Սումկայիթի 30-Ամեակին Առթիւ Զօրակցական Հաւաք` Շուէտի Խորհրդարանին Դիմաց

0 0
Read Time:1 Minute, 30 Second

 

Շուէտահայութիւնը, Հ.Յ.Դ.-ի նախաձեռնութեամբ, իր յարգանքի տուրքը , ինչպէս նաեւ իր զօրակցութիւնը յայտնեց սումկայիթեան սպանդի 30-ամեակին առիթով կազմակերպուած տարբեր հաւաքներու ընթացքին:

Շաբաթ , Փետրուար 24-ի առաւօտեան, Հ.Յ.Դ. Շուէտի երիտասարդական միութեան եւ խումբ մը համակիրներու ներկայութեամբ, տեղի ունեցաւ զօրակցական հաւաք` Սթոքհոլմի Սերկլ Սթորիէթ հրապարակին վրայ, խորհրդարանին դիմաց: Հակառակ Աննպաստ օդին, երիտասարդները, համոզումով ու բարձր գիտակցութեամբ, կատարեցին իրենց քարոզչական առաքելութիւնը. շուէտերէն եւ անգլերէն ցուցատախտակներ, Հայաստանի եւ Արցախի դրօշներ, ինչպէս նաեւ բացատրական պրակներ` սումկայիթեան ամբողջ հոլովոյթին մասին: Մեծ էր հետաքրքրութիւնը անցորդներուն, ինչ որ սոյն նախաձեռնութիւնը կը հասցնէ իր թիրախին:

Կիրակի, Փետրուար 25-ի  յետմիջօրէին տեղի ունեցաւ յիշատակի հանդիսութիւն` նուիրուած Սումկայիթի ջարդերուն, Սոտերթելիոյ Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ սրահին մէջ, ներկայութեամբ աւելի քան 300 հայորդիներու: Նախքան այդ, եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ գտնուող յուշարձան-խաչքարին առջեւ ծաղեպսակներ զետեղեցին յաջորդաբար` Հայաստանի հանրապետութեան դեսպան Արտակ Ապիտոնեանը, շրջանի Հ.Յ.Դ.-ի ներկայացուցիչ Սիմոն Տէր Սահակեանը, եկեղեցւոյ խորհուրդի, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի, Համազգայինի, Հ.Օ.Մ.-ի, Հ.Յ.Դ.-Շ.Ե.Մ.-ի եւ պատանեկան միութեան եւ Հայ դատի ներկայացուցիչները: Ապա, Վաղարշ քհնյ. Իսախանեանին կողմէ հոգեհանգստեան արարողութիւն կատարուեցաւ, որմէ ետք ներկաները մուտք գործեցին եկեղեցւոյ սրահը, ուր ընթացք առաւ պատշաճ յայտագրի գործադրութիւնը:

Օրուան հանդիսավար Ծիլա Մարգէեանը հրաւիրեց ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելու յիշատակը անմեղ զոհերուն, ապա բացման իր խօսքին մէջ ան շեշտը դրաւ ազրպէյճանական հակահայ յարձակողապաշտ քաղաքականութեան վրայ: Ներկայացուեցաւ վաւերագրական տեսերիզի ցուցադրութիւն, որմէ ետք հրաւիրուեցաւ Յարութ Արամեանը, որ փոխանցէ իր ականատեսի վկայութիւնը. ան օրին Հայաստան կը գտնուէր եւ ներկայ եղած էր հայ ժողովուրդի բռնագաղթին: Ապա ցուցադրուեցաւ ազատամարտիկ Կարօտի մասին վաւերագրական ժապաւէն մը, ապա ամպիոն հրաւիրուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Արտակ Ապիտոնեանը, որ իր խօսքին մէջ շեշտը դրաւ հայ ժողովուրդի միասնութեան վրայ: Ան ըսաւ, որ մեր ժողովուրդը երբ միասնական եղած է, արդիւնքը եղած է արժանապատիւ յաղթանակ: Վերջին դարուն ասոր լաւագոյն երկու փաստերն են` Սարդարապատի հերոսամարտը եւ Արցախեան շարժումը:

Դեսպանին խօսքէն ետքՙ քահանայ հօր «Պահպանիչ»-ով փակուեցաւ յուշահանդէսը:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles