ԱմերիկահայԼրահոս

ՍՈՒՐԲ ԱՍՏՈՒԱԾԱՄՕՐ ՎԵՐԱՓՈԽՄԱՆ ՏՕՆԸ ՈՒԱՅԹԸՆԶՎԻԼԻ ՄԷՋ

Կիրակի, 17 Օգոստոսին, Ա․Մ․Ն․ Արեւելեան Թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Դանիէլեան, պատարագեց ու քարոզեց Ուայթընզվիլի (Մասաչուսէց) Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, Սուրբ Աստուածամօր Վերափոխման տօնին առթիւ։ Օրուան պատգամին մէջ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը անդրադարձաւ Մարիամ Աստուածածնի կեանքին իբրեւ ամբողջական հնազանդութեան օրինակ, որ ինքզինք յանձնած է Աստուծոյ կամքին։ Այս առթիւ, Սրբազան Հայրըշեշտեց Ուայթընզվիլի փոքր բայց աշխոյժ համանքի գեղեցիկ օրինակը։ Յաւարտ Սուրբ Պատարագի, Սրբազան Հայրը իր աղօթքն ու օրհնութիւնը տուաւ նորածին Արեգ Արա Նալպանտեանին, որդի՝ սարկաւագ Արի եւ Անի Նալպանտեանի։

Տօնակատարութիւնը շարունակուեցաւ Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ տարեկան դաշտահանդէսով, որ հեռուէն ու մօտէն եկած աւելի քան 700 հայ եւ օտար  համախմբեց, ընկերային գեղեցիկ մթնոլորտ մը ստեղծելով համադամ ուտելիքներու եւ երաժշտութեան ընկերակցութեամբ։ Անդաստանի եւ խաղողօրհնէքի արարողութիւնները առիթ եղան, որ ներկաները անդրադառնան եւ արժեւորեն բնութեան բարիքները, որպէս շօշափելի պարգեւ Երկնաւոր Հօր։ Անուշաւան Արքեպիսկոպոսը  նախագահեց խորհրդաւոր արարողութիւններուն, առընթերակայութեամբ շրջանի եկեղեցականներուն։

Advertisement Subscribe Today
Advertisement Subscribe Today!

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button