Սոնիա Նիկոլեան. Խիզախ Լրագրողը

0 0
Read Time:6 Minute, 33 Second

ՄՈՎՍԷՍ ԾԻՐԱՆԻ

Ծ․Խ․- Դժբախտաբար յապաղումով տեղեկացանք, թէ Սոնիա Նիկոլեանն ալ մեկնած է անդենական։ Սոնիան այն գրչի տէր հայուհին էր, որ Մոլիեռի լեզուով կը կատարէր, այն ինչ որ Մաշտոցեան լեզուով կը կատարէր հայ լրագրողը։ Բացառիկ գրչի տէր, ան տասնեակ տարիներ գրեց հայութեան մասին, մեկնեցաւ Հայաստան, Արցախ, Տէր Զօր։ Լիբանան ծնած, ան Միջին Արեւելեան ներկայութիւն մըն էր, որուն գրական եւ բանաստեղծական հռչակն ալ կը թակէր նոյնիսկ լոյսերու քաղաքի՝ Փարիզի դռները։ Հպարտ հայուհի մըն էր Սոնիան, որ առանց բարդոյթի եւ վարանումի կը պաշտպանէր հայ դատը։ Ստորեւ, Մովսէս Ծիրանիի այս իւրայատուկ գրութիւնը, ի յիշատակ Սոնիա Նիկոլեանին։    

Պէյրութ, 1982, Աշուն:

Այդ օր եռուզեռի մէջ էին Զաւէն ու Սեդա Խտըշեանները, որոնք սովորութիւն ունէին տարին քանի մը անգամ լիբանանահայ արուեստագէտներ ու մտաւորականներ հրաւիրելու իրենց Պելվիուի առանձնատունը, որ քաղաքացիական պատերազմի ընթացքին համեմատաբար աւելի ապահով վայր կը համարուէր:

Վարուժան Խտըշեանին հետ ուշ հասանք: Ան նկատել տուաւ Զաւէնին.

– Այսքան մարդ ո՞ւր պիտի տեղաւորես, եաւրում:

– Մի՛ մտահոգուիր, Սեդան գիտէ իր գործը: Տակաւին Սոնիան ու Էտկարն ալ պիտի գան, ճամբան են, քիչ յետոյ կը հասնին:

Անմիջապէս հարց տուի.

– Էտկարը կը ճանչնամ, ընկերս է, յայտնի արուեստաբան Տաւիթեանը, որ L՛orient Le Jour-ի մէջ կը գրէ, չէ՞… Իսկ Սոնիան ո՞վ է:

Զաւէնին փոխարէն` Վարուժանը պատասխանեց.

– Սոնիան ալ արուեստաբան է եւ ֆրանսերէնով կը գրէ, սակայն`  La Revue du Liban – շաբաթերթի մէջ: Ինքն ալ Էտկարին նման յարգուած ու գնահատուած մտաւորական է եւ հրաշալի ֆրանսերէն գիտէ:

– Գեղեցի՞կ է:

– Օ՜ հօ՜, նորէն սկսար: Ես ի՜նչ կ՛ըսեմ, դուն ի՛նչ կը պատասխանես: Այո՛ , ոչ միայն գեղեցիկ է, այլ նաեւ ազատամիտ ու ֆրանսական կրթութիւն ստացած մէկն է: Սակայն զգուշ եղիր, շատ առաջ չերթաս ու «կաֆ» մը չընես… Նկատի առ, որ ամուսինը` Մարտիրոսը հետը կ՛ըլլայ, յայտնի ատամնաբուժ, ազնուական մարդ մը, որ նոյնպէս արուեստ կը սիրէ ու կը գնահատէ:

– Հասկցայ, բայց դուն ինչո՞ւ կը կարծես, որ յանկարծ սխալ մը կ՛ընեմ: Այսքան տարի է, որ զիրար կը ճանչնանք, տակաւին վստահութիւն չունի՞ս վրաս:

– Ի՞նչ գիտնամ, պապամ, այնճարցի ես… կ՛ընես-կ՛ընես…

Սոնիա Նիկոլեանը «La Revue Du Liban»-ի իր միջավայրին մէջ

Էտկարին ու իր կնոջ` Ռեժինէն ետք, Սոնիան ու Մարտիրոսը եւս ժամանեցին: Վարուժանն ու Զաւէնը փոխն ի փոխ ծանօթացուցին զիս այն տարբերութեամբ, որ Վարուժանը շեշտեց այնճարցի ըլլալս, իսկ Զաւէնը ներկայացուց զիս իբրեւ «Ազդակ» օրաթերթի արուեստի բաժնի պատասխանատու: Յաւուր պատշաճի կարճատեւ զրոյցէ մը ետք, ըսի.

– Վարուժանը կ՛ըսէր, որ La Revue du Liban-ի մէջ կը գրէք… Ֆրանսերէնով գրել ու հեղինակութիւն ձեռք բերելը այնքան ալ դիւրին չէ Լիբանանի մէջ:

– Այո՛, բայց նկատի առէք, որ մեծ հայրս` Մանուկ Ասլանեանն ալ ժուռնալիսթ էր: Առաջ «Ազդակ»-ի մէջ կը գրէր, յետոյ հիմնեց իր թերթը` «Ազդարար»-ը, որուն կ՛աշխատակցէին Նիկոլ Աղբալեանի եւ Նշան Պէշիկթաշլեանի նման դէմքեր: Որքան գիտեմ, «Ազդակ»-ը շատ ընթերցող ունի, լաւ է, որ «Ազդակ»-ի մէջ կը գրէք: Զաւէնը կ՛ըսէր, որ արուեստի մասին գրող քիչ կայ:

Յանկարծ Զաւէնը միջամտեց… զարմացած.

– Սպասէ՛ Սոնիա՛: Ես գիտէի, որ դուն Արշաւիր Շիրակեանի քրոջը թոռնիկն ես, բայց չէի գիտեր, որ մեծ հայրդ ալ ժուռնալիսթ եղած է… թերթ ունեցած է:

Այս անգամ հերթը իմս էր զարմանալու.

– Ի՞նչ…. իսկապէ՞ս… դո՛ւն  Արշաւիր Շիրակեանի քրոջը… թոռնի՞կը…. :

Լռեցի… : Մարտիրոսը մեղմութեամբ գրկեց զիս, որ նոյնպէս զգացուած ու միաժամանակ հպարտ կը թուէր ըլլալ… կողակիցով: Վարուժանը առիթը գտաւ իմ մուսալեռցիական «ինքնագովութիւնները» զսպելու.

– Հապա՞, ի՞նչ կը կարծես, դո՞ւք միայն կռուիլ գիտէք: Ի՞նչ է… միայն մուսալեռցիները հերոսներ տուած են…

Սոնիան շարունակեց.

Երկու ֆրանսախօս արուեստաբաններ, Սոնիա Նիկոլեան և Էտկար Տաւիթեան

– Այո՛, այո՛…: Պոլիս, մեր տունը յեղափոխականներու կեդրոն եղած է, ուր յաճախ ժողովներ կ՛ընէին: Մեծ մամաս քանի մը անգամ դուրս վռնտած է թուրք ոստիկանները… կիսաբաց կուրծքերով…

Այսպէս էր Սոնիան: Արժանի ժառանգորդն էր իր յեղափոխական տոհմին: Եւ բնաւ պատահական չէր, որ Հայաստանի անկախացումէն անմիջապէս ետք երկու անգամ մեկնեցաւ հայրենիք, հասաւ մինչեւ Արցախի առաջին դիրքերը եւ, բացի ընթացիկ յօդուածներէ, La Revue du Liban-ի գունատիպ ու ամբողջական երկու առանձին բացառիկներ նուիրեց Հայաստանին ու Արցախին: Ան ամէն տարի Ապրիլ 24-ի առիթով եւս լայն էջեր կը տրամադրէր Ցեղասպանութեան թեմային եւ կը գրէր այնքան համարձակ ու խիստ, որ ոչ միայն իր դէմ կը գրէին ու կը բողոքէին Լիբանանի թրքական դեսպանատունէն, այլ նաեւ երբեմն սպառնալիքներ կը ստանար, որոնց համար… միայն ու միայն հպարտ էր… պարզապէս:

Այո՛, թէեւ այսպէս էր Սոնիան ու աւելին, սակայն անոր աշխարհը արուեստն էր: Այդ պատճառով ալ տկարութիւն ունէր  արուեստագէտներու ու նոյնիսկ որոշ արուեստասէրներու հանդէպ: Ոչ միայն ան կրցաւ ինքզինք պարտադրել իբրեւ արուեստաբան, այլ  նաեւ օժանդակեց բազմաթիւ օժտուած արուեստագէտներու… :

Շատ չանցած` Սոնիան ծանօթացաւ նաեւ Էլոյին, ու մենք չորսով այնքան մտերմացանք, որ ի վերջոյ մեր կնքամայրը դարձաւ… այսպէս.

Երբ որոշեցինք ամուսնանալ, նախապատրաստական ոչ մէկ ընելիք ունէինք: Երկու օր ետք, երեկոյեան պիտի բարձրանայինք Էշրեֆիէի Ս. Յակոբ եկեղեցին, ուր պիտի պսակուէինք… միայն ընտանեկան պարագաներու ներկայութեան… եւ… այսքան:

Որովհետեւ ի սկզբանէ յաջորդ օրը հրաւիրուած էինք լողալու Նիկոլեաններուն քով` «Սոլեմար»… հոն գացինք: Սոնիան լողազգեստով նստած էր ծովահայեաց պատշգամը, ու La Revue du Liban-ի համար յօդուած կը պատրաստէր: Մենք եւս լողազգեստներով տեղաւորուեցանք Սոնիային մօտ, իսկ ամուսինը խոհանոց մտաւ որոշ թելադրութիւններ կատարելու աղախինին: Զրոյցի ընթացքին Սոնիայի «ի՞նչ նորութիւն » հարցին պատասխանեցի.

– Վաղը պիտի պսակուինք:

– Ի՞նչ… վա՞ղը, կատա՞կ կ՛ընես, կիրակի՞ ըսել կ՛ուզես…

– Ո՛չ, վաղը, այդպէս որոշեցինք:

– Բայց մենք լուր չունինք…

– Ոեւէ մէկը լուր չունի, քանի մը հոգիով պիտի ելլենք եկեղեցի, աղօթք մը ընենք ու… վերջ:

– Օ՜ , ուրախալի է, պրաւօ՛, լաւ բան մը կ՛ընէք, իսկ կնքահայրը ո՞վ է…

– Կնքահա՞յր, անկեղծօրէն չենք խօսած… հաւանաբար մայրս եղբայրս պիտի բերէ…

– Իսկ կնքամա՞յրը…

Սոնիա Նիկոլեան, Այնճար, 2002-ին

– Կնքամայրը ո՞րն է, առանց կնքամօր չ՛ըլլա՞ր:

– Չէ՛, չ՛ըլլար, ամօթ է: Առանց կնքամօր պսակ կ՛ըլլա՞յ… Ի՞նչ կը խօսիս:

Մինչ այդ, իմ աւանդապահ ընթերցող, ես իսկապէս չէի գիտեր, որ կնքամայրը անհրաժեշտութիւն է… Տեղւոյն վրայ որոշեցինք ու իրեն առաջարկեցինք կնքամայրութիւնը: Ան սիրով ընդունեց ու Մարտիրոսին կանչելով` ըսաւ.

– Մարիօ՜, եկուր` նայէ, Մովսէսն ու էլոն վաղը կ՛ամուսնանան եղեր, կնքամայրն ալ ես եմ… եղեր…

Մատիրոսը եկաւ ու փորձեց սրամտել.

– Ինչու մինչեւ հիմա ի՞նչ կ՛ընէին… չէի՞ն ամուսնացած… :

Սոնիան շարունակեց.

Սոնիա Նիկոլիան, դիմաքանդակը, Գործ Մ. Մազմանեանի

– Այո՛, դուք իրարու յարմար էք, երկուքդ ալ գրող, բանաստեղծ եւ արուեստաբան… հրաշալի է: Մի՛ վախնաք կեանքէն: Ես հաճոյքով  կնքամայրութիւն կ՛ընեմ ձեզի:

Եւ ըրաւ… Ան ոչ միայն խրախուսեց մեզ, այլ նաեւ օգնեց որպէսզի կարողանանք տուն տեղ ունենալ ու ընտանիք կազմել:

Այդպէս էր Սոնիան: Ծառայասէր, բայց երբեք` ծառայամիտ: Ընդհակառակը, ըմբոստ էր ու յանդուգն, բայց` ոչ քմայքոտ: Ան սկզբունքային գետնի վրայ թէեւ միշտ հարցեր կ՛ունենար խմբագրապետին` Մըլհեմ Քարամի հետ, այնուամենայնիւ, սակայն, ի հեճուկս շարք մը «մրցակիցներու», ան մինչեւ վերջ մնաց Revue du Liban-ի վաւերական աշխատակիցը: Ան չշեղեցաւ իր լրագրական ու արուեստաբանական սկզբունքներէն: Գրեց նաեւ գիրքեր, որոնք ապագային անկասկած կը գնահատուին ըստ արժանւոյն: Այս խիզախ լրագրողը որքան որ Մարդ էր, նոյնքան ալ մնաց Հայ եւ Լիբանանցի… հաւասարապէս:

Սիրելի՛ Սոնիա,

Որովհետեւ տխրութիւնը յարիր չէր նկարագիրիդ, ես դիտմամբ սկիզբէն չյայտարարեցի, որ դուն չկաս արդէն… ու ցաւէն ջրդեղուած մելանով է, որ կը գրեմ: Վերջին տարիներուն կապը կտրելէ ետք աշխարհի հետ, աւելի քան քառասուն օրեր առաջ, լուռ ու անժամանակ լքեցիր այս ցինիկ կեանքը…առյաւէտ…

Նկատի ունենալով  Լիբանանի, Հայաստանի եւ առհասարակ աշխարհի անփառունակ վիճակն ու ապագայի անորոշութիւնը, այո՛, դժուար է … նոյնիսկ Հո՜ն… Վերը եւս հանգիստ ննջելը…, սակայն դուն արդարահատոյց բազուկի մը արժանաւոր ժառանգորդն ես… կը դիմանաս ու կրնաս հանգի՜ստ սրտով ննջել` յոյսը դնելով Շիրակեաններու աւանդներով սնանած ու ամրապնդուած, մեր նոր սերունդի` Նոր Պայքարին վրայ, հիմք ունենալով հետզհետէ ուռճացող ազգային այն ներ-ՈՒԺը, որ հնարաւորութիւն կ՛ունենայ յարգանք պարտադրելու եւ արդարութիւն պահանջելու… առ որ անկ է…

– Իմ «աղու՜որ» կնքամայր:

Գրեցի նուազագոյնը: Չկրցայ գրել աւելին: Այնուամենայնիւ, վստահ եմ, որ պիտի այպանես զիս, թէ ինչո՛ւ լաւ օրերու մեր հանդիպումներու, արուեստի քննարկումներու եւ կամ զուարթ ու երգիծական բնոյթի մեր յուշերու մասին չեմ գրեր: Ատոնց հերթն ալ կու գայ… ու ես տակաւին առիթ կ՛ունենամ անդրադառնալու Մարտիրոսին, ինչպէս նաեւ շնորհալի ու բարեհամբոյր դստերդ` Սիլվիային մարդկային արժանիքներուն…

Այո՜, իմ խիզախ գրչակից… այո՛… կրնաս վստահի՛լ մեր նոր սերունդի ազգային ներուժին ու երանութեամբ մտել յաւիտենութեան սահմաններէն ներս…

 

 

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles