
Հայ երիտասարդի մը նոր ժապաւէնը դիտելու գացինք, ազգային պարտականութիւն կատարելու համար:
Արուարձանի սրահ մը: Խճողում չկար: Արմենակ եւ էլպիս մեզ հրաւիրած էին: Ինչպէս միշտ, հայու անուն տեսանք եւ ծափահարեցինք:
Ամէն բանէ տեղեակ Արմենակ ըսաւ, որ այս քաղաքին մէջ հռչակաւոր սոխապուրի ճաշարան մը կայ: Եւ մեզ հոն տարաւ: Էլպիս քիթ-բերան ըրաւ, ըսաւ.
– Սոխը ի՞նչ բան է, անոր ապուրը ի՞նչ պիտի ըլլայ, եւ ան ալ հռչակաւոր: Հռչակաւոր բաներու եւ մարդոց պէս:
Բայց գացինք: Սոխապուր վայելելու ընթացքին, Արմենակ պատմեց.
– Հայաստանի մեծ եւ պզտիկ ղեկավարները, անոնց հետեւող գրողները, երգիչները, նկարիչներ, Էյֆէլեան քաղաքի լաւագոյն տուրիստներն են, հինգը կ’երթայ, տասը կու գայ: Կարեւոր-անկարեւոր հանդիպումներ ալ կ’ունենան: Հայրենասիրական քարոզ կը խօսին, հոս կ’ուզեն մնալ, կամ կը մնան: Մին կ’ուզէ հոս դերասանական կարիէրա ընել, միւսը բուժուելու պէտք ունի:
Դժգոհ Էլպիս միջամտեց.
-Լաւ որ առատ պանիր բերին, որ համ տուաւ վարդագոյն ջուրին:
Կեդրոնականցին կիներու խօսքէն ազդուողը չէր եւ շարունակեց.
– Երկու օր առաջ վաղեմի դասընկերս, Սերկիս Սամանլըն զիս ճաշի հրաւիրեց, Հայաստանցի անձնաւորութիւններու հետ: Կա՞յ անկարեւոր տուրիստ: Խօսեցան օլիկարխներու, կոռուպցիայի, թշուառութեան եւ այլ ցաւերու մասին: Իշխանութիւնները պատէ պատ զարկին:
– Նոր բան ըսի՞ն,- հարցուցի:
– Չըսին: Պերճանքի գնումներ ըրած էին: Վաճառատուներ կան ուր մենք ոտք չենք կրնար կոխել, իրենք հասցէները գիտէին: Ազնուական կօշիկ, շապիկ: Խօսեցան ինքնաշարժերու մասին, աւտոներու: Իրենցմէ մին գերարդիական գերմանական մակնիշով նոր կառք ունէր: Չդիմացայ եւ հարցուցի, թէ երբ կը դժգոհին իրենց աշխատավարձէն, ինչպէ՞ս կը գնեն նման կառքեր: Ըսաւ՝ որ նուէր ստացած էր:
– Լաւ է, Արմենակ, մենք ալ նման նուէր ընողի ե՞րբ պիտի հանդիպինք:
– Մակա՛ր, այդպիսի նուէրը ճիշդ անուն ունի, կ’ըսեն գողութիւն կամ կաշառք: Վճարողը միշտ ժողովուրդն է: Պատճառաբանեցի, որ յատուկ գործ ունէի եւ տուն դարձայ, այս ըսածս իրենց չըսելու համար:
Էլպիս կրկին միջամտեց, եզրակացնելու համար:
– Ամուսինս երբեմն իմաստուն բաներ ալ կ’ընէ: Սոխապուրին միշտ ճաշ չ’ըսեր:
– Ի դէպ, սեղանակիցներս ըսին,- շարունակեց Արմենակ,- որ Հայաստան յաջորդ այցելութեանս շքանշան ստանայի: Հարց տուի, թէ ո՞ր գործիս եւ շնորհիս համար, ըսին թէ գործ եւ շնորհ կարեւոր չեն, ամէն մարդու կու տան, քեզի ալ կու տան:
– Ե՞րբ Հայաստան պիտի երթաս,- հարցուցի:
– Անպակաս ամեակի մը կամ յոբելեանի մը կ’երթանք: Շքանշանը թող տան իրենց հիւրընկալներուն: Ես ոչ ինքնաշարժ նուիրող եմ, ոչ հիւրընկալ:
Ըսի.
– Արմենակ, քեզի շքանշաններու հասցէ մը ըսեմ: Վերնիսաժ գնա՛, հոն սովետական հերոսներու շքանշաններ կը ծախեն: Գնէ՛, շարէ՛ կուրծքիդ, նկարէ՛, ընկեր-բարեկամի եւ իրենց ղրկէ:
– Բերեմ եւ բաժնեմ մեծանուններու, սոխապուրի ընդունելութիւններու ընթացքին, այդ ձեւով կը խնայեն երթուդարձի ծախսը… եւ անմահներու թիւը կ’աւելցնենք:
– Արմենա՛կ, օգտակար գործ կ’ընես, երկինքը տեղ չէ մնացած, հոս թող մնան… Ոգի կը պահեն: