
Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
31 Մայիս 2021
Պատանութեան օրերէս ունիմ շատ սիրելի ու սրտամօտ ընկեր մը, որուն հետ յաճախ զրուցած ենք եւ կը զրուցենք Լիբանանի, Հայաստանի եւ ընդհանրապէս Հայաստանի տագնապներուն մասին: Երբեմն մեր զրոյցները աւարտի մը կը հասնին իր մէկ սեղմ խօսքով. «Եթէ հասկնաս՝ կու լաս»: Նման արտայայտութիւն կ’ունենանք՝ երբ մենք մեզ կը գտնենք ծիծաղելի վիճակի դիմաց, սակայն անոր խորքին կայ թաքուն ողբերգութիւն մը, զոր տեսնել-զգալը… դժուար չէ:
Այս խօսքը դարձեալ մտաբերեցի Երկուշաբթի, 31 Մայիսի առաւօտուն, երբ Հայաստանի լրատու աղբիւրներէն լսեցի արտաքին գործոց նախարարին հրաժարականին կարգ մը արձագանգները: Մարդը (այս տողերով չեմ ուզեր փառաբանել զինք), նախարարութեան անձնակազմին հրաժեշտ տալու պահուն, առանց բառերը ծամծմելու, պարզ եւ յստակ բառերով ըսած է, թէ հրաժարած է՝ որովհետեւ անընդունելի կը գտնէ, որ իր նախարարութիւնը գտնուի Սահմանադրութիւնը, ազգային ու պետական շահերը եւ երկրի անկախութիւնը անտեսողի, անոնց վնաս հասցնողի ընթացքի մէջ: (Ի դէպ, 44-օրեայ պատերազմէն ետք, Զոհրապ Մնացանեանն ալ նման նշումներ ըրած էր, սակայն աւելի «քաղաքավար» մնալով, այլ նախարարներ ալ հրաժեշտ տուին «թաւշեայ-քալող»-ին, իսկ Այվազեանէն ետք, արդէն նախարարութեան հրաժեշտ տուած են այլ «հաւատարիմ»-ներ՝ բանբերն ու փոխ նախարար մը):
Եւ յանկարծ, հրաժարեալ վարչապետին բանբերը կ’ըսէ, որ հրաժարականը …անհասկնալի է, Այվազեան պէտք է լուսաբանէ թէ ո՞վ եւ ինչպէ՞ս կը վնասէ Հայաստանի շահերուն: «Իմքայլականներ»-ու ղեկավար հռչակուածն ալ անհասկնալի կը գտնէ հրաժարականը, իսկ ներկայ իշխանութեան ընդդիմադիրի դիմակը հագած՝ «Լուսաւոր Հայաստան»-ի ղեկավարն ալ զարմանալի կը գտնէ հրաժարականը, եւ այժմու պայմաններուն մէջ վնասակար կը գտնէ նման քայլ:
Ի սէր Աստուծոյ, մարդոց ըսածին մէջ ի՞նչ անհասկնալի բան կայ: Ինչպէ՞ս հարց չտամ. «Եթէ հասկնան, կու լան…»: Իսկ եթէ ես ալ հասկնամ, որ այս ջոջերուն հասկնալու կարողութիւնը որքա՛ն բթացած է (վստահ եմ ընթերցողս հասկցած է շատոնց), ես ալ կու լամ:
***
«Քալողներ»-ու լեզուագէտ շէֆուհին յայտարարած է, որ Սիւնիքի վրայով միջանցք ունենալու Ալիեւի յայտարարութիւնները (որոնք կը կրկնուին ամէն օր) անկարեւոր են, կարեւորը այն է, որ Փաշինեան նման ծրագիրի դէմ է (ո՞ր հայը դէմ չէ որ…): Հոս ալ ըսենք. «Եթէ հասկնայ՝ կու լայ», որովհետեւ Ալիեւի ըսածներն (սպառնալիքներ) ու ըրածները (թշնամական արարքներ) կոյրեր եւ խուլեր կը գտնեն Հայաստանի «վերին խաւեր»-ուն մէջ, հանրութիւնը (իբրեւ թէ) կը մխիթարեն «սահմանային գօտին խաղաղ ու ապահով է» խօսքերով, (Ատրպէյճանն ալ նոյնը կ’ընէ եւ… խաղաղարարի շքանշաններ կը շահի), իսկ մարդիկ արդէն հասկցած են եւ անընդհատ կու լան, ի լուր հրաժարեալ վարչապետին՝ «այսպէս պիտի չընեմ» խօսքերէն ետք, «ըրի-գնաց» քայլերուն ի տես:
Իրաւունք ունի՞նք մոռնալու, որ Արցախը պիտի չտար, բայց մեծ մասը տուաւ-գնաց, «Սիւնիքը ապահով է» տեսութիւնն ալ սնանկ դուրս եկաւ, շղթային վրայ ամէն քայլափոխի օղակներ կ’աւելնան, Գեղարքունիքէն մինչեւ Տաւուշ…
***
Հասկացողութիւն (եւ արցունք) պահանջող այլ իրականութիւն մըն ալ. հրաժարեալ վարչապետը, չպաշտօնականացած ընտրապայքարի բնոյթով շրջապտոյտին ընթացքին, յայտարարած է. «Պարտուած ենք եւ հպարտ ենք…»: Թող մէկը չփորձէ ըսել, որ յայտարարութիւնը իր բովանդակութենէն դուրս կ’առնուի:
***
Նոյն օրը, լրատու աղբիւրները պայթեցուցին այլ ողբերգական լուր մը (եւ առողջապահութեան նախարարութիւնը, ըստ նորագոյն սովորութեան, ստիպուեցաւ խոստովանիլ իրականութիւնը): Պատերազմի օրերուն զոհ գացած բազմաթիւ զինուորներու դիակները իրողապէս անխնամ մնացած են ամիսներէ ի վեր. թէեւ ստուգումներ եղած են, սակայն աճիւնները ծնողներուն չեն յանձնուած: Սա հրապարակային բողոքի նոր քայլերու մղած է որդեկոյսներն ու հարազատներ կորսնցնողները (այս կալուածը քաղաքական խաղաքարտ չէ, պէտք չէ խաղաքարտի վերածուի. Հոս կայ ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ահաւոր տագնապ մը… հասկցող-լացողին համար): Հրապարակուած ու իրական թիւներուն միջեւ կան մեծ տարբերութիւններ (հո՞ս ալ պետական գաղտնիքներ կան արդեօք): Անվերադարձ գերիներուն եւ անոնց վրայ վերջերս աւելցածներուն բազմայարկ ողբերգութեան վրայ գումարուած է դարակը պահուած այս ողբերգութիւնը. կարեւո՞ր չէ, թէ ի՞նչ պատճառով կամ նպատակով (անհասկնալի հոգածութի՞ւն, կազմակերպական համբակութի՞ւն, թէ՞…):
Հոս այլեւս չենք կրնար ըսել. «Եթէ հասկնաս՝ կու լաս»: Երբ ողբերգութիւնները ամէն օր նոր արարներ բեմ կը բերեն, մե՞ղք գործած կ’ըլլանք, եթէ յիշենք «Արցունքի հովիտը»…