Սոչիի Մէջ՝ Փութին – Փաշինեան  Ալիեւ Հանդիպում

0 0
Read Time:1 Minute, 24 Second

Հոկտեմբեր 31-ին, Սոչիի մէջ տեղի ունեցաւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի, Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի միջեւ եռակողմ հանդիպումը:

«Մենք կը տեսնենք մեր գործընկերներու մօտեցումները, թէ ինչ տեղի կ՛ունենայ հայ-ատրպէյճանական սահմանին վրայ եւ Ղարաբաղի շուրջ: Այս տագնապը արդէն կ՛երկարի տասնամեակներ, ատոր համար անհրաժեշտ է որոշ պահու ատոր վերջ տալ: Համաձա՞յն է՞ք ասոր: Ես գիտեմ, որ դուք ատոր քաղաքական կամքը ունիք, եւ մենք մշտապէս ատիկա կը հաստատենք», յայտնեց Փութին։

Այս հադիպումէն ետք, յայտարարութիւն մը հրապարակուեցաւ, նշելով, թէ․

«Հաստատեցինք հաւատարմութիւնը յիշատակուած պայմանաւորուածութիւններուն խստօրէն հետեւելու՝ ի շահ հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու համապարփակ կարգաւորման, Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան, կայունութեան, ապահովութեան եւ կայուն տնտեսական աճի երաշխաւորման: Համաձայնեցանք լրացուցիչ ջանքեր գործադրել՝ հարցերու շտապ լուծման, ներառեալ՝ մարդասիրական հարցերու ուղղութեամբ: Ընդգծելով ռուսական խաղաղապահ առաքելութեան առանցքային ներդրումը իր տեղակայման գօտիին մէջ ապահովութեան հաստատման առումով՝ ընդգծեցինք տարածաշրջանին մէջ իրավիճակը կայունացնելու ուղղութեամբ խաղաղապահ ջանքերուն պահանջուած ըլլալը: Պայմանաւորուեցանք զերծ մնալ ուժի կամ ուժի սպառնալիքի կիրարկումէն, բոլոր խնդրայարոյց հարցերը քննարկել եւ լուծել բացառապէս իրարու ինքնիշխանութիւնը, տարածքային ամբողջականութիւնը եւ սահմաններու անխախտելիութիւնը փոխադարձաբար յարգելու հիման վրայ՝ Մ․Ա․Կ․-ի կանոնադրութեան եւ 1991-ի Ալմա Աթայի հռչակագիրին համաձայն: Ընդգծեցինք Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագիրը աշխոյժ կերպով նախապատրաստելու կարեւորութիւնը՝ տարածաշրջանին մէջ երկարաժամկէտ եւ կայուն խաղաղութեան հասնելու նպատակով: Պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուեցաւ գոյութիւն ունեցող փորձառութեան հիման վրայ շարունակել փոխադարձ ընդունելի տարբերակներու փնտռտուքը: Ռուսիա որեւէ ձեւով պիտի աջակցի ասոր: Ընդգծեցինք Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ դրական մթնոլորտի ձեւաւորման կարեւորութիւնը՝ Ռուսիոյ աջակցութեամբ երկու երկիրներու հասարակութիւններու, փորձագիտական հանրութեան եւ կրօնական առաջնորդներուն միջեւ երկխօսութիւնը շարունակելու, ինչպէս նաեւ եռակողմ միջխորհրդարանական շփումներու մեկնարկը տալու համար՝ երկիրներուն միջեւ վստահութեան ամրապնդման նպատակով: Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարները ողջունեցին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի յարաբերութիւններու կարգաւորման այսուհետեւ եւս աջակցելու, Հարաւային Կովկասի կայունութիւնը եւ բարգաւաճումը ապահովելու Ռուսիոյ պատրաստակամութիւնը», կ՛ըսուի վերոնշեալ յայտարարութեան մէջ»:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles