րը:

Ճա­շի սպա­սար­կու­թե­նէն առաջ, յար­գե­լի հան­դի­սա­վա­րը հրա­ւի­րեց Արժպ. Տ. Հրանդ Գէ­որգ­եա­նը փո­խան­ցե­լու իր խօս­քը: Տէր Հայ­րը կա­րե­ւո­րեց մի­աս­նա­բար սի­րով հա­մադր­ուած գոր­ծակ­ցու­թիւն եւ աշ­խա­տանք, որպէս­զի կա­տար­ուած աշ­խա­տան­քը ար­դիւ­նա­ւոր­ուի եւ հաս­նի իր նպա­տա­կին:

Ճա­շի ըն­թաց­քին Պրն. Հէ­րի Յո­վա­կիմ­եան (ջու­թակ) նուա­գեց Կո­մի­տա­սէն, Խա­չա­տուր­եա­նէն եւ այլ եր­գա­հան­նե­րու ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րէն կտոր­ներ: Ապա. Սե­պուհ Սար­գիս­եան շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց Սրբա­զան Հօր, ներ­կայ հիւր հո­գե­ւո­րա­կան­նե­րուն եւ հա­սա­րա­կու­թեան: Հա­մա­ռօտ գի­ծե­րու մէջ անդ­րա­դար­ձաւ հո­գաբար­ձու­թեան կա­տա­րած աշ­խա­տանք­նե­րուն: Որ­մէ ետք, օրդ. Սա­նան Մալգճ­եան ար­տա­սա­նեց Վա­հան Թէ­քէ­եա­նի “Լու­սա­ւոր­չի Կան­թե­ղը, օրդ. Մէ­րի Գար­մէն դաշ­նա­կի վրայ նուա­գեց Կո­մի­տասէն կտոր մը, իսկ Գե­ղամ Ճալ­հայ­եան ար­տա­սա­նեց “Մայ­րի­կը“: Այ­նու­հե­տեւ օրի­որդ­ներ. Արաք­սի Թո­սուն­եան. Մէ­րի Գար­մէն եւ ­Թա­մար Չէն­կէլ­եան երա­ձայն եր­գե­ցին “Հայ­րա­պե­տա­կան Մաղ­թանք“ը եւ Կո­մի-տա­սի “Բա­ղի Պար“ը:

Գե­ղար­ուես­տա­կան բա­ժի­նի աւա­րտին, 19 զոյ­գեր որոնք 51 եւ աւե­լի տա­րի­ներ ամուս­նա­ցած են, Տէր Հօր եւ հո­գա­բար­ձու­թեան կողմէ պատ­րաստ­ուած յա­տուկ գնա­հա­տա­գիր ստա­ցան ձե­ռամբ Սրբա­զան Հօր:

Այ­նու­հե­տեւ Սրբա­զան Հայ­րը  փո­խան­ցեց օր­ուայ պատ­շաճ պատ­գա­մը.- “Այ­սօր կը տօ­նենք Եկե­ղեց­ւոյ հիմ­նադ­րու­թեան 51րդ ամ­եա­կը, իրա­կա­նու­թեան մէջ հա­մայն­քը աւե­լի եկար կեանք ու­նի: Ամէն ան­գամ որ կը տօ­նենք տա­րե­դարձ մը, մե­զի յի­շե­ցում մըն է, մեր պար­տա­կա­նու­թիւն­նե­րու եւ Եկե­ղեց­ւոյ նկատ­մամբ: Ձեր հայ­րե­րը որոնք ու­նե­ցան այդ տե­սիլ­քը շի­նե­լու ոչ միայն Եկե­ղե­ցի որ­պէս ֆի­զի­քա­կան կա­ռոյց, այլ նա­եւ Հա­մայն­քի կեան­քը: Կը շնոր­հա­ւո­րեմ ձեզ, եւ կը մաղ­թեմ որ եր­կար տա­րի­ներ եւս տօ­նէք, որով­հե­տեւ ինչ­պէս տեսանք այդ գե­ղե­ցիկ երե­ւոյ­թը որ պատ­ուե­ցիք 51- եւ աւե­լի եր­կար տա­րի­ներ ամուս­նաց­եալ զոյ­գե­րը, որ­պէս ազ­գա­յին գա­ղութ պի­տի գո­յա­տե­ւենք այս­պի­սի ոգի­ով: Վստահ եմ որ եր­կար տա­րի­ներ ու­նինք մեր առ­ջեւ: Եւ ին­չու ու­նինք Հայ ըն­տա­նիք, որով­հե­տեւ ազ­գու­թիւնը պա­հո­ղը ըն­տա­նիքն է: Հռո­մէ­ա­կան կայս­րու­թիւնը կոր­ծա­նե­ցաւ ինչ­պէս պատ­մա­բա­նը կ՛ըսէ.- որով­հե­տեւ ամ­բողջ կայս­րու­թեան մէջ ըն­տա­նե­կան սրբու­թիւնը կոր­ծա­նած էր: Այս մէ­կը մե­զի հա­մար շատ կա­րե­ւոր է, որ­պէս հայ, որով­հե­տեւ մեր վստա­հութիւնը կը դնենք հայ ըն­տա­նի­քի ար­ժէ­քին մէջ, մեր պա­րա­գա­յին ըն­տա­նի­քը հիմ­նա­քարն է մեր գո­յա­տեւ­ման: Եւ փրկու­թիւնը հայ ըն­տա­նի­քին դպրոցն է, ուր մեր զա­ւակ­նե­րըն իրենց ու­սու­մը եւ ազ­գա­յին դաստ­ի­ա­րա­կու­թիւնը կը ստա­նան, Եկե­ղեց­ւոյ մէջ իրենց մայ­րե­րուն հետ կա­ղօ­թէն ու­րեմն զօ­րա­ւոր հի­մը կա­րե­ւոր է մեր ազ­գա­յին պահ­պան­ման եւ գո­յա­տեւ­ման: Եւ մա­նա­ւանդ այս օր, այլ մար­դիք կը հե­տե­ւին տար­բեր օրէն­քի ու­սու­ցում­նե­րուն: Որ­պէս հայ ըն­տա­նիք կը հե­տե­ւինք Աստ­ուա­ծա­յին օրէն­քին, եւ ոչ թէ մարդ­կա­յին օրէն­քին: Եւ այս է պատ­ճա­ռը որ մեր ազ­գը զօ­րա­ւոր է, եւ գո­յա­տե­ւեց ան­կախ այդ դժուա­րու­թիւն­նե­րուն, հա­լա­ծանք­նե­րուն եւ ջար­դի որուն են­թարկ­ուե­ցանք:        Սի­րե­լի­ներ, ձեր օրի­նա­կե­լի պատ­ճառ­նե­րով է որ կա­րո­ղա­ցանք գո­յա­տե­ւել, եւ մեր ոյ­ժը առ­նել մեր զա­ւակ­նե­րէն ու ըն­տա­նի­քէն: Որով­հե­տեւ հայ ըն­տա­նի­քին մէջ իրար նկատ­մամբ կայ յար­գանք, հա­ւա­տար­մու­թիւն, ան­կեղ­ծու­թիւն, սրբու­թիւն: Եւ միու­թեան ար­ժէք­նե­րը որոնք կը մնան մե­զի հետ եւ կը քա­ջա­լե­րեն մեզ ձգտե­լու ապա­գա­յին որ­պէս հա­մայնք եւ ազ­գու­թիւն: Այ­սօր կը տօ­նենք 51րդ տա­րե­դար­ձը Եկե­ղեց­ւոյ հիմ­նադ­րու­թեան, այս եւս ըն­տա­նիք մըն է, մենք ալ կը տօ­նենք նոյն ար­ժէք­նե­րը ինչ­պէս շեշ­տե­ցի, միշտ հնա­զան­դիլ Աս­տու­ծոյ օրէնք­նե­րուն: Այ­նու­հե­տեւ Սրբա­զան հայ­րը 19 զոյ­գե­րը շնոր­հա­ւո­րեց եւ մաղ­թեց առող­ջու­թիւն եւ 25 եր­կար տա­րի­ներ եւս: Ապա իր խօս­քը ուղ­ղե­լով երի­տա­սարդ զոյ­գե­րուն թե­լադ­րեց հե­տե­ւիլ նոյն օրի­նա­կին“:

“Կի­լիկ­իա“ եր­գե­ցո­ղու­թեամբ, տօ­նա­կա­տա­րու­թիւնը հա­սաւ իր աւար­տին:

ԱՆԴՐԱՆԻԿ

ԳԱՐԱՏՕԼԵԱՆ

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles