
Թրքական աղբիւրներէ քաղելով իր լուրը, «Ասպարէզ» քանի մը օր առաջ հաղորդեց, որ թրքական շինարարական ընկերութիւն մը պայմանագրութիւն մը ապահոված է՝ Երեւանի մէջ բնակարանային շէնքեր կառուցելու համար:
Կրկնակիօրէն զարմանալի լուր մը. նախ, թուրք եւ շինարարութի՞ւն…: Արդեօք թուրքը քանդելէ զատ բան գիտէ՞: Սուրիոյ հիւսիսի իրադարձութիւնները վկայ: Յետոյ, Երեւանի մէջ շինարարութեան համար հայ կամ ուրիշ մարդ չմնա՞ց, որ թրքական ընկերութիւն մը հրաւիրուի (Հայաստանի շուկաները թրքական արտադրութիւններով ողողելն ալ չքմեղանք չի կրնար ունենալ):
Քաղաքաշինութեան նախարարութիւնը ըսեր է որ թրքական նման աշխատանքի մասին տեղեկութիւն չունի, սակայն ստուգում պիտի կատարէ Երեւանի քաղաքապետութեան մօտ: «Լուր չունինք»ը պէտք է դիտենք չքմեղանքի՞, թէ՞ կրկնակի յանցանքի ծիրին մէջ: Արդեօք քաղաքապետութիւնը ինքնագլո՞ւխ կը գործէ նման տարողութեամբ ձեռնարկի մը համար…
Յուսանք, որ ստուգումէն ետք նախարարութիւնը յայտարարէ, որ եղածը՝ թրքական լոպպազութիւն է, թէ՝ թուրքը գործ չունի եւ պէտք չէ ունենայ Երեւանի շինարարութեան ասպարէզին մէջ: Թող երթայ-շինէ իր քանդածը, իբրեւ արդար հատուցում իր ոճիրներուն մէկ մասին:
Իսկ եթէ լուսաբանութիւն չտրուի՞…