ՍՈՒԶԱՆ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ… ԵԶԱԿԻ ՎՐՁՆԱՀԱՐ ՄԸ

0 0
Read Time:2 Minute, 22 Second

p16 cv  “Շա­րու­նա­կած եմ մտա­ծում­ներս եւ զգա­ցում­ներս ար­տա­յայ­տել կի­րար­կած ար­ուես­տիս մի­ջո­ցաւ: Այս­պէս, վեր­ջին տա­րի­նե­րուն, վրձի­նիս եւ ներ­կիս մի­ջո­ցաւ կը պատ­մեմ պա­տա­հար­ներ ու դէպ­քեր, կը յայտ­նէ Սու­զան Գրի­գոր­եան, որ բարձր մա­կար­դա­կի ու­սում ստա­նա­լէ ետք, Մա­սա­չու­սէ­ցի “Tufts“ հա­մալ­սա­րա­նէն եւ “MFA“ (Museum of Fine Arts) հիմ­նար­կէն, հաս­տատ­ուած է Նիւ Եորք, ուր կը գոր­ծէ եւ կը դա­սա­ւան­դէ:p16 su2 Ներշնչ­ուած Ռետ Կրում­զի, Ֆէյթ Ռին­կոլ­տի, Ռո­մա­րէ Պիր­տը­նի, Ալիս Նի­լի, Փօլ Կօ­կէ­նի եւ Հան­րի Մե­թի­սի գոր­ծե­րէն, ան նմա­նօ­րի­նակ գոյ­ներ, մտայ­ղա­ցում­ներ եւ գոր­ծեր լոյս կ՛ըն­ծա­յէ: Դեռ վեր­ջերս, Նիւ Եոր­քի “Լեք­սինկ­թըն“ պան­դո­կը յա­տուկ ապսպ­րանք մը կա­տա­րած էր, դի­մե­լով Սու­զա­նին: p16 DSC05853(72)Ար­դա­րեւ, ընդ­հան­րա­պէս ար­ուես­տա­գէտ իջե­ւա­նող յա­ճա­խորդ­նե­րուն յա­ւել­եալ գո­հա­ցում պատ­ճա­ռե­լու հա­մար, սոյն պան­դո­կի տնօ­րէ­նու­նու­թիւնը, որո­շած էր երգն ու պա­րը ներ­կա­յաց­նող գոր­ծե­րով զար­դա­րել, պան­դո­կի սրա­հին մուտ­քը:…Եւ այդ մէ­կը, ամե­նայն բծախնդ­րու­թեամբ եւ հո­գա­տա­րու­թեամբ կա­տա­րած էր Գրի­գոր­եան: Ման­կու­թե­նէս հրա­պուր­ուած բնու­թիւ­նով, ժա­մեր ան­ցու­ցած եմ մեր տան պար­տէ­զին մէջ, բոյ­սեր եւ ծա­ռեր յանձ­նե­լով պաս­տա­ռին: Գոյ­նե­րը մեծ տպա­ւո­րու­թիւն կը ստեղ­ծեն: Այս գծով, դպրո­ցէն ներս ալ, դա­սըն­կե­րու­հի­ներս եւ ու­սու­ցիչ­ներս կը հի­ա­նա­յին համ­բե­րու­թեանս վրայ: Իսկ այժմ, քա­նի մը տարիէ ի վեր, մէջս զգա­ցում մը ստեղծ­ուած է հին լու­սան­կար­ներ, իւ­րա­յա­տուկ ակ­նո­ցովս վրձնա­հա­րե­լու, կը յայտ­նէ Գրի­գոր­եան, որ նա­եւ դա­սա­ւան­դած է իր պաշ­տած գոր­ծը, երկ­րոր­դա­կան վար­ժա­րան­նե­րէ ներս:p16 su1p16 su1 Հե­տաքրք­րա­կան է նշե­լը թէ վրձի­նի հետ կապ ու­նե­ցող ար­հես­տէն ներս մաս­նա­գի­տա­ցած Սու­զան, քոյրն է Նէնսի­ին, որ գիր եւ գրա­կա­նու­թեան բնա­գա­ւա­ռէն ներս հռչակ սփռած է: Յա­ւել­եալ ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րու հա­մար կա­րե­լի է այ­ցե­լել Սու­զա­նի դի­մա­տետ­րը:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles