“ՍՈՒՐ­ԻՈՅ ՀԱ­ՅՈՒ­ԹԻՒՆԸ ԿԸ ՄՆԱՅ ԻՐ ՀԱՅ­ՐԵ­ՆԻ­ՔԻՆ ԵՒ ԺՈ­ՂՈ­ՎՈՒՐ­ԴԻՆ ԿՈՂ­ՔԻՆ“ ԿԸ ՅԱՅՏ­ՆԷ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱ­ԹՈ­ՂԻ­ԿՈՍ

0 0
Read Time:6 Minute, 45 Second

 Վեր­ջին աւե­լի քան մէկ տար­ուան ըն­թաց­քին Սուր­իոյ հան­րա­պե­տու­թեան սահ­ման­նե­րէն ներս տի­րող տագ­նա­պը մնա­յուն նիւթ դար­ձած է Մե­ծի Տանն Կի­լիկ­իոյ Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան Ազգ. Կեդ­րո­նա­կան­Վար­չու­թեան օրա­կար­գին վրայ: Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը Բեր­իոյ թե­մի Առաջ­նորդ Սրբա­զա­նին եւ ազ­գա­յին իշ­խա­նու­թեան ճամ­բով միշտ իրա­զեկ կը դառ­նայ մեր ժո­ղո­վուր­դի իրա­վի­ճա­կին: Ան­կախ այս բո­լո­րէն,Վե­հա­փա­ռը զա­նա­զան առիթ­նե­րով անց­նող տար­ուան ըն­թաց­քին, եւ նոյ­նիսկ անց­եալ շա­բաթ, փա­փաք յայտ­նեց այ­ցե­լե­լու Սուր­իա, իր հայ­րա­կան հո­գա­ծու­թիւնը գործ­նա­պէս ցու­ցա­բե­րե­լու մեր ժո­ղո­վուր­դի­ զա­ւակ­նե­րուն: Ստեղծ­ուած կա­ցու­թեան լոյ­սին տակ, մեր հա­մայն­քա­յին պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը յար­մար չնկա­տե­ցին Վե­հա­փա­ռին այ­ցե­լու­թիւնը: Այս­ուա­մե­նայ­նիւ, Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը միշտ կը յի­շեց­նէ մեր­ հա­մայն­քա­յին պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րուն, թէ ինք ոե­ւէ ժա­մա­նակ պատ­րաստ է, որ­պէս հով­ուա­պետ այ­ցե­լե­լու իր հօ­տին:

Բեր­իոյ թե­մի Առաջ­նորդ Սրբա­զա­նին ու ազ­գա­յին իշ­խա­նու­թեան հետ իր ու­նե­ցած հա­ղոր­դակ­ցու­թեան ըն­թաց­քին, Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը կա­րե­ւո­րու­թեամբ շեշ­տեց հե­տեւ­եալ կէ­տե­րը.-

1) Հայ գա­ղու­թին ներ­քին մի­աս­նա­կա­նու­թեան ամ­րապն­դու­մը հրա­մա­յա­կան անհ­րա­ժեշ­տու­թիւն է: Ինչ ալ ըլ­լան մեր ներ­քին տա­րա­կար­ծու­թիւն­նե­րը կամ զգայ­նու­թիւն­նե­րը, Սուր­իա­յէն ներս ստեղծ­ուած ներ­կայ մ­տա­հո­գիչ կա­ցու­թեան դի­մաց մեր հա­մայն­քը պէտք է իր մի­ա­կա­մու­թիւնը գործ­նա­պէս ար­տա­յայ­տէ ու որ­դեգ­րէ հա­ւա­քա­կան մէկ կեց­ուածք` ինչ­պէս որ էր պա­րա­գան լի­բա­նա­նա­հա­յու­թեան` լի­բա­նան­եան ­տագ­նա­պի շրջա­նին:

2) Անհ­րա­ժեշտ է որ կա­րի­քա­ւոր ըն­տա­նիք­նե­րուն օժան­դա­կու­թիւն կա­տար­ուի, նկա­տի ու­նե­նա­լով երկ­րէն ներս տի­րող տնտե­սա­կան տագ­նա­պը: Այս ուղ­ղու­թեամբ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը յայտ­նեց, թէ որ­պէս­Նա­խա­գահ Մի­ջին Արե­ւել­քի Եկե­ղե­ցի­նե­րու Խոր­հուր­դին ամիս­ներ առաջ ին­քը անհ­րա­ժեշտ ցուց­մունք­նե­րը կա­տա­րած է Դա­մաս­կո­սի մէջ հաս­տատ­ուած Մի­ջին Արե­ւել­քի Եկե­ղե­ցի­նե­րու Խոր­հուրդի ­օ­ժան­դա­կու­թեան գրա­սեն­եա­կին: Ան թե­լադ­րեց որ ան­մի­ջա­պէս կապ պա­հեն յիշ­եալ գրա­սեն­եա­կին հետ, հայ ըն­տա­նիք­նե­րուն անհ­րա­ժեշտ օժան­դա­կու­թիւն ապա­հո­վե­լու հա­մար:

3) Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը թե­լադ­րեց, որ հա­մայն­քա­յին պա­տաս­խա­նա­տու­ներ միշտ յի­շեց­նեն մեր ժո­ղո­վուր­դի զա­ւակ­նե­րուն` առա­ւե­լա­գոյն չա­փով հե­ռու մնալ ոչ-ապա­հով նկա­տուող շրջան­նե­րէն ու խճող­ուած­վայ­րե­րէն, ինչ­պէս նա­եւ անհ­րա­ժեշտ հսկո­ղու­թիւնը կա­տա­րեն մեր հաս­տա­տու­թիւն­նե­րուն, հա­յա­հոծ շրջան­նե­րէն ներս:

4) Վե­հա­փա­ռը նա­եւ կա­րե­ւո­րու­թեամբ շեշ­տեց, որ մեր հո­գե­ւոր ու հա­մայն­քա­յին պա­տաս­խա­նա­տու­ներ, բո­լոր կող­մե­րուն հետ մնա­յուն կա­պի մէջ ըլ­լան` հե­ռու մնա­լով ցու­ցա­կան ու քա­րոզ­չա­կան քայ­լե­րէ ու մ­ի­ա­կող­մա­նի մօ­տե­ցում­նե­րէ:

5) Բո­լոր կող­մե­րուն հետ մեր յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու ըն­թաց­քին մեր մօ­տե­ցու­մը Սուր­իա­յէն ներս տի­րող կա­ցութեան գծով պէտք է ըլ­լայ հե­տեւ­եա­լը.- մեր ժո­ղո­վուր­դը, ըլ­լայ Սուր­իոյ մէջ կամ դուր­սը, միշ­տ ե­րախ­տա­պարտ է սուր­ի­ա­կան հայ­րե­նի­քին ու ժո­ղո­վուր­դին նկատ­մամբ, որով­հե­տեւ թրքա­կան ջար­դե­րէն յե­տոյ Սուր­ի­ան մեր գաղ­թա­կան ժո­ղո­վուր­դի զա­ւակ­նե­րը ըն­դու­նեց եւ իր հայ­րե­նի­քը ու հա­ցը բաժ­նե­ց ա­նոնց հետ: Վար­չա­կար­գե­րը մնա­յուն չեն. մնա­յու­նը սուր­ի­ա­կան հայ­րե­նիքն է, իր ժո­ղո­վուր­դը ու անոր գե­րա­գոյն շա­հե­րը:

6) Վե­հա­փա­ռը նա­եւ յայտ­նեց, թէ անհ­րա­ժեշտ է, որ մեր մօ­տե­ցում­նե­րուն ու յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն մէջ, մեր շրջա­պա­տին յի­շեց­նենք թէ Սուր­իոյ մէջ հաս­տատ­ուած հա­յե­րը Սուր­իոյ քա­ղա­քա­ցի­ներ են ու կը շա­րու­նա­կեն մնալ կապ­ուած Սուր­իոյ, տէր կանգ­նե­լով իրենց պար­տա­ւո­րու­թիւն­նե­րուն ու իրա­ւունք­նե­րուն, նո՜յ­նիսկ ներ­կայ դժուար պայ­ման­նե­րուն մէջ, եւ թէ` Սուր­իոյ հա­յու­թիւնը դէմ է ար­տա­գաղ­թին: Սուր­իոյ­ հա­յու­թիւնը կազ­մա­կերպ­ուած գա­ղութ է եւ կը մնայ այդ­պէս` միշտ սի­րա­լիր յա­րա­բե­րու­թիւն ու գոր­ծակ­ցու­թիւն ու­նե­նա­լով բո­լոր հա­մայնք­նե­րուն հետ:

7) Վեր­ջա­պէս, Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը թե­լադ­րեց, որ հայ կեան­քէն ներս թե­մա­կան, հա­մայն­քա­յին թէ կու­սակ­ցա­կան մա­կար­դակ­նե­րու վրայ մնա­յուն խորհր­դակ­ցու­թիւն­ներ տե­ղի ու­նե­նան բո­լոր շրջան­նե­րէն ներս, որ­պէս­զի մեր մօ­տե­ցում­ներն ու աշ­խա­տանք­նե­րը ըլ­լան ներ­դաշ­նակ ու կազ­մա­կերպ:

8) Իմա­նա­լով Բեր­իոյ թե­մէն ներս տի­րող կա­ցու­թեան բե­րու­մով ազ­գա­յին վար­ժա­րան­նե­րուն սպառ­նա­ցող վտան­գին` նիւ­թա­կան գետ­նի վրայ, Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը յայտ­նեց Առաջ­նորդ Սրբա­զա­նին եւ ազ­գա­յի­ն իշ­խա­նու­թեան թէ պի­տի թե­լադ­րէ մեր թե­մե­րու Առաջ­նորդ Սրբա­զան­նե­րուն, որ աշ­խա­տանք տա­նին յատ­կա­պէս նախ­կին սուր­ի­ա­հա­յե­րու նիւ­թա­կան աջակ­ցու­թիւնը ապա­հո­վե­լու:

Սուր­իոյ հա­յու­թեան հո­գե­ւոր թէ հա­մայն­քա­յին պա­տաս­խա­նա­տու­ներ վստա­հե­ցու­ցին Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տին, որ Սուր­իա­յէն ար­տա­գաղթ գո­յու­թիւն չու­նի: Փաս­տօ­րէն` կարգ մը ըն­տա­նիք­ներ մեկ­նած են­ Հա­յաս­տան իրենց ամառ­նա­յին ար­ձա­կուր­դը հոն անց­նե­լու եւ ու­րիշ­ներ իրենց զա­ւակ­նե­րը ղրկած են Լի­բա­նան` հա­մալ­սա­րա­նա­կան ուս­ման հա­մար:

Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը եւ Ազգ. Կե­րո­նա­կան Վար­չու­թիւնը կը շա­րու­նա­կեն մօ­տէն հե­տե­ւիլ Սուր­իոյ կա­ցու­թեան ու միշտ պատ­րաստ են իրենց զօ­րակ­ցու­թիւնը ու հոգա­ծու­թիւնը գործ­նա­պէս ար­տա­յայ­տե­լու:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles