
Զանգը վերստին հնչեց Սուրիահայ դպրոցներէն ներս: Իւրայատուկ եւ դաժան պայմաններու տակ վերաբացուած են այս կրթօճախներուն դռները:
Յատկապէս Հալէպի մէջ, գործնական պայմաններէ մղուած, կարգ մը վարժարաններ միացած են: Ազգային “Սահակեան“ եւ “Զաւարեան“ վարժարանները պիտի գործեն Զաւարեան Վարժարանին մէջ: “Քարէն Եփփէ Ճեմարան“ը, “Հայկազեան“ եւ “Կիւլպէնկեան“ վարժարանները պիտի գործեն այս վերջինին դռնէն ներս: Դպրոցները առաւօտեան եւ յետմիջօրէի ծրագրերով պիտի ընթանան:
Նշենք թէ, արդէն իսկ կը գործէ յատուկ հիմնադրամ մը, որուն միջոցաւ վարժարաններն ու պաշտօնէութիւնը օժանդակութիւն պիտի ստանան: