

Կիրակի, Օգոստոս 14, 2011-ին, Նիւ Եորքի Սբ. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ, Ս. Աստուածամօր Վերափոխման Տօնին առիթով, որ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հինգ Տաղաւար Տօներէն մէկին կը հանդիսանայ:

Ս. Պատարագը մատոյց Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ` Արժ. Տ. Մեսրոպ Քհնյ. Լագիսեան, որ իր քարոզին մէջ բացատրեց խախողօրհնէքի իմաստը ըսելով, “Խաղողօրհնէքը ոչ մէկ կապ ունի Ս. Աստուածածնայ Տօնին հետ: Տարուան պտղաբերութեան երախայրիքը, օրհնութեամբ Աստուծոյ ընծայելը հին սովորութիւն է: Քրիստոնէութեան շրջանին բոլոր պտուղներուն մէջէն ընտրուեցաւ պտուղներուն ազնուագոյնը` խաղողը, որպէս ընծայ Ս. Խորանին, որովհետեւ խաղողը մեծ նշանակութիւն եւ կարեւորութիւն ունի քրիստոնէութեան մէջ: Խաղողը, իբրեւ պտուղներուն ազնուագոյնը, գինիին հիւթը եւ Ս. Պատարագի Հաղորդութեան խորհրդանիշը, բոլոր պտուղներուն տեղ կ՛օրհնուի Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման Տօնին“:
Հաւատացեալ բազմութիւնը Ս. Պատարագի աւարտին մասնակից դարձաւ Խաղողօրհնէքի աւանդական արարողութեան, որմէ ետք տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթ:
Չորեքշաբթի, Օգոստոս 15, 2012-ին, Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման Տօնին առթիւ, գլխաւորութեամբ, Նիւ Եորքի Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ` Արժ. Տ. Մեսրոպ Քհնյ. Լագիսեանի, խումբ մը ծխականներ այցելեցին Ֆլաշինկ շրջանի Հայ Տուն:

Աւանդութեան համաձայն Տէր Մեսրոպ կատարեց խաղողօրհնէք, օրհնութեան եւ յաջողութեան խօսք ուղղեց պատասխանատուներուն, մէկ առ մէկ օրհնեց Հայ Տան բնակիչները եւ անոնց յանձնեց օրհնուած խաղողները: Հաստատութեան Տնօրէնուհի` Օրդ. Աղաւնի Էլեան իր շնորհակալական նամակին մէջ հետեւեալը կը գրէ. “Սիրելի Տէր Մեսրոպ, տարեցներու անունով կու գանք յայտնելու մեր խորին շնորհակալութիւնն ու երախտագիտութիւնը այս այցելութեան առթիւ: Ձեր ներկայութիւնը օրհնութիւն է այս հաստատութեան համար: Տարեցները մեծ ուրախութեամբ եւ անհամբերութեամբ կը սպասեն Ձեր այցելութեանց: Դուք միշտ պատրաստ էք ծառայելու եւ օգնելու Նիւ Եորքի Հայ Տան“:
Վերջաւորութեան, Հոգեւոր Հովիւը` Եկեղեցւոյ անունով $500.00 գումար մը նուիրեց հաստատութեան: