ՍՈՒՄԿԱՅԻԹԻ ՋԱՐԴԻ ՆՇՈՒՄ

0 0
Read Time:2 Minute, 0 Second

uuu

Հայորդիներ եը յատկապէս երիտասարդներ, զանազան գաղութներէ ներս, հաւաքներ եւ ցոյցեր կատարեցին, նշելու համար Սումկայիթի ջարդը:
Նիւ Եորքի Մ.Ա.Կ.-ի շէնքին մօտ գտնուող Ատրպէյճանի մնայուն ներկայացուցչութեան կեդրոնին դիմաց, Փետրուար 26-ին տեղի ունեցաւ բողոքի ցոյց: Ցուցարարները կը կրէին պաստառներ, որոնց վրայ գրուած էր «Կը յիշեմ Սումկայիթը», «Ալիե՛ւ, դադրեցո՛ւր սուտերը», «Ատրպէյճա՛ն, ընդունէ՛ յանցանքդ», եւ այլն: Նմանօրինակ հաւաքներ տեղի ունեցան նաեւ Արժանթինի մայրաքաղաք Պուէնոս Այրէսի մէջ, նաեւ Յունաստանի, Հոլանտայի, Շուէտի եւ այլ գաղթօճախներու մէջ:argentina embajada azerbaiyan febrero 2016 144
Պուէնոս Այրէսի մէջ Ատրպէյճանի դեսպանութեան առջեւ, հանրահաւաք մը կազմակերպեցին Հ.Յ.Դ. Լատին Ամերիկայի Երիտասարդական Միութեան եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի անդամները, յիշատակելով Սումկայիթի, Պաքուի եւ Կիրովապատի ջարդերու 28րդ տարելիցը։
Բողոքի հաւաքին ընթացքին դատապարտուեցաւ ատրպէյճանական իշխանութիւններու հակահայ քաղաքականութիւնը, որ կը շարունակուի մինչեւ այսօր, պատերազմի սպառնալիքներով եւ ուղղակի յարձակումներով, որ կը շեշտեն Ատրպէյճանի ռազմամոլ կեցուածքը։
Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Երիտասարդական Միութիւնը, իր կարգին Աթէնքի եւ Թեսաղոնիկէի բանուկ հրապարակներուն վրայ կատարեց հաւաքներ: Զետեղուեցան տեղեկատուական տաղաւարներ, ուր Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական Միութեան անդամները ժողովուրդը կ‘իրազեկեն պատմական իրադարձութեանց մասին, բացայայտելով Ատրպէյճանի պետական մեքենայի յայտնի մարտավարութիւնը, որ սուտերով ու կեղծիքով կը փորձէ ճշմարտութիւնը այլափոխել եւ յանցագործը՝ որպէս տուժող ներկայացնել։ p2-3 greece1
Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական Միութեան եռօրեայ այս արշաւը շատ կարեւոր նախաձեռնութիւն մըն էր, որ բողոքի ելոյթներու եւ անցեալին կատարուած ցոյցերու կողքին, քարոզչական ու դաստիարակչական եզակի բնոյթ կը կրէ, ազերիական մոլեռանդութիւնը ցոյց տալով, եւ յոյն ժողովուրդը զգաստացնելով։
Հոլանտայի մայրաքաղաք Լա Հէյի կեդրոնական հրապարակէն, Փետրուար 26-ին սկիզբ առին սումկայիթեան ջարդերու 28-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկները:
Հոլանտահայ համագործակցող կազմակերպութիւնները, որոնց շարքին են հոլանտահայ կազմակերպութիւններու միութիւնը եւ Հոլանտայի Հայ Դատի յանձնախումբը, Հոլանտայի թագաւորութեան արտաքին գործոց նախարար Քունտերսին ներկայացուցած են պահանջագիր մը, որուն մէջ դատապարտած են 28 տարի առաջ Ատրպէյճանի մէջ իրականացուած հակահայկական ջարդերը եւ ջանքեր գործադրել դադրեցնելու վերջինին կողմէ մինչեւ այսօր շարունակուող յարձակումները Արցախի դէմ, ինչպէս նաեւ զինադադարի խախտումներն ու հետախուզական գործողութիւնները:
Ատրպէյճանի դեսպանատան դիմաց տեղի ունեցած ցոյցին ընթացքին ելոյթ ունեցողները դատապարտած են ազերի իշխանութիւններուն կողմէ իրականացուած ու իրականացուող հակահայկական քաղաքականութիւնը:p5 swe3p5 new swe1
p5 swe2
Սթոքհոլմի մէջ, Փետրուար 20ին, Հ.Հ. դեսպանութեան առջեւ, տեղւոյն ատրպէյճանցիները կազմակերպած էին ցոյց՝ նպատակ ունենալով արծարծել Խոճալուի շինծու դէպքերն ու ջարդերը:
Շուէտի Հ.Յ.Դ.-ի Կոմիտէի եւ տեղւոյն երիտասարդութեան Կեդրոնական վարչութեան նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ հակաքարոզչական ցոյց մը, որուն ընթացքին հայ երիտասարդները հայրենի եւ Արցախեան եռագոյններով պաշտպան կանգնելով Հայաստանի դեսպանատան տարածքին առաջ, դէմ կանգնեցան ազերիներու ցոյցին: Այս վերջինները ապատեղեկութիւններով կ՛ուզէին, խաբուսիկ մթնոլորտ ստեղծել տեղւոյն հասարակութեան մէջ:
Հայ երիտասարդներուն խաղաղարար ընթացքը տեղւոյն ոստիկանութեան կողմէ նկատի առնուած էր, եւ ցոյցի աւարտին այդ մէկը արժանացած՝ գնահատանքի:
Ազերիներու ցոյցը կարճ տեւողութիւն ունեցաւ:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles