
ՎԵՆԵՏԻԿ.- Մխիթարեան Միաբանութեան Սուրբ Ղազար կղզի մուտք գործելուն երեքհարիւրամեակի յոբելինական տարին՝ որուն ընթացքին տեղի ունեցան ծիսական եւ մշակութային տարբեր հանդիսութիւններ, իր աւարտին հասաւ Շաբաթ եւ Կիրակի Սեպտեմբեր 8-9-ի տօնախմբութեամբ։
Սեպտեմբեր 8-ին Աստուածածնի ծննդեան տօնին օրը, յիշատակումն է թէ Մխիթարեան միաբանութեան հիմնարկութեան, թէ Աստուածամօր ընծայման, եւ թէ՛ Մխիթար Աբբահօր եւ իր վանականներու Ս. Ղազար կղզի մուտք գործելուն։
Շաբաթ Սեպտեմբեր 8-ին Սուր. Ղազար եկեղեցւոյ մէջ Տիրամօր Ծննդեան տօնին՝ պատարագ մատուցեց Հ. Համազասպ վրդ. Քէշիշեան, նախագահութեամբ՝ Պոլսոյ թեմի առաջնորդ եւ Մխիթարեան Միաբանութեան պապական պատուիրակ՝ Լեւոն արք. Զէքիեանի, որ յաւուր պատշաճի քարոզին մէջ արժանապէս յիշեց Մխիթարի հոգեւոր եւ մշակութային առաքելութիւնը եւ նպաստը, ըլլա՛յ հայ ժողովուրդին եւ թէ համայն մարդկութեան, ինչպէս նաեւ իր հաստատած խոր ու բեղուն կապը Վենետիկ քաղաքին հետ: Յետմիջօրէին, կայացաւ Յակոբ Փափազեանի Գիրք Հայրենիք ֆիլմաշարքի «Մխիթար Սեբաստացի» վաւերագրական ֆիլմի ցուցադրութիւնը։
Երեկոյեան, տեղի ունեցաւ գեղարուեստական յայտագիր. «Հացին երգը. Կոմիտաս եւ Վարուժան. երաժշտութիւն, բանաստեղծութիւն եւ հոգեկանութիւն», կատարողութեամբ՝ « La paix » համոյթին (Արամ Իփեքճեան, Սիլվիա Տէ Ռօսսօ, ֆլավիօ Սփոթթի, եւ ասմունքող՝ Կապրիելէ Փարիլլօ)։
Կիրակի Սեպտեմբեր 9-ին Վենետիկի պատրիարք՝ Գեր. Ֆրանչեսքօ Մորալիա պատարագ մատուցեց։ Քարոզին մէջ պատրիարքը շեշտեց Հայ եկեղեցւոյ հոգեկանութեան իւրայատկութիւնը, ինչպէս նաեւ Մխիթարեան Միաբանութեան Վենետիկի մէջ ներկայութեան կարեւորութիւնը, որպէս կենդանի վկայութիւն Վենետիկ քաղաքի Արեւելքի եւ Արեւմուտքի մշակութային զօդի ամրապնդման։