
ՓԱՐԻԶ.- Ֆրանսայի Ազգային ժողովէն ներս, Փարիզի Հայ Դատի յանձնախումբին կազմակերպած` Սումկայիթի ջարդերու տարելիցին նուիրուած ձեռնարկին ընթացքին արձանագրուեցաւ փոքր միջադէպ մը: Արդարեւ, ձեռնարկի ընթացքին, ի յարգանք զոհերուն, երկու ներկաներէն կանգնած ոտքի եւ փոխանակ յարգելու Սումկայիթի ջարդերու զոհերուն յիշատակը, յայտարարած են, թէ իրենք կը յարգեն միայն Խոճալուի ենթադրեալ ջարդերուն զոհերուն յիշատակը: Անշուշտ ի յայտ եկած է, որ երկու դժգոհներն ալ ազերի են:
Այս գծով, Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Հրաչ Վարժապետեան, յայտնեց թէ տեղւոյն ոստիկանութիւնը միջամտած է միջադէպին: Ձեռնարկի ընթացքին, խօսք առաւ Ֆրանսայի մօտ Հ.Հ. դեսպանը, որ ըսաւ.- “Արցախի ժողովրդի կողմից իր ճակատագիրը տնօրինելու իրաւունքը պէտք է իրաւական ճանաչում ստանայ. որեւէ տրամաբանութեամբ չի կարելի բացատրել, թէ ինչու մի ժողովուրդ, որն իրականացրել է ինքնորոշման իր իրաւունքը, այնուհետեւ հարկադրուած եղել ամրագրելու այն պատերազմում, պէտք է մաս կազմի իր դէմ պատերազմ սանձազերծած պետութեան“:
Այս դէպքին առիթով Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան “Երկիր“-ին յայտնեց, որ ազերի երկու տղամարդ եւ աղջիկ մը, որոնք կը բնակին Ֆրանսայի մէջ, կրցած են մուտք գործել այդ սրահը, ուր տեղի կ՛ունենար ձեռնարկը եւ փորձած են սադրել ձեռնարկի մասնակիցներուն:
Մասնաւորաբար` երբ ձեռնարկին հաղորդավարուհին ներկաներէն խնդրեց մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգել Սումկայիթի զոհերուն յիշատակը, ազրպէյճանցիները ոտքի չկանգնեցան եւ յայտարարեցին, որ պիտի յարգեն միայն Խոճալուի զոհերուն յիշատակը: Ֆրանսայի Հայ Դատի գրասենեակի պատասխանատու Հրաչ Վարժապետեան մօտեցած է անոնց եւ ըսած, որ եթէ պիտի խանգարեն, ապա դուրս թող գան սրահէն, որուն իբրեւ պատասխան ազերի տղան, Վարժապետեանին հարուածել փորձած է եւ մասնակիցներէն քանի մը հոգի պատասխանած են անոր: Անկէ ետք ստեղծուած քաշքշուքին միջամտած է ոստիկանութիւնը: Ապա հինգ վայրկեան ետք Ատրպէյճանի դեսպանը այցելած է Ֆրանսայի խորհրդարան եւ այնտեղ եղած են նաեւ ազերի լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներ: Անոնց շուտով ժամանումը կը վկայէ որ ասիկա նախապէս ծրագրուած քայլ եղած է: Փարիզի Հայ Դատի գրասենեակը դատ բացած է այդ երկու ազերիներուն դէմ, իսկ դիմացի կողմն ալ իր կարգին, դատ բացած է Հայ Դատի յանձնախումբին դէմ: “Եւ որքանով որ տեղեակ եմ` Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպանատունն ալ դիմած է Ֆրանսայի Արտաքին Գործոց նախարարութեան“, տեղեկացուց Կիրօ Մանոյեան:
Ան նաեւ յայտնեց, որ կարծես ոստիկանութիւնը հաստատուած նկատած է այն փաստը, որ այս միջադէպը նախապէս ծրագրուած սադրանք եղած է Ատրպէյճանի դեսպանատան կողմէ: Անշուշտ այս պարագային Ատրպէյճանի դեսպանութիւնը դիւանագիտական անձեռնմխելիութիւն ունի:
Մանոյեան աւելցուց, նաեւ թէ տակաւին պարզ չէ նաեւ, թէ ինչպէ՞ս ազերիներ յաջողած են մուտք գործել խորհրդարանի շէնքը, քանի որ անոնց անունները հիւրերու ցանկին վրայ չկային եւ անոնք նոյնիսկ հրաւիրուած չէին ձեռնարկին մասնակցելու:
Նշենք թէ, ազերիները այս օրերուն, Փարիզի մէջ, նախատեսած են բազմաթիւ ձեռնարկներ` ոգեկոչելու համար 1992ին “Հայոց կողմէ գործուած ցեղասպանութեան“ զոհերուն յիշատակը:
Աւելին, Փարիզի հռչակաւոր Սէն-Ռոք եկեղեցին, Փետրուար 21ին, իր դռները լայնօրէն բացած է ազերիներու առջեւ` “Համերգ Խոճալուի համար“ ձեռնարկը հիւրասիրելով: Համերգը կազմակերպուած է “Ատրպէյճանի Եւրոպական Շրջանակ“ին կողմէ: