Լրահոս

Սորպոնի Դասախօս՝ Մուղալեան… Փարիզ-Պրիւքսէլ Ճեպընթացի Հերոսներէն

moogalian3moogalian2

ՓԱՐԻԶ.- Սորպոնի համալսարանի դասախօս Մարք Մուղալեան (51 տարեկան) եղած է առաջիններէն, որ փորձած է կանգնեցնել Փարիզ-Պրիւքսէլ ճեպընթացի ահաբեկիչը: Արդարեւ, Օգոստոս 21-ին ծագումով մարոքցի ահաբեկիչ Այուպ Էլ Ղազանի փորձած էր կրակել անմեղ ճամբորդներու վրայ:
Ֆրանսահայ գիտնականը, երբ փորձած էր միջամտել, վիրաւորուած էր ձախ ձեռքէն: Նշենք թէ երկու ամերիկացի զինուորականներ եւ բրիտանացի գործարար մը, յաջողած էին չէզոքացնել ահաբեկիչը եւ փրկել Ֆրանսան ահաբեկչական արարքէ մը:

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button