
Խրատ տուողը իմաստուն կ՛ըլլայ, կ՛ըսեն:
Նախագահ Օպամա Երեքշաբթի օր անգամ մը եւս ապացուցեց, որ իմաստուն մէկն է, որովհետեւ խրատեց Սուտանի հակամարտ կողմերը` հիւսիսցիներն ու հարաւցիները, որպէսզի վերջ տան սահմանային գօտիին վրայ շաբաթներէն ի վեր սաստկացող արիւնալի բախումներուն: “Պատերազմը, բիրտ ուժը լուծում չի բերեր“, ըսաւ հանճարեղ նախագահը, իմաստուն արտայայտութեամբ մը եւս հարստացնելով իր վաստակը:
Եթէ Լիպիոյ Քազաֆին, Աֆղանիստանի Քարզայը կամ Փաքիստանի Կիլանին նոյն խրատը տան Օպամայի, ան իրաւունք ունի պատասխանելու. “Լռեցէ՛ք, ապուշներ, դուք ի՞նչ կը հասկնաք ատանկ բաներէ“: Ատոնք ու նմանները ապուշ են, հետեւաբար, անոնց խրատը ազդու չի կրնար ըլլալ, տեղ չի հասնիր:
Խրատ տալու համար, իմաստուն պէտք է ըլլաս: Եթէ իմաստունի վարկ շահեր ես, իրաւունք ունիս տուած խրատիդ հակառակը ընելու, մարդ բան չ՛ըսեր: Իմաստունի վարկդ ամենափրկիչ է…
Ս.Մ.